Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան 29 օգոստոսին ընդունեց Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան ռազմական ոստիկանութեան պատուիրակութիւնը` Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան ռազմական ոստիկանութեան գլխաւոր վարչութեան պետի տեղակալ, զօր. Վիթալի Կոխի գլխաւորութեամբ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան տուեալ բնագաւառին մէջ փոխադարձ գործակցութեան ներկայ վիճակն ու միացեալ գործունէութեան հեռանկարները, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւններու ռազմական ոստիկանութիւններու համագործակցութեան զարգացման առնչուող հարցեր:



