Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Արցախի Անկախութեան Հռչակագիրի Հաշուարկած Իրաւական Բաժինը

Օգոստոս 31, 2019
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սեպտեմբեր 2-ը ըստ էութեան կը խորհրդանշէ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախութեան հռչակագիրի որդեգրումը:  Այդ հռչակագիրը կը բաղկանայ հիմնական 4 մասէ.

Որոշում 1

Ընդունիլ ներկայիս Լեռնային Ղարաբաղի ինքնավար մարզի (ԼՂԻՄ) եւ սահմանակից Շահումեանի շրջանի սահմաններուն մէջ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան (ԼՂՀ) հռչակման մասին հռչակագիրը:

Որոշում 2

ԼՂԻՄ-ի ժողովրդական պատգամաւորներու մարզային խորհուրդը եւ անոր գործադիր կոմիտէն նկատել ԼՂՀ պետական իշխանութեան եւ կառավարման բարձրագոյն ժամանակաւոր մարմին` մինչեւ համաժողովրդական ընտրութիւնները, իշխանութեան եւ կառավարման հանրապետական նոր մարմիններու ձեւաւորումը:

Որոշում 3

Յանձնարարել ժողովրդական պատգամաւորներու մարզային խորհուրդի գործադիր կոմիտէին` ներգրաւելով լայն հասարակութիւնը` նախապատրաստել եւ մարզային խորհուրդի նստաշրջանի քննարկման ներկայացնել ԼՂՀ պետական իշխանութեան եւ կառավարման մարմիններու կառուցուածքի եւ գործառոյթներու մասին ժամանակաւոր կանոնակարգը:

Որոշում 4

Մինչեւ ԼՂՀ Սահմանադրութեան եւ օրէնքներու ընդունումը ԼՂՀ տարածքին մէջ կը գործեն  ԽՍՀՄ Սահմանադրութիւնը եւ օրէնսդրութիւնը, ինչպէս նաեւ գործող այլ օրէնքներ, որոնք չեն հակասեր սոյն հռչակագիրի նպատակներուն ու սկզբունքներուն, ԼՂՀ առանձնայատկութիւններուն:

Որոշումը, իր ենթաբաժիններով փաստօրէն պետականաշինութեան յենասիւները կը հաստատէր, որուն վրայ պիտի կառուցուէր աղիւս առ աղիւս եւ յարկ առ յարկ ամբողջ պետական շէնքը: Եթէ առաջին կէտին մէջ կար անկախութեան հռչակման հռչակագիրով հետագայ իրաւակարգ մը նախապատրաստելու դրոյթը, ապա մնացեալները` անցումային շրջանի իրաւադաշտը կը հարթէին որեւէ ձեւով պետական կառուցաօղակներու պարապութիւն չձգելու հեռանկարով: Այնուհետեւ հայկական երկրորդ հանրապետութիւնը ժողովրդավար կարգերու լիարժէք յարգումով, յատկապէս անկախութեան հանրաքուէ կազմակերպելով  կը բռնէր իրողական անկախութիւն նուաճելու ճամբան եւ փուլ առ փուլ կ՛ամբողջացնէր իր առջեւ եւ միջազգային իրաւունքի համահունչ իրաւադրոյթները:

Միջազգային իրաւաչափութիւններուն յարգումով անկախացող արցախահայութեան կամարտայայտութեան դիմաց օրէ օր աճած ազրպէյճանական ժխտողականութիւնն ու այդ պահուածքի հիման վրայ շարունակուող յարձակողապաշտութիւնը նոր իրավիճակ ստեղծեցին Արցախի համար:

Հետզհետէ պարտադիր հրամայականներ էին արցախահայութեան անվտանգութեան ապահովումը եւ հռչակագիրով անկախացած Լեռնային Ղարաբաղի տարածքներու անվտանգութեան ապահովման համար  հայապատկան տարածքներու նորանոր ազատագրումները:

