Ուրբաթ, 17 մայիս 2019-ի երեկոյեան «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հայկական վարժարաններու պրէօվէի պետական քննութեանց բարձրագոյն նիշ ապահոված աշակերտներու պարգեւատրման ձեռնարկ` կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի դաստիարակչական յանձնախումբին:
Ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան հայկական վարժարաններու տնօրէններ, ուսուցիչներ, ծնողներ եւ աշակերտներ:
Յայտագիրին մեկնարկը տրուեցաւ Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութեամբ: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի դաստիարակչական յանձնախումբի անդամ Նարօտ Քեչեպաշեան, որ դիտել տուաւ, թէ ԼԵՄ-ի աւանդութեան վերածուած այս ձեռնարկին նպատակն է գնահատել այն բոլոր աշակերտները, որոնք հայկական դպրոցներէ պետական քննութիւններուն յիշատակելի նիշեր արձանագրելով բարձրացան 10-րդ դասարան:
«ԼԵՄ-ը գիտակից է հայ դպրոցի առաքելութեան եւ հայ աշակերտի հայակերտման գործին կարեւորութեան, յատկապէս հայ գաղութին մէջ: ԼԵՄ-ը նաեւ միշտ պատրաստ է հայկական դպրոցի կողքին մարտնչելու այն բոլոր դժուարութիւններուն դէմ, զորս կը դիմագրաւեն թէ՛ հայ դպրոցը, եւ թէ՛ հայ աշակերտը», ըսաւ ան` հաստատելով, որ բոլոր պարագաներուն ԼԵՄ-ը հետեւողական կերպով ու առանց տատամսելու կը պայքարի հայկականութեան սպառնացող ամէն տեսակ վտանգի դէմ:
Նարօտ Քեչեպաշեան տեղեկացուց, որ 2017-2018 տարեշրջանին, 20 աշակերտներ յաջողած են պրէօվէի պետական քննութեանց ապահովել «Շատ լաւ» արդիւնքը: Ան իր խօսքը եզրափակեց հաստատելով, որ հայ աշակերտներն են, որ պիտի կերտեն մեր ապագան, պիտի պահպանեն մեր դարաւոր եւ հարուստ մշակոյթը, հայ սուրբ լեզուն եւ հայու խիզախ տիպարը:
Օրուան պատգամը ուղղեց դոկտ. Սիւզի Սեմերճեան, որ նախ ողջունելի գտաւ ԼԵՄ-ի տարեկան դրութեամբ կատարուող այս նախաձեռնութիւնը` հաստատելով, որ ԼԵՄ-ը կը հաւատայ հայուն ունեցած մեծագոյն արժէքին ու գանձին` մարդուժին, ուստի անոր նուիրուած քայլերու կը ձեռնարկէ: Ան կարեւոր նկատեց մարդուժի զարգացումը, ներդրումները կրթական մարզին մէջ կատարելը, մանաւանդ` հայկական դպրոցներուն, որոնց երդիքին տակ պիտի կազմաւորուի ազգին ապագան` փայլուն եւ լաւապէս կազմաւորուած սերունդներով:
Սիւզի Սեմերճեան լուսարձակի տակ առաւ այն իրողութիւնը, որ դպրոցին մէջ յաջողիլը, համալսարանական լաւ արդիւնքներ արձանագրելը կարեւոր են, սակայն անոնք բաւարար չեն, որովհետեւ ասոր զուգահեռ հիմնական է, որ երիտասարդը ներգրաւուի հանրային կեանքին մէջ, ծառայէ իր շրջապատին, ազգին ու հայրենիքին, գործէ այնպէս, որ կարենայ ո՛չ միայն ինքզինք բարելաւել, այլ շրջապատը եւս: Ուստի, ան նշեց, որ հանրային կեանքին ծառայելու վարժութիւնը ձեռք պէտք է ձգել դպրոցական տարիներէն, երբ աշակերտներ երկրորդական կարգեր կը հասնին, որպէսզի անոնք ազգային կեանքին մէջ փորձառութիւններ շահին, իրենց աշխատանքէն դասեր քաղեն, կեանքին վերիվայրումներուն մէջ աւելի հասուննան` շեշտելով, որ այս բոլորը անպայման իրենց օգտակարութիւնը պիտի ունենան ապագային:
