Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ-ի Ներկայացուցիչները Հանդիպում  Ունեցած Են Հայաստանի Մէջ Իրանի Դեսպանին Հետ

ՀՅԴ Երեւանի Քաղաքային Կոմիտէի Յայտարարութիւնը

Երէկ ՀՅԴ Երեւանի քաղաքային կոմիտէն հրապարակեց հետեւեալ յայտարարութիւնը. ՀՅԴ Երեւանի քաղաքային կոմիտէն մտահոգ է այս օրերին Երեւանի քաղաքապետարանի կողմից իրականացուող գործողութիւնների կապակցութեամբ: Մենք կողմ ենք քաղաքի կեդրոնում կանաչ տարածքների վերականգնմանը, սակայն քաղաքային իշխանութիւնների թիրախաւորուած շտապողականութիւնը եւ շահեր ձեռք ձգելու բացայայտ ամբոխավարական քայլերը` կանաչ տարածքների վերականգնման քողի տակ, մեզ անհանգստացնում են: Գնահատելի կը լինէր, եթէ քաղաքային իշխանութիւնները նոյն ջանասիրութեամբ լծուէին մեր...

Արցախի Պետական Նախարար  Գրիգորի Մարտիրոսեան Լիբանանի Մէջ

Արցախի Պետական Նախարար Գրիգորի Մարտիրոսեան Լիբանանի Մէջ

16 մարտ 2019-ին սկսաւ Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարար Գրիգորի Մարտիրոսեանի Լիբանան այցելութիւնը: Պետական նախարարին կ՛ընկերակցի Արցախի Շահումեան շրջանի վարչակազմի ղեկավար Գագիկ Մարտիրոսեան: Պետական նախարար Մարտիրոսեանի առաջին հանդիպումը եղաւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեանին եւ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան աշխատակազմին հետ: Հանդիպման ներկայ էր «Արցախ ռուց ինվեսթմընթ» ներդրումային ծրագիրներու կազմակերպութեան ներկայացուցիչ Բենիամին Պչաքճեան: Հանդիպումներուն ներկայ էր նաեւ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ...

Ահաբեկչական Յարձակումին Առիթով.  Նախագահ Սարգսեան Ցաւակցական Հեռագիր Յղած Է  Նոր Զելանտայի Կառավարիչ Փաթսի Ռետիին

Ահաբեկչական Յարձակումին Առիթով. Նախագահ Սարգսեան Ցաւակցական Հեռագիր Յղած Է Նոր Զելանտայի Կառավարիչ Փաթսի Ռետիին

Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան ցաւակցական հեռագիր յղած է Նոր Զելանտայի կառավարիչ Փաթսի Ռետիին` Նոր Զելանտայի Քրայսթչըրչ քաղաքի մզկիթներուն մէջ  տեղի ունեցած ահաբեկչական յարձակումին առիթով, որ բազմաթիւ  զոհեր խլած է: «Դատապարտելով ահաբեկչութեան որեւէ դրսեւորում` այս ծանր պահուն կը կիսեմ ձեր եւ Նոր Զելանտայի ժողովուրդին վիշտը: Անկեղծ վշտակցութիւնս կը յայտնեմ զոհերու հարազատներուն` մաղթելով տոկունութիւն եւ ոգիի արիութիւն, իսկ վիրաւորներուն` շուտափոյթ ապաքինում», նշուած...

Նախագահ Սարգսեան Եւ Համաշխարհային  Դրամատան Փոխնախագահը Կարեւոր Նկատած Են  «Երկրի Գործընկերութեան Շրջանակ»  Ռազմավարական Փաստաթուղթը

Նախագահ Սարգսեան Եւ Համաշխարհային Դրամատան Փոխնախագահը Կարեւոր Նկատած Են «Երկրի Գործընկերութեան Շրջանակ» Ռազմավարական Փաստաթուղթը

Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան երէկ ընդունած է Համաշխարհային դրամատան Եւրոպայի եւ Կեդրոնական Ասիոյ շրջանի փոխնախագահ Սիրիլ Միւլլերի գլխաւորած պատուիրակութիւնը: Այս մասին կը յայտնեն Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն: Նշելով, որ Համաշխարհային դրամատունն ու Հայաստանը ունին գործընկերութեան հարուստ պատմութիւն` Համաշխարհային դրամատան փոխնախագահ Միւլլեր յիշած է Արմէն Սարգսեանին հետ իրենց հանդիպումը դեռ 1996-ին: Այդ ժամանակ ինքն էր, որ Հայաստանի...

