Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յ. Բագրատունի. «Նախագահ Աուն Ճշմարտութիւնը Խօսեցաւ, Իսկ Էրտողան Շարունակեց Պատմութեան Նենգափոխումը»

September 3, 2019
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ շեշտեց, թէ նորօրեայ սուլթան Էրտողան անգամ մը եւս, այս անգամ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան ճամբով փաստեց, որ Թուրքիոյ հարցը ո՛չ միայն հայութեան հետ է, այլեւ ճշմարտութեան եւ ճշմարտութիւնը յայտնողին:

«Այո՛, նախագահ Աուն ճշմարտութիւնը խօսած է: Իսկ Էրտողան անդրադարձած է այն «ճշմարտութեան», որ Օսմանեան կայսրութեան օրերէն մինչեւ ներկայ Թուրքիոյ օրերը կ՛երկարի: Այլ խօսքով` անիկա պատմութեան խեղաթիւրման, ահաբեկչութեան եւ օսմանեան երազի վերականգնման «ճշմարտութիւն»-ն է: Արդեօք տակաւին պէ՞տք է հաւատալ լիբանանեան-թրքական պատմական եւ բարեկամական յարաբերութիւններուն», հարց տուաւ Յ. Բագրաատունի:

Անդրադառնալով իսրայէլեան բռնարարքներուն դէմ Դիմադրութեան կատարած գործողութեան` երեսփոխան Բագրատունի ընդգծեց, որ ինքնապաշտպանութիւնը սուրբ իրաւունք է, իսկ բռնարարքներուն հակադարձութիւնը` ազգային պարտականութիւն: «Ո՛վ որ իր հայրենիքը, ժողովուրդը եւ ազգային արժանապատուութիւնը կը պաշտպանէ, հերոս է եւ ամէնէն պատուաւորը», հաստատեց ան:

Նշենք, որ Յ. Բագրատունի «Օ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանի հայկական լրատուութեան ընդմէջէն ունեցաւ հարցազրոյց մը, որուն ընթացքին ըսաւ. «Մեզի համար զարմանալին Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահին յայտարարութիւնը չէ: Ան խոր համոզումով նախապէս եւս քանիցս նոյնիմաստ կեցուածքներ ունեցած է: Բնական է այդ մէկը: Զարմանալին սակայն այն է, որ լիբանանցիներ զարմանքով կ՛ընկալեն Էրտողանի արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութիւնը, որ կը թելադրէ պատմական ճշմարտութիւնը չխեղաթիւրել, որ կ՛ըսէ, թէ նախագահ Աուն սխալ ընթացքի մէջ է, եւ անիկա հանրապետութեան նախագահին դէմ իսկապէս վարկաբեկիչ բառամթերք կը գործածէ, հակառակ անոր որ Էրտողան եւ անոր անձնակազմը շատ զգայուն են նմանօրինակ արտայայտութիւններու:

Հիմնական խնդիրը այն է, որ բոլոր անոնք, որոնք Լիբանանի եւ Թուրքիոյ միջեւ բարեկամական կամ պատմական յարաբերութիւններու կը հաւատան, ահա անգամ մը եւս ոսկիէ սպասի վրայ հրամցուեցաւ Լիբանանի հանրութեան, որ ճշմարտութիւնը ոչ մէկ կապ ունի Օսմանեան կայսրութեան ժառանգորդ Էրտողանի եւ առհասարակ թրքական քաղաքական մտածողութեան հետ», ըսաւ ան:

Յ. Բագրատունի յայտնեց նաեւ, որ այս պարագային խնդիրը Հայոց ցեղասպանութեան չէ կապուած, այլ` արաբական աշխարհին հետ կապուած է եւ ուղղակիօրէն կապ ունի պատմութեան հետ հաշտուելու քայլին: «Այն ինչ որ կատարուեցաւ Թուրքիոյ կողմէ ո՛չ միայն դատապարտանքի առիթ կը ստեղծէ, այլ նաեւ` Լիբանանի մօտ անհրաժեշտութիւն կը ստեղծէ, որ անիկա վերանայման ենթարկէ այն յարաբերութիւնները, որոնք կ՛ենթադրուին բարեկամական ըլլալ: Անպայմանօրէն չեմ խօսիր տնտեսական եւ այլ յարաբերութիւններուն մասին, սակայն յստակ է, որ Թուրքիա մը, Օսմանեան կայսրութեան ժառանգորդ մը, Էրտողանը` նոր օրերու սուլթանը եւ անոր մեծամիտ կեցուածքները ոչ մէկ ձեւով քաղաքական-դիւանագիտական ընդհանուր մտածողութեան մէջ տեղ կրնան ունենալ», հաստատեց Յ. Բագրատունի:

Ան իր հարցազրոյցի աւարտին շեշտեց, որ նախագահ Աուն ճշմարտութիւնը խօսեցաւ, իսկ Էրտողան շարունակեց պատմութեան նենգափոխումը, ահաբեկչական երկիր ըլլալու տրամաբանութիւնը եւ Օսմանեան հին երազները վերականգնելու վճռակամութիւնը:

 

 

Նախորդը

Մեծն Լիբանանի Հռչակումի 100-ամեակին Առիթով Նախագահ Աունի Յայտարարութիւնները Կը Բռնկեցնեն Պաշտօնական Թուրքիան

Յաջորդը

Վարձքը Կատա՛ր` Էսդրատային Մեծ Երգիչին

RelatedPosts

Խմբագրական.   Նոր Ռազմավարութիւն` Ազրպէյճանի  Մշակութային Ցեղասպանութեան Դէմ
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Նոր Ռազմավարութիւն` Ազրպէյճանի Մշակութային Ցեղասպանութեան Դէմ

September 15, 2026
Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր  Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ  Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»
Գլխաւոր լուրեր

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»

September 15, 2026
Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Կը Յուսանք,  Որ «Իրական» Հայաստանէն Մասեր  Շուշիի Ճակատագիրին Չենթարկուին»
Գլխաւոր լուրեր

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Կը Յուսանք, Որ «Իրական» Հայաստանէն Մասեր Շուշիի Ճակատագիրին Չենթարկուին»

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.