«Հայ ազգին յառաջդիմութիւնն ու զարգացումը բոլորէս կ՛ենթադրէ միասնաբար աշխատիլ` իւրաքանչիւրը իր կարելիութեան եւ կարողութեան սահմաններուն մէջ, իւրաքանչիւրը իր նախասիրած ասպարէզին մէջ: Միշտ պէտք է յիշենք, որ մեր ազգին հիմնաքարը կը մնայ ուսումը, անոր համար մեր հիմնական մարտահրաւէրը կը մնայ բազմապատկել մեր ուսեալ եւ փայլուն երիտասարդներուն թիւը: Այն երիտասարդները, որոնք կը գիտակցին մեր ազգին գոյութեան սպառնացող խնդիրներուն եւ հաւաքաբար կ՛աշխատին կերտելու աւելի լաւ ապագայ, կը դառնան հայ ազգի առաքեալներ ու կը պաշտպանեն հայութեան իրաւունքները», շեշտեց Սիւզի Սեմերճեան:
Բանախօսը առիթը յարմար նկատեց մտածելու, թէ իւրաքանչիւրը ինչպէ՛ս կրնայ իր աշխատանքով ու յանձնառութեամբ աւելի մեծ պատիւ բերել իր անձին, ծնողքին, միջավայրին ու շրջապատին, մանաւանդ գործել այնպէս, որ իրականութիւն դառնան նաեւ ի՛ր երազներն ու ձգտումները: Այս ծիրին մէջ ան անդրադարձաւ վերջին տարիներուն յատկապէս երիտասարդներուն մէջ գոյութիւն ունեցող մտահոգիչ վիճակին` հայկական իրականութենէն հեռանալու երեւոյթին: Ըստ Սիւզի Սեմերճեանի, ասոր ետին կան բջիջային հեռաձայնով կլանուածութիւնը, ընկերային ցանցերու մէջ ներքաշուիլը, որոնք երիտասարդը կը հեռացնեն իրական կեանքէն, իսկական խնդիրներէն ու կ՛առաջնորդեն երկրորդական, անկարեւոր նիւթերով զբաղելու ուղիով: «Այս բոլորը մեր նոր սերունդը կը տանին դէպի անտարբերութիւն, քանի որ երբ մնայուն կերպով կը մնանք ցանցերուն վրայ, կը դառնանք հետեւողներ, լսողներ, դիտողներ, իսկ ձեր տարիքին դուք պէտք է ըլլաք նախաձեռնող, անձնական տեսակէտ ունեցող, ձեր շուրջի անցուդարձերուն ուղղակի հետեւող եւ մասնակից դարձող, դիրքեր որդեգրող», ըսաւ ան` այս անտարբերութիւնը նկատելով մեծ չարիք ու վտանգ:
Սիւզի Սեմերճեան յայտնեց, որ ազգը մեծ ակնկալութիւններ ունի նոր սերունդէն, իսկ կրաւորականութիւնը կործանարար կրնայ ըլլալ: Առ այդ, ան խօսքը երիտասարդներուն ուղղելով ըսաւ, թէ պէտք է գիտակցին մարտահրաւէրներուն, գիտելիք ամբարեն, զարգանան, ապա այդ բոլորը ծառայեցնեն ազգին, գործօն մասնակցութիւն բերեն ազգային կեանքին: «Ուստի, հրամայական է գործօն մասնակցութիւն բերել մեր միութիւններուն մէջ, որոնք կը գործեն ի նպաստ հայ մտքի զարգացման, երիտասարդներու կազմաւորման եւ հայապահպանման: Իսկ եթէ ունիք քննադատութիւններ կամ շինիչ գաղափարներ, պէտք է ներսէն սրբագրենք կամ աշխատինք իրականացնել մեր գաղափարները», յայտնեց ան` շեշտելով. «Հաւատարիմ մնացէ՛ք ձեր արմատներուն, միեւնոյն ատեն օրինակ դարձէ՛ք ձեր շուրջիններուն: Ձեր թիրախը թող մնայ լաւագոյնն ու բարձրագոյնը»:
Աւարտին տեղի ունեցաւ պրէօվէի պետական քննութեանց բարձրագոյն նիշ ապահոված աշակերտներու պարգեւատրումը: