Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան, որ քառօրեայ պաշտօնական այցելութեամբ կը գտնուի Չինաստան` ընդառաջելով այդ երկրի մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարար Լիու Չիանկի հրաւէրին, երէկ ունեցաւ իր առաջին հանդիպումը, որուն ընթացքին քննարկուեցան զբօսաշրջութեան մարզին մէջ երկկողմանի գործակցութիւնը աշխուժացնելու կարելիութիւնները:
Նախարար Կիտանեան եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը հանդիպում մը ունեցան Չիանկի եւ նախարարութեան ընդհանուր տնօրէններուն հետ` ներկայութեամբ նաեւ Չինաստանի մէջ Լիբանանի դեսպան Միլիա Ժապպուրի:
Հանդիպումին ընթացքին Ա. Կիտանեան քննարկեց Լիբանանը չինացի զբօսաշրջիկներուն ուղղութեան կիզակէտը դարձնելու հեռանկարները:
Հանդիպումին ընթացքին համաձայնութիւն գոյացաւ այն քայլերուն շուրջ, որոնք պիտի որդեգրուին Լիբանանի զբօսաշրջութեան նախարարութեան եւ Չինաստանի մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան կողմէ:
Այս իմաստով Չիանկի օգնականներէն մէկուն յանձնուեցաւ լիբանանեան կողմին հետ փոխադարձ համաձայնութեան կէտերուն գործադրութիւնը հետապնդելու պատասխանատուութիւնը` գործակցութեամբ դեսպան Ժապպուրի:
Խորհրդակցութիւններուն ընթացքին չինական կողմը ներկայացուց կարգ մը առաջարկներ, որոնք լիբանանեան իշխանութիւններուն կողմէ որդեգրուելու պարագային կրնան մեծ թիւով չինացի զբօսաշրջիկներու ուշադրութիւնը գրաւել եւ անոնց Լիբանան այցելութիւնը դիւրացնել:
Հանդիպումին համաձայնութիւն գոյացաւ նաեւ, որ Լիբանանի եւ Չինաստանի միջեւ 2008-ին ստորագրուած փոխըմբռնումի համաձայնագիրը գործադրութեան դրուի:
Կը նախատեսուի, որ նախարար Կիտանեան հանդիպումներ ունենայ չինացի պատասխանատուներու հետ, ինչպէս նաեւ չինական լրատուամիջոցներու հետ ունենայ շարք մը հարցազրոյցներ` դէպի Լիբանան զբօսաշրջութիւնը քաջալերելու նպատակով:




