Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբը Կոչ Ուղղեց Արաբական Լիկայի Վեհաժողովին` Կոլանի Մասին Թրամփի Որոշումին Դէմ Յստակ Կեցուածք Ճշդելու
Արտաքին եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբը երէկ նախագահութեամբ երեսփոխան Եասին Ժապերի եւ ներկայութեամբ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի եւ երեսփոխաններ Իպրահիմ Ազարի, Իպրահիմ Մուսաուիի, Սամի Ֆաթֆաթի, Ալի Պեզզիի, Ֆարիտ Պուսթանիի, Միշել Մուսայի, Հանրի Շտիտի եւ Նաամաթ Աֆրամի, գումարեց իր ընթացիկ նիստը: Նիստին ընթացքին յանձնախումբը քննարկեց ներկայ իրադարձութիւնները, որոնց կարգին նաեւ Կոլանը իբրեւ իսրայէլեան գերիշխանութեան մաս ճանչցող Միացեալ...


















