Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նիկոլ Փաշինեանը Հանդիպում Ունեցած Է Չինաստանի Վարչապետին Հետ

May 16, 2019
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Չինաստան գտնուող Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հանդիպում ունեցած է Չինաստանի վարչապետ Լի Քեցեանի հետ:

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետը շնորհակալութիւն յայտնած է ջերմ ընդունելութեան համար եւ նշած, որ հանդիպումը լաւ առիթ է համագործակցութեան հարցեր եւ հետագայ ծրագիրներ քննարկելու:

«Շատ ուրախ եմ այս հանդիպումին համար: Ասիական քաղաքակրթութիւններու երկխօսութեան համաժողովը շատ կարեւոր է մեզի համար: Շատ կարեւոր նախաձեռնութիւն է: Կայացաւ համաժողովի բացումը, որ շատ տպաւորիչ էր: Այս համաժողովը լաւ կարելիութիւն է քննարկելու հետագայ համագործակցութեան հարցերը: Հայաստանն ու Չինաստանը ունին ընդհանուր շահեր: Կը կարծեմ, թէ այս այցելութիւնը նոր խթան պիտի ըլլայ աշխատելու այն ծրագիրներուն շուրջ, որոնց մէջ ներկայացուած են Հայաստանի ու Չինաստանի շահերը», ըսած է Նիկոլ Փաշինեան:

Մասնակցութիւն` «Ասիական Քաղաքակրթութիւններու Երկխօսութիւն» Խորագիրով Համաժողովին

Չինաստանի մայրաքաղաք Պէյճինկի Ազգային յանձնաժողովներու կեդրոնին մէջ կայացած «Ասիական քաղաքակրթութիւններու երկխօսութիւն» խորագիրով համաժողովին 40-է աւելի երկիրներու առաջնորդներու, բարձրաստիճան պաշտօնեաներու կարգին իր մասնակցութիւնը բերած է նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:

Նիկոլ Փաշինեան իր ելոյթին մէջ նշած է, որ մեծ պատիւ է գտնուիլ հնագոյն քաղաքակրթութեան օրրան Չինաստանի մէջ. «Հայաստանի եւ հայկական սփիւռքին մէջ հայերը պատմականօրէն դաւանած են այնպիսի աշխարհահայեացք, որ միշտ բաց եղած է տարբեր մշակոյթներու, աւանդութիւններու եւ կրօններու հետ փոխադարձ գործակցութեան համար: Ինչպէս կը նշէ գերմանացի մեծ փիլիսոփայ Էմմանուէլ Քանթը, կը մէջբերեմ. «Քրիստոնեայ ազգերուն մէջ հայերը յստակ առեւտրական ոգի ունին, անոնք Չինաստանի սահմաններէն կ’անցնին Կինէայի ափ` առեւտուր ընելու համար… եւ գիտեն, թէ ինչպէ՛ս պէտք է արժանանալ խաղաղ հիւրընկալութեան այն ժողովուրդներուն կողմէ, որոնց կը հանդիպէին: Այս է պատճառը, որ այսօր մենք հայկական մշակութային ժառանգութեան կոթողներու կը հանդիպինք Երուսաղէմի, Պոլսոյ, Թիֆլիսի, Պաքուի, Հոնկ Քոնկի, Կալկաթայի, Սինկափուրի եւ Թաքայի մէջ, այսինքն` Մետաքսի մեծ ճամբուն վրայ սփռուած բոլոր մեծ բնակավայրերուն մէջ»,  ըսած է վարչապետը:

Ան աւելցուցած է, որ խորհրդաժողովի հիմքը եղող փիլիսոփայութիւնը միանգամայն համահունչ է հայերուն դաւանած արժէքներուն: Ըստ անոր, Հայաստանը հազարամեայ պատմութիւն ունեցող երկիր է, իսկ հայութիւնը իր բարձրագոյն մշակութային ձեռքբերումներուն հասած է միայն այն ժամանակ, երբ ունեցած է անխափան կապ եւ յարաբերութիւններ այլ մշակոյթներու ու աւանդութիւններու հետ: «Հետեւաբար, այսօր, ինչպէս նախապէս, մենք մեր յառաջընթացի ուղին կը տեսնենք շրջանային ու համաշխարհային բոլոր խաղացողներուն հետ փոխադարձ գործակցութեան մէջ: Մենք դէմ ենք բաժանարար գիծերուն, արհեստական խոչընդոտներուն եւ փակ սահմաններուն, որոնք թէեւ անհեթեթ կը նկատուին 21-րդ դարուն, սակայն տակաւին կը պահպանուին մեր դրացիներուն կողմէ` ստեղծելով անվտանգութեան մարտահրաւէրներ ու տնտեսական խոչընդոտներ», նշած է ան:

Վարչապետը աւելցուցած է, որ Հայաստան ներգրաւուած է երկկողմանի եւ բազմակողմանի համագործակցութեան գործընթացներուն մէջ, որոնք կ՛ընդգրկեն աւելի լայն շրջագիծ` ըլլայ ատիկա տնտեսական համարկումը Եւրասիական տնտեսական միութեան երկիրներուն հետ, ուր Հայաստանը հիմնադիր անդամներէն մէկն է, կամ փոխադարձ մերձեցումը Եւրոպական Միութեան Արեւելեան գործընկերութեան շրջանակներուն մէջ, կամ ալ մասնակցութիւնը «Մետաքսի ճամբու տնտեսական գօտի» նախաձեռնութեան, որուն Հայաստան միացած է 2015 թուականին:

 

Նախորդը

Ի. Սաղաթէլեան. «Որեւէ Դատավարութեան Արդիւնքներուն Նկատմամբ Հասարակութիւնը Կասկածներ Պէտք Չէ Ունենայ»

Յաջորդը

Մասնակցութեամբ 11 Խումբերու. Կեդրոնական Դրամատան Մինի Ֆութպոլի Մրցաշարքը Սկիզբ Առաւ

RelatedPosts

Խմբագրական. Որպէսզի Վերապետականանան Հայ Դատի Օրակարգերը  (Հայ Դատի խորհրդաժողովին առիթով)
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Որպէսզի Վերապետականանան Հայ Դատի Օրակարգերը (Հայ Դատի խորհրդաժողովին առիթով)

September 26, 2026
Բացումը Կատարուեցաւ ՀՅԴ Հայ Դատի  Յանձնախումբերու Եւ Գրասենեակներու  Համահայկական Խորհրդաժողովին
Գլխաւոր լուրեր

Բացումը Կատարուեցաւ ՀՅԴ Հայ Դատի Յանձնախումբերու Եւ Գրասենեակներու Համահայկական Խորհրդաժողովին

September 26, 2026
Ռուպիօ. «Մենք Անհամբեր Կը Սպասենք ԹՐԻՓՓ-ի  Յառաջ Մղման Եւ Հայաստանի Ու Շրջանին Համար  Նոր Կարելիութիւններու Բացման Աջակցելուն»
Հայկական

Ռուպիօ. «Մենք Անհամբեր Կը Սպասենք ԹՐԻՓՓ-ի Յառաջ Մղման Եւ Հայաստանի Ու Շրջանին Համար Նոր Կարելիութիւններու Բացման Աջակցելուն»

September 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.