Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արսէն Համբարձումեան. «Ամուլսարի Հարցով Իշխանութիւնը Չէ Արդարացուցած Սպասելիքները»

August 30, 2019
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Ցանկութիւն չունիմ ոեւէ մէկուն, յատկապէս` Ալեն Սիմոնեանի ըսածները մեկնաբանել: Մեր տեսակէտներն ու մօտեցումները այդ հարցին մէջ սպառիչ են: ՀՅԴ-ն յայտարարութեամբ հանդէս եկած է, բնապահպանութեան նախկին նախարար, դաշնակցական Արծուիկ Մինասեանն ալ օրերս ծաւալուն մեկնաբանութիւն տուած է», «Առաւօտ»-ին հետ զրոյցի մը ընթացքին անդրադառնալով Ազգային ժողովի  փոխնախագահ Ալեն Սիմոնեանի` Ամուլսարի շահագործման վերաբերեալ ՀՅԴ-ի յայտարարութեան շուրջ տուած գնահատականին, թէ ՀՅԴ-ն հանրութեան հաճոյանալու եւ քաղաքական փնտռտուքներու  նպատակ ունի, ըսաւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Արսէն Համբարձումեան:

Ան նշեց. «Ամուլսարի օգտագործման հոլովոյթը շատ աւելի կանուխ սկսած է: Օգտագործման արտօնութիւնը տրուած է 2014-ին, երբ ՀՅԴ-ն համաձայնական կառավարութեան մաս չէր: Շրջակայ միջավայրի ազդեցութեան գնահատումը տեղի ունեցած է այն ժամանակ, երբ Արծուիկ Մինասեանը տակաւին բնապահպանութեան նախարար չէր: Մեր մօտեցումներուն մէջ որեւէ հակասութիւն չկայ: Մենք կ՛ըսենք` Ամուլսարի օգտագործման հետ կապուած այն սպասելիքները, որոնք նոր իշխանութիւնը յառաջացուց մէկ տարի առաջ, անոնց համապատասխան քայլերու եւ գործողութիւններու չէ ձեռնարկած: Ձեւաւորուած սպասելիքները չեն արդարացած: Քանի որ Հայաստանի Հանրապետութեան նոր իշխանութիւնը անմիջական ժողովրդավարութեան մեծ ջատագով է, մենք կը կարծենք, որ ստեղծուած իրավիճակին մէջ ամէնէն ճիշդ որոշումը պիտի ըլլայ ժողովուրդին կարծիքը հաշուի առնելով լուծում գտնելը»:

Նախորդը

«Ինքնիշխանութիւն, Համահայկականութիւն Եւ Փոխգործակցութիւն». Մնացականեան Ներկայացուց Հայաստանի Արտաքին Քաղաքականութեան Սկզբունքները

Յաջորդը

Եւրոպական Ֆութպոլի Ախոյեանութիւն. Այսօր Տեղի Կ՛ունենան Շարք Մը Ճակատումներ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Թեհրանի Ընտրած Պահը`  Շեշտակի Զգուշացնելու
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Թեհրանի Ընտրած Պահը` Շեշտակի Զգուշացնելու

November 7, 2026
Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը
Գլխաւոր լուրեր

Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը

November 7, 2026
Փանքին. «Հայաստան Յաջորդ Շաբաթ Կրնայ  Զրկուիլ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Իրաւունքէն»
Հայկական

Փանքին. «Հայաստան Յաջորդ Շաբաթ Կրնայ Զրկուիլ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Իրաւունքէն»

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.