Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան Ազգային ժողովին մէջ նախարարութեան կեդրոնական անձնակազմի եւ օտարերկրեայ պետութիւններու մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դիւանագիտական ծառայութեան մարմիններու ղեկավարներու տարեկան համաժողովի մասնակիցներու հանդիպումին ներկայացուցած է Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան երեք արժէքներն ու երեք սկզբունքները:
«Մենք առանձնացուցած ենք արժէքներու երեք հարթութիւն, որոնց վրայ կը հիմնուի մեր արտաքին քաղաքականութիւնը: Անոնք են քաղաքակրթական արժէքները, մեր պատմական ժառանգութիւնը եւ ժամանակակից ժողովրդավարութեան ու մարդու իրաւունքներու արժէքները, զորս մեր ժողովուրդը պաշտպանեց եւ նոր որակ հաղորդեց Թաւշեայ յեղափոխութեան եւ անոր յաջորդած խորհրդարանական ընտրութիւններու ժամանակ», նշած է Մնացականեան:
«Յատուկ պէտք է ընդգծեմ, որ այս համաժողովի ընթացքին մենք յստակօրէն ամրագրեցինք Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան երեք հիմնարար սկզբունքները, որոնց կիրարկումով պէտք է միջազգային ասպարէզին մէջ հետապնդենք Հայաստանի ու հայ ժողովուրդի արժէքները եւ շահերը: Այդ սկզբունքներն են` ինքնիշխանութիւն, համահայկականութիւն եւ փոխգործակցութիւն», աւելցուցած է ան:
Արտաքին գործոց նախարարը նաեւ կարեւոր նկատած է հանդիպումի շրջագիծին մէջ Ազգային ժողովի պատգամաւորներու հետ բաց եւ անկաշկանդ քննարկումը:
«Ժողովրդավարական ընտրութիւններու միջոցով ընտրուած խորհրդարանի անդամները, որոնք իրենց գործունէութեան մէկ տարուան ընթացքին արդէն կրցած են լաւագոյնս պաշտպանել Հայաստանի շահերը եւ դառնալ Հայաստանի նոր դէմքը խորհրդարանական դիւանագիտութեան հարթակին վրայ, կը կարծեմ, որ համաձայն են իմ այս դիտարկումիս», նշած է Մնացականեան` կարծիք յայտնելով, որ Ազգային ժողովը մեծ դերակատարութիւն ունի Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան սահմանման եւ իրականացման բոլոր փուլերուն մէջ` կառավարութեան ծրագիրի սահմանման, խորհրդարանական լսումներու միջոցով ծրագիրի իրականացման ուղիներու ճշգրտման, ինչպէս նաեւ խորհրդարանական հարթակին վրայ անոր անմիջական իրականացման ժամանակ: