Նախագահութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի եւ ներկայութեամբ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի ու վարչապետ Սաատ Հարիրիի, երէկ յետմիջօրէի ժամը 3:00-ին, նախագահական պալատին մէջ տեղի ունեցաւ տնտեսական-ելեւմտական խորհրդաժողով մը:
Պաապտայի մէջ տեղի ունեցած տնտեսական խորհրդաժողովին մասնակցեցան ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէ, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ, Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ, Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ, Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլան, նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթի,
Ղովմի կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Ասաատ Հարտան, Անկախ սիւննիներու խմբակցութեան ներկայացուցիչ, երեսփոխան Ժիհատ Սամատ, տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարար Մանսուր Պթէյշ, ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ, հանրապետութեան նախագահութեան հարցերու նախարար Սելիմ Ժրայսաթի, Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէ, Դրամատուներու միութեան նախագահ Սելիմ Սֆէյր եւ այլ պատասխանատուներ:
Խորհրդաժողովին ընթացքին նախագահ Աուն յայտնեց, որ ներկայացուած այս քայլերուն նպատակն է ամբողջացնել 2019-ի պետական ամավարկին մէջ որդեգրուած քայլերը, որոնց նպատակն էր կրճատել պետական պիւտճէի նիւթական բացը: Ան նկատել տուաւ, որ այս հոլովոյթը բնականաբար պիտի դրսեւորուի 2020-ի պետական ամավարկին վաւերացումով` սահմանադրական ժամկէտը յարգելով:
Նախագահ Աուն նշեց, որ իրենց տուած այս որոշումներուն մէջ նկատի պիտի ունենան համեստ դասակարգը:
Նախագահ Աուն կոչ ուղղեց քաղաքական տարակարծութիւնները շրջանցելու եւ տնտեսական տագնապէն դուրս գալու ճիգերը միասնականացնելու:
Իր կարգին, նախարար Խալիլ ներկայացուց երկրին ելեւմտական իրավիճակը:
Ապա քննարկուեցաւ նախագահ Աունի պատրաստած տնտեսական ուսումնասիրութիւնը, որուն ոմանք համաձայն գտնուեցան, իսկ ուրիշներ` վերապահ, ինչպէս Սամիր Ժահժահն ու Սամի Ժեմայէլը, որոնք շեշտեցին, թէ տնտեսական տագնապը լուծելու կարողութիւն չունենալու պարագային պէտք է դիմել մասնագէտներու:
Խորհրդարանի նախագահը համաձայն գտնուեցաւ նախագահ Աունի պատրաստած տնտեսական պատկերացումին եւ առաջարկեց ամբողջութեամբ որդեգրել զայն:
Չորս ժամ տեւած նիստէն ետք վարչապետ Հարիրի արտակարգ իրավիճակ յայտարարեց` նշելով, որ կազմուած է նաեւ այս իրավիճակին յատուկ յանձնախումբ մը, որ պիտի շարունակէ իր աշխատանքները:
Ան յայտնեց, որ եթէ ոմանք կը մտածեն, թէ երկրին տնտեսական կացութիւնը առողջ վիճակի մէջ է, կը սխալին, որովհետեւ երկիրը տնտեսական դժուար կացութենէ մը կ՛անցնի:
«Հետեւաբար իբրեւ կառավարութիւն պէտք է արագ միջոցառումներու դիմենք, օրինակի համար պետական ամավարկը սահմանադրութեամբ ճշդուած ժամկէտի ընթացքին աւարտենք, «Սետր»-ի եւ Մըքքենզիի ծրագիրներուն, ինչպէս նաեւ ելեկտրականութեան ծրագիրին գործադրութիւնը արագացնենք, աղբահանումի տագնապը լուծենք` մեղմացնելու համար պետական գանձարկղին մէջ արձանագրուած նիւթական աճը:
Նշենք, որ նախքան նիստին սկսիլը, իշխանութեան երեք պետերը ունեցան դռնփակ հանդիպում մը:
Ժոմպլաթ նիստին սկիզբը արդէն իսկ մեկնեցաւ նախագահական պալատէն` նկատի ունենալով, որ ան պիտի ուղղուէր Գահիրէ` հանդիպելու համար Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսիի հետ:
Աւելի ուշ նախարար Պասիլ լքեց նիստը` դիտել տալով, որ կուսակցական այլ պայմանաւորուածութիւն ունի:
Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի խորհրդաժողովին ընթացքին արտասանեց հետեւեալ խօսքը.
«Արտօնեցէ՛ք ինծի, որ յոռետեսութեամբ մօտենամ այս հանդիպումին` նկատի ունենալով, որ ժողովուրդը այլեւս վստահութիւն չունի նման հանդիպումներու եւ ընդհանրապէս քաղաքական ղեկավարութեան նկատմամբ:
Եթէ իրականութիւնը պիտի խօսինք, պէտք է ըսենք, որ երկիրը կը գտնուի տնտեսական եւ ընկերային շատ լուրջ տագնապի դիմաց, եւ այսօր եկած էք մեզմէ պահանջելու անցեալին պատահած փտածութեան անհոգութեան եւ ոչ թափանցիկ գործունէութեան հետեւանքներուն պատասխանատուութիւնը կրել:
Մենք ո՛չ մաս կազմած ենք այս փտածութեան, ո՛չ ալ երկրի հարստութեանց կեղեքման:
Այսուհանդերձ հասած ենք տեղ մը, որ խիզախութեամբ եւ անկեղծութեամբ պէտք է հարցերը դրսեւորենք:
Մենք կ՛առաջարկենք հետեւեալը.
1) Ոչ մէկ յաւելեալ տուրք պարտադրել քաղաքացիներուն:
2) Որդեգրել մագլցողական տուրքերու դրութիւն:
3) Վերջ տալ մաքսային հարկերէ խուսափելու հոլովոյթին:
4) Խիստ միջոցառումներու դիմել ծովափի եւ գետափի հողատարածքները ձրիաբար գործածողներուն դէմ:
5) Վերջնական եւ թափանցիկ լուծում գտնել ելեկտրականութեան տագնապին:
6) Զարկ տալ արտադրողական ոլորտի մէջ ներդրումներու, յատկապէս` ճարտարարուեստի եւ զբօսաշրջութեան մարզերուն մէջ:
7) Լիբանանեան արտադրութիւններու հետ մրցող ներածումներու վրայ յաւելեալ տուրքեր պարտադրել:
8) Բարձրացնել ծխախոտի գինը եւ զայն չպայմանաւորել մաքսանենգութեան դէմ պայքարելու անկարողութեամբ:
Վերջապէս, տնտեսական կայունութիւնը կապուած է քաղաքական կայունութեան հետ: Կոչ կ՛ուղղենք, որ սովորական եւ անմիջական քաղաքական շահեր ապահովելու մտահոգութեամբ եղած քաղաքական փոխադարձ հռետորաբանութիւնը դադրի, եւ ճշդենք, որ առաջնահերթութիւնը այս պահուն Լիբանանի եւ լիբանանցի քաղաքացիին օրապահիկի հարցն է»: