Թուսքի Հայաստան Այցելութեան Ընթացքին. Նախագահ Արմէն Սարգսեան Հաստատած Է, Որ Հայաստան Միշտ Եղած Է Եւրոպական Արժէքներու Բնօրրան
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան 10 յուլիսին նախագահական նստավայրին մէջ ընդունած է Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Տոնալտ Թուսքը: Նախագահ Սարգսեան ողջունած է Թուսքի այցելութիւնը Հայաստան եւ վստահութիւն յայտնած, որ ան բաւարարուած պիտի ըլլայ այս այցելութենէն, մանաւանդ որ Հայաստան եւրոպական արժէքներ կիսող երկիր է: «Հայաստանը ո՛չ միայն համաձայնագիր ստորագրած է Եւրոպական Միութեան հետ, այլեւ այն երկիրն է, որ մասնաւորապէս մշակութային առումով խորապէս...




















