Մինչ Հարաւային արուարձաններուն դէմ գործուած իսրայէլեան բռնարարքներուն հետեւանքները կը շարունակեն տիրական ներկայութիւն դառնալ երկրին քաղաքական կեանքին մէջ, կառավարութիւնը այսօր կէսօրուան ժամը 12:30-ին, Պէյթէտտինի մէջ պիտի գումարէ ընթացիկ նիստ մը` նախագահութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի:
Նիստին ընթացքին պիտի քննարկուի 40 կէտերէ բաղկացած օրակարգ մը:
Խորհրդարանի միացեալ յանձնախումբերը երէկ գումարեցին նիստ մը` նախագահութեամբ խորհրդարանի փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլիի:
Միացեալ յանձնախումբերը խստիւ դատապարտեցին իսրայէլեան բռնարարքները եւ դրուատեցին այս մասին լիբանանեան պետութեան որոշումը:
Ֆըրզլի շեշտեց, որ Հարաւային արուարձաններուն դէմ իր գործած յարձակումով Իսրայէլ խզած է խաղին կանոնները` աւելցնելով սակայն, որ ինք համոզուած է, թէ նոր պատերազմ մը պիտի չսանձազերծուի:
Հարաւային արուարձաններու դէմ իսրայէլեան բռնարարքներն ու անոնց հետեւանքները քննարկելու նպատակով` Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Իան Քուպիչ այցելեց արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլի:
Հանդիպումին ընթացքին Պասիլ ՄԱԿ-էն պահանջեց դատապարտել Լիբանանի դէմ իսրայէլեան յարձակումները եւ զանոնք նկատի ունենալ` հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելու որոշումը տալու ընթացքին:
Ան ընդգծեց, որ Լիբանան յանձնառու կը մնայ Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութեան:
Քուպիչ այցելեց նաեւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլի, որ շեշտեց, թէ երկրին պատերազմի կամ խաղաղութեան որոշումը պէտք է միայն լիբանանեան պետութիւնը տայ:
Նոյն հարցով, հանրապետութեան նախագահութեան հարցերու պետական նախարար Սելիմ Ժրայսաթի ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանատան գործակատար Սալինա Կրէօնիէ Քաթալանոն, որ շեշտեց, թէ Փարիզ կ՛ընդգծէ ինքնազսպումի կարեւորութիւնը, յատկապէս նկատի ունենալով, որ Լիբանան կը գտնուի ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու պաշտօնավարութեան երկարաձգման սեմին:
Երէկ գիշեր լիբանանեան կարգ մը լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ լիբանանեան բանակը կրակ բացած է Ատայսէի վերեւ նշմարուած իսրայէլեան անօդաչու թռչող սարքի մը ուղղութեամբ:
Միւս կողմէ, իսրայէլեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ հիւսիսային Իսրայէլի բնակչութեան մօտ լարուած վիճակ կը տիրէ` Հըզպալլայի տալիք անխուսափելի պատասխանին վերաբերեալ:
Այս իրականութեան կողքին, կարեւոր է ընդգծել, որ իսրայէլեան ուժերու շրջուն ջոկատները սահմանային հսկողութիւնը մեղմացուցած են, մինչ իսրայէլեան հետախուզական օդանաւերը իրենց թռիչքները աշխուժացած լիբանանեան գրեթէ բոլոր շրջաններուն, յատկապէս հարաւային Լիբանանի վերեւ` խզելով Լիբանանի գերիշխանութիւնն ու ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւը:
Իր կարգին, ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերու բանբեր Անտրէա Թինընթի հաստատեց, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերը` գործակցութեամբ լիբանանեան բանակին, աշխուժ կերպով կը կատարեն իրենց հսկողութիւնը` երաշխաւորելու համար սահմանային Կապոյտ գիծին ապահովութիւնն ու կայունութիւնը:
Նշենք, որ Եւրոպական Միութիւնը զօրակցութիւն յայտնեց Լիբանանին եւ անոր գերիշխանութեան ու կայունութեան` հաստատելով, որ Միջին Արեւելքի հարցերուն կարելի չէ զինուորական լուծում գտնել:
Եւրոպական Միութեան բանբերը ընդգծեց, որ շրջանին մէջ բոլոր կողմերը պէտք է դիմեն ինքնազսպումի եւ կանխարգիլեն որեւէ յաւելեալ մագլցում:
«Եւրոպական Միութիւնը կ՛ակնկալէ, որ բոլոր կողմերը կառչած մնան Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1559 եւ թիւ 1701 բանաձեւերուն գործադրութեան», ըսաւ ան: