Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ի. Սաղաթէլեան. «Որեւէ Դատավարութեան Արդիւնքներուն Նկատմամբ Հասարակութիւնը Կասկածներ Պէտք Չէ Ունենայ»

Մայիս 16, 2019
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հասարակութեան, ինչպէս նաեւ  լրատուամիջոցներուն ուշադրութիւնը այս օրերուն գրաւած է մարտ 1-ի գործով դատավարութիւնը, որուն մասին տարբեր մեկնաբանութիւններ կը կատարուին: «Առաջին լրատուական»-ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան հաստատած է, որ դատավարութեան ընթացքը նաեւ ՀՅԴ-ի ուշադրութեան արժանացած է: «Հակառակ այն հանգամանքին, որ յայտարարուեցաւ, թէ մարտ 1-ի զոհերու մեղաւորներուն հարցը բացայայտուած է, այս պահուն, փաստօրէն, զոհերու մեղաւորներուն հարցը չի քննուիր դատարանին մէջ: Բնականաբար կ՛ուզէինք, որ նշուած հանգամանքը քննուէր նախ եւ առաջ: Մեր ուշադրութեան կիզակէտը պիտի պահենք դատավարական ընթացքը, պիտի հետեւինք ու մեր տեսակէտները պարբերաբար պիտի արտայայտենք», նշած է ան:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ՀՅԴ-ն արդեօք չէ՞ հետաքրքրուած` սահմանադրական կարգի տապալում եղա՞ծ է, թէ՞ ոչ, Սաղաթէլեան ըսած է. «Ի հարկէ հետաքրքրուած է, ասիկա քաղաքական պարունակ ունի: Տակաւին ամրան մենք յայտարարեցինք` անհրաժեշտ է, որ Ռոպերթ Քոչարեանին առաջադրուած մեղադրանքը իրաւաչափ ըլլայ, եւ ընդհանրապէս մեր երկրին մէջ տեղի ունեցող որեւէ դատավարութեան արդիւնքներուն առնչութեամբ մեր հասարակութիւնը պէտք չէ որեւէ կասկած ունենայ»:

Անդրադառնալով այն դիտարկման, որ Դաշնակցութիւնը ժամանակին վատ յարաբերութիւններ չէ ունեցած Ռ. Քոչարեանի հետ, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչը ընդգծած է, որ Ռ. Քոչարեանի իշխանութեան տարիներուն ՀՅԴ-ն համագործակցած է անոր հետ. «Այդ համագործակցութիւնը արդիւնքներ ունեցած է մեր երկրին համար: Ներկայ դրութեամբ մեր օրակարգին վրայ Ռոպերթ Քոչարեանին աջակցելու կամ չաջակցելու խնդիր չէ դրուած: Մենք կը հետեւինք դատավարութեան եւ մինչ այդ հանդէս կու գանք քաղաքական գնահատականներով»:

Նախորդը

Ֆրանսա – Արցախ Բարեկամութեան Շրջանակը Յայտարարութիւն Հրապարակած Է Հրադադարի Համաձայնագիրի 25-ամեակին Առիթով

Յաջորդը

Նիկոլ Փաշինեանը Հանդիպում Ունեցած Է Չինաստանի Վարչապետին Հետ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Շարմ Շէյխի Հրաւիրեալները
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Շարմ Շէյխի Հրաւիրեալները

Հոկտեմբեր 14, 2025
Թրամփ. «Կազայի Համաձայնութեան Երկրորդ Փուլի Շուրջ Բանակցութիւնները Սկսան»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կազայի Համաձայնութեան Երկրորդ Փուլի Շուրջ Բանակցութիւնները Սկսան»

Հոկտեմբեր 14, 2025
Իսրայէլեան Քնեսեթին Առջեւ Խօսք Արտասանելով`  «Ասիկա Նոր Միջին Արեւելքի Պատմական Արշալոյսն Է. Բարեկամութեան Ձեռքը Երկարած Ենք Իրանին»  Յայտարարեց Թրամփ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Քնեսեթին Առջեւ Խօսք Արտասանելով` «Ասիկա Նոր Միջին Արեւելքի Պատմական Արշալոյսն Է. Բարեկամութեան Ձեռքը Երկարած Ենք Իրանին» Յայտարարեց Թրամփ

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?