Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ստեփանակերտի Մէջ Տեղի Ունեցած Է Մարթին Սոննըպոռնի Մամլոյ Ասուլիսը

August 30, 2019
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Ապառաժ» կը հաղորդէ, թէ 29 օգոստոսին Ստեփանակերտի «Փարք հոթել» պանդոկի դահլիճին մէջ տեղի ունեցած է գերմանացի լրագրողներէ, դասախօսներէ, գրողներէ, զբօսաշրջութեան մարզի մասնագէտներէ բաղկացած խումբով Արցախ այցելած Եւրոպական խորհրդարանի երեսփոխան Մարթին Սոննըպոռնի մամլոյ ասուլիսը:

ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի գրասենեակի տնօրէն Հեղինէ Էվինեանի համաձայն, մօտ մէկ տարի առաջ Արցախ այցելած գերմանացի երեսփոխանը խոստացած էր վերադառնալ աւելի մեծ խումբով` այդպիսով մեծցնելով Ազրպէյճանի «սեւ ցուցակը», եւ այժմ կատարած է իր խոստումը:

Մարթին Սոննըպոռն ո՛չ միայն Եւրոպական խորհրդարանի երեսփոխան է, այլ նաեւ Գերմանիոյ մէջ բաւական յայտնի լրագրող, երգիծական «Թիթանիք» ամսագիրի նախկին աշխատակից:

Խօսելով այցելութեան նպատակի եւ ստացած տպաւորութիւններուն մասին` Սոննըպոռն նշած է, որ պատուիրակութիւնը հրաշալի օրեր  անցուցած է Արցախի մէջ եւ տպաւորուած է հիւրընկալութեամբ: «Մենք այստեղ ենք, որպէսզի սատարենք ինքնորոշման իրաւունքին, մեզի համար ատիկա հիմնարար իրաւունք է, որ ենթակայ չէ բանակցութիւններու, քննարկման: Ես երկիրէ մըն եմ, ուր մենք առիթ ունեցած ենք խաղաղ ընթացքով վերամիաւորուելու եւ նմանատիպ տագնապներու նկատմամբ շատ զգայուն ենք», մամլոյ ասուլիսի ժամանակ ըսած է Մարթին Սոննըպոռն:

Անդրադառնալով վերջերս տեղի ունեցած Եւրոպական խորհրդարանի ընտրութիւններուն` խորհրդարանականը նշած է, որ ընտրութիւններուն  արդիւնքները իրենց համար գերազանց էին. «5 տարի առաջուան  արդիւնքներուն համեմատ քառապատկուած են մեր քուէները, եւ նպատակ ունինք մեր բոլոր ընտրողներուն դէպի Արցախ ուղեկցելու»:

Արցախ այցելած խումբի կազմին մէջ էր նաեւ Սոննըպոռնի կինը` լրագրող Քլաուտիա Թուրսարգիսեանը, որ այս օրերուն Արցախի վերաբերեալ ժապաւէն կը նկարահանէ: Ժապաւէնին նպատակը աշխարհին Արցախը իբրեւ կայացած պետութիւն ներկայացնելն է:

«Ժապաւէնը ինքնորոշման իրաւունքի մասին է, հարցազրոյցներ ունեցած ենք  տարբեր նախարարներու, քաղաքական գործիչներու հետ: Նպատակն է ցոյց տալ, որ արցախցիները ունին ինքնորոշման իրաւունք եւ կ՛օգտուին անկէ», ըսած է Մարթին Սոննըպոռն` տեղեկացնելով, որ ժապաւէնը պիտի ցուցադրուի շարք մը փառատօներու ընթացքին:

ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեան նշած է, որ պիտի շարունակեն այցելութիւններու միջոցով Արցախը ճանաչելի դարձնելու գործելաոճը: «Անոնք Ազրպէյճանին ուղարկուող նամակներ են, որ իր «սեւ ցուցակները» եւ անիմաստ յայտարարութիւնները որեւէ ձեւով չեն կրնար խոչընդոտել Արցախ այցելութիւնը: Ազրպէյճանը պէտք է ասիկա հասկնայ եւ լուրջ երկխօսութեան սկսի Արցախի հետ, որպէսզի հարցը լուծուի, իսկ մնացեալը Ազրպէյճանի կողմէ դատարկ, իրենց ներքին խնդիրները լուծելու ուղղուած քարոզչութիւններ են, որոնք արդիւնք պիտի չտան», ըսած է Գասպար Կարապետեան:

 

 

Նախորդը

Հայաստանի Եւ Ռուսիոյ Պաշտպանութեան Նախարարութիւններուն Միջեւ Հանդիպում

Յաջորդը

«Ինքնիշխանութիւն, Համահայկականութիւն Եւ Փոխգործակցութիւն». Մնացականեան Ներկայացուց Հայաստանի Արտաքին Քաղաքականութեան Սկզբունքները

RelatedPosts

Ակնարկ.  Թեհրանի Ընտրած Պահը`  Շեշտակի Զգուշացնելու
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Թեհրանի Ընտրած Պահը` Շեշտակի Զգուշացնելու

November 7, 2026
Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը
Գլխաւոր լուրեր

Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը

November 7, 2026
Փանքին. «Հայաստան Յաջորդ Շաբաթ Կրնայ  Զրկուիլ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Իրաւունքէն»
Հայկական

Փանքին. «Հայաստան Յաջորդ Շաբաթ Կրնայ Զրկուիլ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Իրաւունքէն»

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.