Կը շարունակուէր սակայն ազրպէյճանական ժխտողականութիւնը: Անհրաժեշտ էր սահմանադրականացնել Արցախի փաստացի սահմանները` իբրեւ Արցախի տարածքային ամբողջականութիւն: Դարձեալ գերադասուած էր միջազգային օրէնքին համահունչ շարժիլն ու իրաւակարգի յարգումը: Սահմանադրութեան հանրաքուէով կը ճշդուէր Արցախի տարածքային ամբողջականութիւնը, եւ կը կատարուէին նոր իրականութեան դիմաց սահմանադրական եզրաբանութեան որոշակի փոփոխութիւնները: ԼՂԻՄ-ը ԼՂՀ եւ ապա Արցախի Հանրապետութիւն իւրաքանչիւրը տարածքային, կարգավիճակային եւ անվտանգութեան կարեւոր իմաստներ կը ներփակեն եւ բոլորը ինքնորոշուելու մարդկային, ազգային եւ միջազգային տարրական իրաւունքներու յարգումի կարգերէն անցած ըլլալու փաստերը կ՛ամրագրեն:

Միացում կարգախօսով սկսած եւ ապա անկախութեան առաջադրանքի վերածուած համազգային շարժումը  ռազմավարական փոփոխութիւններ կատարելու քաղաքական շարժառիթները հիմնաւորած է: Համազգային համոզում է, որ Արցախը Հայաստան է ու վերջ եւ թէ միացումը այդ հասկացողութեան համապատասխան կարգախօսային պահանջ է` հայ ժողովուրդի թէ տարածքային միացումներու ընկալումներով:

Այդ նպատակի միջազգային ատեաններու մօտ բարձրացումը այսօր կրնայ ունենալ որոշակի անպատեհութիւններ, երբ հայկական կողմը իբրեւ անվտանգութեան գլխաւոր երաշխաւոր կը շարունակէ բանակցիլ հանգուցալուծման համար: Պաշտօնական Երեւանի կողմէ առ այս պահը ճանաչումի որոշում չկայացնելը կը բացատրուի նաեւ բանակցողի կարգավիճակով:

91-ի հռչակագիրը հիմնաւորեալօրէն նկատի առած է միջազգային իրաւաընկալումները եւ ըստ այնմ բանաձեւած որոշումները: Միեւնոյն ընկալումներուն հաշուարկով նաեւ դէպի միացում տանող իրաւակարգին ընդառաջ հրամայական շրջափուլ է Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններուն միջեւ կնքելի ռազմաքաղաքական դաշինքը:

Նախորդը

ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէն Արցախի Հանրապետութեան Համաձայնեցուած Թեկնածուի Շուրջ Բանակցութիւններու Պիտի Սկսի

Յաջորդը

Մամլոյ Արձակուրդ

RelatedPosts

Թրամփ Կազայի Պատերազմին Աւարտը Յայտարարեց
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Կազայի Պատերազմին Աւարտը Յայտարարեց

Հոկտեմբեր 15, 2025
Մաքրոն. «Աշխատանք Պիտի Տանինք Կազայի Մէջ Միջազգային Ուժ Տեղակայելու»
Գլխաւոր լուրեր

Մաքրոն. «Աշխատանք Պիտի Տանինք Կազայի Մէջ Միջազգային Ուժ Տեղակայելու»

Հոկտեմբեր 15, 2025
Ըստ «Տը Նեշընըլ»-ին.  Ապահովութեան Խորհուրդը Կը Քննարկէ Շարհի Եւ Խաթթապի Անունները ՄԱԿ-ի Պատժամիջոցներուն Ենթակայ Անուններու Ցուցակէն Ջնջելու Օրինագիծ Մը
Գլխաւոր լուրեր

Ըստ «Տը Նեշընըլ»-ին. Ապահովութեան Խորհուրդը Կը Քննարկէ Շարհի Եւ Խաթթապի Անունները ՄԱԿ-ի Պատժամիջոցներուն Ենթակայ Անուններու Ցուցակէն Ջնջելու Օրինագիծ Մը

Հոկտեմբեր 15, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?