Աշոտ Ղուլեան Ներկայացուցած Է Հոլանտա  Եւ Պելճիքա Կատարած  Այցելութիւններուն Արդիւնքները

Աշոտ Ղուլեան Ներկայացուցած Է Հոլանտա Եւ Պելճիքա Կատարած Այցելութիւններուն Արդիւնքները

15 մարտին տեղի ունեցած է Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեանի մամլոյ ասուլիսը` Հոլանտա եւ Պելճիքա կատարած այցելութեան եւ ունեցած հանդիպումներուն արդիւնքներուն մասին: Այս լուրը հաղորդած է Արցախի Ազգային ժողովի լրատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու բաժինը: Խորհրդարանի նախագահը առանձնացուցած է այցելութեան հիմնական ուղղութիւնները` Հոլանտայի մէջ Ներկայացուցիչներու տան խումբ մը երեսփոխաններու հետ հանդիպում, Եւրոպական խորհրդարանին մէջ կազմակերպուած «Հայատեացութիւն. պատմական եւ արդի դրսեւորումները»...

Մնացականեան. «Արցախին` Բանակցութիւններու  Սեղան Վերադարձը Չի Կրնար Զանոնք Փակուղի Տանիլ»

Մնացականեան. «Արցախին` Բանակցութիւններու Սեղան Վերադարձը Չի Կրնար Զանոնք Փակուղի Տանիլ»

15 մարտին Ազգային ժողովին մէջ լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան` անդրադառնալով Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի այն յայտարարութեան, թէ բանակցային ձեւաչափի փոփոխութիւնը անընդունելի է` ըսած է. «Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման բանակցութիւններու սեղան Արցախի Հանրապետութեան վերադարձը չի կրնար զայն փակուղի մտցնել»: «Մենք պիտի չընենք բան մը, որ փակուղի կը տանի, որովհետեւ մենք կը մնանք տագնապի խաղաղ...

Լիբանան Կը Դատապարտէ  Նոր Զելանտայի Ահաբեկչական Արարքը

Լիբանան Կը Դատապարտէ Նոր Զելանտայի Ահաբեկչական Արարքը

Լիբանանի իշխանութեան պետեր, հոգեւոր պետեր, ինչպէս նաեւ քաղաքական պաշտօնատարներ ու կուսակցութիւններ երէկ խստիւ դատապարտեցին Նոր Զելանտայի մզկիթներուն դէմ գործուած ահաբեկչական արարքը, որ պատճառեց 49 զոհ եւ վիրաւորեց 20 ուրիշներ: Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ ցաւակցական հեռագիր մը յղեց Նոր Զելանտայի վարչապետին` դատապարտելով մզկիթներուն մէջ աղօթող քաղաքայիններուն դէմ գործուած ահաբեկչական գործողութեան դէմ: Նախագահ Աուն ցաւակցութիւն յայտնեց ինկած զոհերու ընտանիքներուն: Խորհրդարանի...

Ակնարկ.  Համակարգում Իտլիպի Մէջ`  Վերահսկողութեան  Եւ Արտօնութեան Միջեւ

Ակնարկ. Համակարգում Իտլիպի Մէջ` Վերահսկողութեան Եւ Արտօնութեան Միջեւ

Մոսկուա-Անգարա պաշտպանութեան գերատեսչութիւններու պետերու միջեւ կնքուած համաձայնագիրի շրջագիծին մէջ, ըստ Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարին, սուրիական Իտլիպի մէջ կը հաստատուի գործողութիւններու համակարգման կեդրոն: Տարի մը առաջ ստորագրուած էր Իտլիպը ապառազմականացուած գօտիի վերածելու մասին համաձայնագիրը երկու երկիրներուն միջեւ: Այդ համաձայնագիրին հետեւողութեամբ է փաստօրէն նոր առաջադրանքը: Հիմա կը բխի հետեւեալ հարցադրումը. համաձայնութիւնը կը վերաբերէր ապառազմականացնելուն: Ապառազմականացման համար կար անշուշտ քաղաքական երկու հիմնական ընկալում: Ռուսական...

«Հայաստանը Եւ Վրաստանը Մեծ Ներուժ  Ունին` Ըլլալու Զարգացած Եւ Հզօր Երկիրներ»  Կ՛ըսէ Սալոմէ Զուրապիշվիլի

«Հայաստանը Եւ Վրաստանը Մեծ Ներուժ Ունին` Ըլլալու Զարգացած Եւ Հզօր Երկիրներ» Կ՛ըսէ Սալոմէ Զուրապիշվիլի

Պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստան գտնուող Վրաստանի նախագահ Սալոմէ Զուրապիշվիլիի ի պատիւ 13 մարտին Հայաստանի նախագահի նստավայրին մէջ տեղի ունեցած է ճաշ: Այս այցելութեան առիթով արտասանած իր խօսքին մէջ Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեան անդրադարձած է հայ եւ վրացի ժողովուրդներու բարեկամութեան դարաւոր ակունքներուն` դիտել տալով, որ թէեւ երկու ժողովուրդները դարերու ընթացքին անցած են տարբեր փորձառութիւններու բովով, սակայն զանոնք միաւորած է ընդհանուր պատմութիւնը եւ...

Նախագահ Սարգսեան. «Հայաստան Պատրաստ Է  ԵԽԽՎ-ի Դիտորդական Յանձնաժողովին Հետ  Շարունակելու Բաց Եւ Անկեղծ Երկխօսութիւնը»

Նախագահ Սարգսեան. «Հայաստան Պատրաստ Է ԵԽԽՎ-ի Դիտորդական Յանձնաժողովին Հետ Շարունակելու Բաց Եւ Անկեղծ Երկխօսութիւնը»

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան 14 մարտին ընդունած են Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) Դիտորդական յանձնաժողովի Հայաստանի համազեկուցողներ  Եուլիա Լովոչքինան ու Անտրէյ Շիրցելը: Նախագահին հետ կայացած հանդիպումին ան Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութեան ամրապնդման իմաստով կարեւոր նկատած է ԵԽԽՎ-ի դիտորդական հոլովոյթը եւ ընդգծած, որ Հայաստան պատրաստ է կառոյցին հետ շարունակելու բաց ու անկեղծ երկխօսութիւնը: Ա....

Դաւիթ Տօնոյեան Ընդունած Է ՕԹԱՆ-ի  Ընդհանուր Քարտուղարի  Յատուկ Ներկայացուցիչը

Դաւիթ Տօնոյեան Ընդունած Է ՕԹԱՆ-ի Ընդհանուր Քարտուղարի Յատուկ Ներկայացուցիչը

14 մարտին Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան ընդունած է ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղարի կիներու, խաղաղութեան եւ անվտանգութեան հարցերով յատուկ ներկայացուցիչ Քլեր Հաթչինսընը: Հանդիպումի ընթացքին քննարկուած են Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժերուն մէջ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի «Կիներ, խաղաղութիւն եւ անվտանգութիւն» 1325 բանաձեւի դրոյթներու իրականացման առնչուող հարցեր: Հայաստանի  պաշտպանութեան նախարարը ներկայացուցած է Հայաստանի  կառավարութեան կողմէ հաստատուած ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի 1325 բանաձեւին վերաբերեալ Հայաստանի...

«Հայ Մամուլի Տարուան» Առիթով.  Առաջնորդ Սրբազանը Հանդիպում Մը Ունեցաւ Լիբանանահայ Օրաթերթերու Ներկայացուցիչներուն Հետ

«Հայ Մամուլի Տարուան» Առիթով. Առաջնորդ Սրբազանը Հանդիպում Մը Ունեցաւ Լիբանանահայ Օրաթերթերու Ներկայացուցիչներուն Հետ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. հայրապետին կողմէ «2019. Հայ մամուլի տարի» հռչակուելուն առիթով, հինգշաբթի, 14 մարտ 2019-ին, յետմիջօրէի ժամը 5:00-ին, Լիբանանի հայոց առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոս Ազգային առաջնորդարանին մէջ ընդունեց լիբանանահայ երեք օրաթերթերու տնօրէնները` «Ազդակ»-էն Շահան Գանտահարեանը, «Զարթօնք»-էն Սեւակ Յակոբեանը եւ «Արարատ»-էն Անի Եփրեմեանը: Այս առիթով, առաջնորդ սրբազանը պատասխանատու խմբագիրներուն հետ քննարկեց «Հայ մամուլի տարուան» առիթով շարք մը նախաձեռնութիւններուն կարելիութիւնները: Հետագային...

Հայաստան Տուած Պաշտօնական  Այցելութեան Ընթացքին.  «Վրաստանի Համար Կարեւոր Է, Որ Իր Տարածք  Չտեղափոխուի Շրջանին Մէջ Առկայ Տագնապը»  Ըսաւ Վրաստանի Նախագահը

Հայաստան Տուած Պաշտօնական Այցելութեան Ընթացքին. «Վրաստանի Համար Կարեւոր Է, Որ Իր Տարածք Չտեղափոխուի Շրջանին Մէջ Առկայ Տագնապը» Ըսաւ Վրաստանի Նախագահը

Վրաստանի նախագահի պաշտօնական այցելութեան շրջագիծին մէջ, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի նստավայրին մէջ, երէկ  տեղի ունեցած է երկու երկիրներու նախագահներու գլխաւորած պատուիրակութիւններու հանդիպումը` ընդլայնուած կազմով: Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեան ողջունած է Վրաստանի նախագահ Սալոմէ Զուրապիշվիլիի առաջին պաշտօնական այցելութիւնը Հայաստան: Ան նշած է, որ երկու ժողովուրդներու պատմութիւնը այսօր համատեղուած է անոնց ունեցած ապագայի ներուժով: Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեան եւ Վրաստանի նախագահ Սալոմէ Զուրապիշվիլի...

Փաշինեան Հանդիպում Ունեցած Է  ԵԱՀԿ Գործող Նախագահին Հետ

Փաշինեան Հանդիպում Ունեցած Է ԵԱՀԿ Գործող Նախագահին Հետ

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունած է ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահ, Սլովաքիոյ արտաքին գործոց նախարար Միրոսլաւ Լայչաքը: Հանդիպումին մասնակցած են նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան եւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիք: Ողջունելով Միրոսլաւ Լայչաքի այցելութիւնը` վարչապետ Փաշինեան նշած է, որ Հայաստանը կարեւոր կը նկատէ ԵԱՀԿ-ի դերակատարութիւնը շրջանին մէջ անվտանգութեան ապահովման, մարդու իրաւունքներու  պաշտպանութեան եւ կայուն զարգացման խթանման գործին...

Անդրադառնալով Ազգային Համաձայնութեան  Կառավարութիւնը Լքելու Մասին Լուրերուն`  «Ասիկա Հերթական Ապատեղեկատուութիւնն Է»  Կ՛ըսէ Արսէն Համբարձումեան

Արսէն Համբարձումեան. «Պէտք Է Յստակացնենք Մեր Գործողութիւնները Թէ՛ Զինուորական, Թէ՛ Դիւանագիտական Ճակատներուն Վրայ»

Թէեւ իշխանութեան որոշ ներկայացուցիչներ կը փորձէին տպաւորութիւն ստեղծել, որ Մատրիտեան սկզբունքներու հարց օրակարգի վրայ չկայ, սակայն իրականութիւնը այլ է, անոնք տակաւին կան, հետեւաբար այս առումով ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու  յայտարարութիւնը անսպասելի պէտք չէ նկատել: Այս մասին «Նիուզ»-ի  հետ զրոյցի մը ընթացքին նշեց ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Արսէն Համբարձումեան: Ըստ անոր, ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու  յայտարարութեան կշռոյթը եւ անոր մէջ տեղ գտած...

Սուրիական Բանակը Կը Շարունակէ  Հրթիռակոծել Իտլիպի Մէջ Ահաբեկչական  Խմբաւորումներու Դիրքերը

Սուրիական Բանակը Կը Շարունակէ Հրթիռակոծել Իտլիպի Մէջ Ահաբեկչական Խմբաւորումներու Դիրքերը

Սուրիոյ պետական ՍԱՆԱ լրատու գործակալութիւնը երէկ հաղորդեց, որ սուրիական բանակը հրթիռակոծած եւ ռմբակոծած է Իտլիպի հարաւարեւելեան գիւղական շրջանի Մաար Հիրմաթել Խուին, Զարզուր եւ Թամանիհա գիւղերուն մէջ գտնուող զինեալ խմբաւորումները: ՍԱՆԱ յիշեցուց, որ բանակը մէկ օր առաջ Իտլիպի հարաւային գիւղական շրջանին մէջ հրթիռակոծելով ոչնչացուցած էր Ժապհաթ Նուսրայէն զինեալ խումբեր եւ քանդած անոնց մեքենաները:

Դեսպան Վահագն Աթաբէկեան Այցելեց Պուրճ Համուտի Քաղաքապետարան

Դեսպան Վահագն Աթաբէկեան Այցելեց Պուրճ Համուտի Քաղաքապետարան

Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Վահագն Աթաբէկեան չորեքշաբթի, 13 մարտի կէսօրին, դեսպանատունէն պատուիրակութեան մը ընկերակցութեամբ այցելեց Պուրճ Համուտի քաղաքապետարան, ուր հանդիպում մը ունեցաւ քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանի, քաղաքապետական խորհուրդի անդամներու եւ քաղաքապետարանի պատասխանատուներու հետ: Դեսպան Աթաբէկեան ուրախութիւն յայտնեց Պուրճ Համուտ եւ անոր քաղաքապետութիւնը այցելելուն համար: Ան հաստատեց լիբանանահայութեան եւ Պուրճ Համուտի յատուկ կարեւորութիւնը: Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայացուցիչի հանգամանքով Լիբանանի...

«Մենք Այն Կուսակցութիւնն Ենք,  Որ Մեր Ժողովուրդը Կը Տեսնէ Միացած`  Մէկ Ժողովուրդ, Մէկ Հայրենիք, Մէկ Դատ»  Հաստատեց Յակոբ Տէր Խաչատուրեան

«Մենք Այն Կուսակցութիւնն Ենք, Որ Մեր Ժողովուրդը Կը Տեսնէ Միացած` Մէկ Ժողովուրդ, Մէկ Հայրենիք, Մէկ Դատ» Հաստատեց Յակոբ Տէր Խաչատուրեան

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին հրաւէրով, երէկ` երեքշաբթի, 12 մարտ 2019-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Մարաշի հայրենակցական միութեան «Գերմանիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում-ընդունելութիւն` ՀՅԴ Բիւրոյի նորընտիր ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի հետ: Հրաւիրուած էին տարբեր յարանուանութիւններու, միութիւններու, կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, քաղաքական, կրթական ու մշակութային մարզերու պատասխանատուներ եւ Դաշնակցութեան զանազան ծրագիրներուն աջակցող բարեկամներ: ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին խօսքը արտասանեց Յակոբ Հաւաթեան, որ անդրադարձաւ ՀՅԴ-ի...

Յակոբ Տէր Խաչատուրեան Այցելեց  Պուրճ Համուտի Քաղաքապետարան

Յակոբ Տէր Խաչատուրեան Այցելեց Պուրճ Համուտի Քաղաքապետարան

ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան երէկ` երեքշաբթի, 12 մարտի կէսօրին պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարան, ուր հանդիպում ունեցաւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանին եւ քաղաքապետական խորհուրդի անդամներուն հետ: Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան ընդհանուր գիծերու մէջ ներկայացուց քաղաքապետութիւնը, ծանօթացուց քաղաքապետական խորհուրդի անդամները, շրջանին մէջ կատարուած աշխատանքներու ընդհանուր պատկերացումը տուաւ: Յակոբ Տէր Խաչատուրեան ուրախութիւն յայտնեց գտնուելու քաղաքապետարանին մէջ...

Ստեփանակերտի Մէջ Տեղի Ունեցաւ  Հայաստանի Եւ Արցախի Անվտանգութեան  Խորհուրդներու Միացեալ Նիստը

Ստեփանակերտի Մէջ Տեղի Ունեցաւ Հայաստանի Եւ Արցախի Անվտանգութեան Խորհուրդներու Միացեալ Նիստը

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանի համանախագահութեամբ երէկ Ստեփանակերտի մէջ  տեղի ունեցաւ Հայաստանի եւ Արցախի Անվտանգութեան խորհուրդներու միացեալ նիստը: Օրակարգի հիմնական նիւթը կը վերաբերէր Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման հոլովոյթին մէջ ներկայ իրավիճակի միացեալ գնահատման եւ համակարգուած գործողութիւններու ուրուագծման, ըսուած է Հայաստանի վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութեան հաղորդագրութեան մէջ: Փաշինեան եւ Սահակեան մինչեւ օրակարգային...

Page 503 of 797 1 … 502 503 504 … 797

Արխիւներ