Խորհրդակցութիւններու Ծրագիրի Ստորագրում` Արցախի Ու Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարներուն Միջեւ
Արցախի ու Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարներ Մասիս Մայիլեանն ու Զոհրապ Մնացականեան երէկ` 5 յուլիսին, ստորագրած են երկու նախարարութիւններուն միջեւ 2019-2020-ի խորհրդակցութիւններու ծրագիրը: Պատասխանելով երկու հայկական հանրապետութիւններու նախարարութիւններուն միջեւ ստորագրուած յուշագիրի կարեւորութեան մասին հարցումին` Մասիս Մայիլեան նշած է, որ առաջին անգամ ըլլալով ստորագրուած խորհրդատուութիւններու ծրագիրը հիմնուած է երկու նախարարութիւններու համագործակցութեան հռչակագիրին հիման վրայ: «Ասիկա կարեւոր փաստաթուղթ է, որ կը բարձրացնէ երկու...



















