16 մայիսին «Արամ Մանուկեան» կեդրոնին մէջ, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինին նախաձեռնութեամբ, տեղի ունեցաւ հանդիպում Հայաստանի մարզային կառոյցներուն եւ կոմիտէներուն հետ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան կազմակերպական հարցեր, անդրադարձ կատարուեցաւ օրուան քաղաքական հարցերուն, առկայ խնդիրներուն ու մարտահրաւէրներուն:
ՀՅԴ Հայաստանի կառոյցի Գերագոյն ժողովի որոշումներուն, մշակած ռազմավարութեան եւ մարտավարութեան լոյսին տակ սահմանուեցան ՀՅԴ Հայաստանի կառոյցին յառաջիկայի աշխատանքները: