Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեծն Լիբանանի Հռչակումի 100-ամեակին Առիթով Նախագահ Աունի Յայտարարութիւնները Կը Բռնկեցնեն Պաշտօնական Թուրքիան

Սեպտեմբեր 3, 2019
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մեծն Լիբանանի հռչակումի 100-ամեակի տօնակատարութեանց մեկնարկին առիթով` հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն շաբաթ, 31 օգոստոս 2019-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, լիբանանեան լսատեսողական լրատուամիջոցներուն ընդմէջէն պատկերասփռուած պատգամ մը ուղղեց լիբանանցիներուն:

Իր խօսքին մէջ նախագահ Աուն շեշտեց, որ իրենք Մեծն Լիբանանը կը փափաքին ունենալ յառաջիկայ հարիւրամեակին, եւ ինչու չէ նաեւ յառաջիկայ հազարամեակին եւս, որովհետեւ անիկա ազատութիւններու եւ քաղաքակրթութիւններու, ժողովրդավարութեան, բազմազանութեան, նորարարութեան, ինչպէս նաեւ հաւատքի եւ աւանդներու հայրենիքն է:

«Պատահական չէ, որ Լիբանան իր աշխարհագրական փոքր տարածքով ժողովրդավարութեան փարոսն է, ազատ մտքի ամպիոնը, քաղաքակրթութիւններու փոխադարձ գործակցութեան դաշտ մը, ինչպէս նաեւ ստեղծագործութիւններու կեդրոն մը», ըսաւ նախագահ Աուն:

Նախագահ Աուն նշեց, որ 1 սեպտեմբեր 1920-ին Մեծն Լիբանանի յայտարարութեան առիթով Լիբանան յունուար 2020-ին պիտի սկսի կազմակերպել շարք մը ձեռնարկներ:

Ան նկատել տուաւ, որ օրին Մեծն Լիբանանի յայտարարութիւնը լիբանանեան գոյացութեան մասին միջազգային թանկարժէք ճանաչում մըն էր, եւ անոր շնորհիւ Լիբանան այսօր իր ներկայ սահմաններով կը գոյատեւէ` իբրեւ ազատ, անկախ եւ գերիշխան երկիր:

«Մեր նախահայրերը մեծաթիւ զոհողութիւններով եւ տառապանքով կրցան հասնիլ անկախութեան, եւ մենք Մեծն Լիբանանի հռչակման 100-ամեակը նշելու արժանի չենք դառնար, եթէ չփաստենք, որ կարողութիւնը ունինք հզօրագոյն բանակները տապալելու, Լիբանանի անկախութիւնն ու պատգամ երկիր ըլլալու ճշմարտութիւնը պաշտպանելու», ըսաւ ան:

Նախագահ Աուն կարեւոր նկատեց անդրադառնալ Լիբանանի պատմութեան վերջին տասնամեակներուն` հաստատելով, որ երկրին պատմութիւնը յիշելը կարեւոր է, «որովհետեւ այն ժողովուրդները, որոնք կը մոռնան իրենց պատմութիւնը, կը կրկնեն նոյն սխալները, կը լուսանցքայնացնեն իրենց դերակատարութիւնը եւ կը վտանգեն իրենց ապագան», շեշտեց ան:

Նախագահ Աուն ընդգծեց, որ 1516-1918` չորս դար եւ երկու տարիներու ընթացքին, Լեռնալիբանանը ապրեցաւ Օսմանեան կայսրութեան տիրապետութեան տակ, եւ հակառակ իրենց ապրած որոշ ինքնավարութեան, լիբանանցիք տառապեցան, որովհետեւ օսմանեան վարչական բաժանումներուն պատճառով փոփոխութեան ենթարկուեցաւ Լեռնալիբանանի աշխարհագրական տարածութիւնը, մինչ Լիբանանի միւս շրջանները անջատուեցան եւ ենթակայ մնացին օսմանեան ուղղակի տիրապետութեան:

Ան հաստատեց, որ օսմանեան իշխանութեան ճիրաններէն ազատագրուելու իւրաքանչիւր փորձի դիմաց կ՛արձանագրուէին բռնարարքներ, վայրագութիւն, ոճիր, ինչպէս նաեւ համայնքային սադրանքներ: «Օսմանեան կայսրութեան կողմէ լիբանանցիներուն դէմ գործուած պետական ահաբեկչութիւնը, յատկապէս Համաշխարհային Ա. պատերազմի ընթացքին, պատճառ դարձաւ, որ հարիւր հազարաւոր լիբանանցիներ զոհերը դառնան սովի, զինուորագրումի եւ բիրտ ու վայրագ այլ արարքներու: Պէտք չէ մոռնալ նաեւ Օսմանեան կայսրութեան բարձրացուցած կախաղանները, որոնց ընդմէջէն անոնք փորձեցին ճզմել ազատատենչութեան ու պայքարի կամքը: Այս բոլորին կողքին պէտք է աւելցնել նաեւ ապահովական եւ վարչական բոլոր հաստատութիւններուն եւ կազմակերպութիւններուն դէմ հասած հարուածը, երբ Ճեմալ փաշան պաշտօնազրկեց Լեռնալիբանանի կառավարիչ Յովհաննէս փաշան: Այդ պատերազմէն ետք, օսմանցիներուն ձախողութեամբ է, որ Լիբանան մուտք գործեց ֆրանսական հոգատարութեան ներքեւ եւ սկսաւ իր պատմութեան նոր փուլը, որուն շնորհիւ կրցաւ հասնիլ 1920-ի Մեծն Լիբանանի հռչակումին, եւ ապա` անկախութեան», շեշտեց նախագահ Աուն:

Ան կոչ ուղղեց նորահաս սերունդներուն սորվեցնելու Լիբանանի պատմութիւնը` աւելցնելով, որ երկիրները կը գոյատեւեն, երբ անոնց գերիշխանութիւնը կը գոյատեւէ:

«Մենք ամբողջ աշխարհին կ՛ըսենք, որ Լիբանան խաղաղութիւնը սիրող երկիր է եւ բնաւ պատերազմ չի սանձազերծեր, բայց եւ այնպէս լիբանանցիները օր մը օրանց չեն նահանջած եւ պիտի չզլանան պաշտպանելու իրենց հայրենիքը, եթէ անոր գերիշխանութեան կամ անոր ազգային արժանապատուութեան դէմ որեւէ ոտնձգութիւն կատարուի: Լիբանան որեւէ բռնագրաւումի եւ հոգատարութեան դիմաց տեղի պիտի չտայ», ըսաւ նախագահ Աուն:

Ան աւելցուց, որ Լիբանանի դէմ գործուած իսրայէլեան վերջին բռնարարքին դիմաց ցուցաբերուած լիբանանեան համախոհութիւնը, ինչպէս նաեւ հայրենիքը պաշտպանելու իրաւունքին ընդգծումը մեծագոյն փաստերն են, որ Լիբանան կառչած կը մնայ իր պետականութիւնը եւ իրաւունքները պաշտպանելու սկզբունքներուն:

Նախագահ Աուն իր պատգամը եզրափակեց հաստատելով, որ երկրին պետական հաստատութիւններն են, որոնք կ՛երաշխաւորեն երկիրը, ինչպէս նաեւ անոնք հիմնասիւներն են, որոնց վրայ կանգուն կը մնայ հզօր եւ կարող հայրենիքը:

Նախագահ Աուն անհրաժեշտ նկատեց համայնքային վարչակարգէն անցնիլ քաղաքացիական արդիական պետութեան, ուր պատկանելիութիւնը նախ հայրենիքին է եւ ոչ թէ համայնքային ղեկավարներուն:

Հանրապետութեան նախագահը շեշտեց, որ այսօր Լիբանանի մղած մեծագոյն պայքարը փտածութեան դէմ պայքարն է, նոյնիսկ եթէ ոմանք մտածեն, թէ կարելի չէ այդ պայքարը իրականացնել եւ յաջողութեամբ պսակել: «Մենք պիտի պայքարինք փտածութեան դէմ, ինչպէս նաեւ պիտի չէզոքացնենք այդ պայքարը արգելակող բոլոր խոչընդոտները, որպէսզի Լիբանանի ապագային նկատմամբ լիբանանցի երիտասարդները յոյսով լեցուին եւ չմտածեն արտագաղթի մասին», ըսաւ նախագահ Աուն` աւելցնելով, որ այդ պայքարին արձանագրելիք փոփոխութեան եւ յաղթանակի նշոյլները արդէն իսկ սկսած են հորիզոնի վրայ երեւիլ:

Նախագահ Աուն հաստատեց, որ Լիբանան այնքան մեծ է, որ կարելի չէ զայն կուլ տալ, միաժամանակ ան այնքան փոքր է, որ զայն կարելի չէ մասնատել։

Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Կը Հակազդէ

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ դատապարտեց նախագահ Աունի կատարած յայտարարութիւնները` զանոնք նկատելով Լիբանանի մէջ Օսմանեան կայսրութեան դերակատարութեան դէմ քինախնդիր սլաքներ ուղղող պատգամ մը, որ կը պարփակէ նաեւ օսմանեան իշխանութեան դէմ ուղղուած` պետականութեան ահաբեկչութիւն գործելու ամբաստանութիւնը, որ բացարձակապէս մերժելի է:

Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուի Լիբանան այցելութենէն շաբաթ մը ետք նախագահ Աունի կատարած յայտարարութիւնները կը հարուածեն երկկողմանի մտերմիկ եւ հեզասահ յարաբերութիւնները:

«Նախագահ Աունի կեցուածքները ցաւալի են եւ անպատասխանատու: Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը հպարտութիւնը ունի Օսմանեան կայսրութեան ժառանգորդը ըլլալուն համար», նշուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ:

Հաղորդագրութիւնը չանդրադարձաւ օսմանեան իշխանութեան գործած  բռնարարքներուն` Լիբանանի վրայ իրենց ամբողջ իշխանութեան ամբողջ ընթացքին, եւ հաստատեց, որ օսմանեան իշխանութիւններուն վերագրուող պետական ահաբեկչութիւնը խստիւ մերժելի է:

Հաղորդագրութիւնը ընդգծեց, որ օսմանեան ժամանակաշրջանը եղած է Միջին Արեւելքի մէջ ապահովական կայունութեան ամրապնդման ժամանակաշրջանը, ինչպէս նաեւ ազգային միասնականութեան ժամանակաշրջանը, որուն ընթացքին տարբեր ընկերութիւններ ներողամտութեան մթնոլորտի մէջ ազգային գոյակցութիւն իրականացուցին:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յանդգնութիւնը ունեցաւ նախագահ Աունը ամբաստանելու պատմութիւնը նենգափոխելու, ինչպէս նաեւ օրին Լիբանանի դիմագրաւած փորձանքներուն պատասխանատուութիւնը Օսմանեան կայսրութեան վերագրելու յանցանքով:

«Նախագահ Աունի անգիտակից այս մօտեցումը պատմութեան առարկայականութեան եւ շրջանի ժողովուրդներուն խիղճին չի համընկնիր», ընդգծուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ:

Հաղորդագրութեան մէջ երբեք անդրադարձ չէր կատարուած օսմանցիներուն գործած ջարդերուն, ինչպէս նաեւ Ճեմալ փաշայի բարձրացուցած կախաղաններուն, որոնց վրայ նահատակուեցան լիբանանցի մտաւորականները:

Հաղորդագրութիւնը անտեսած էին նաեւ լիբանանցիներուն միջեւ սադրանքներ նախապատրաստելու եւ զանոնք իրարու դէմ լարելու օսմանեան իշխանութեան արարքները:

Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Կը Պատասխանէ

Լիբանանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ խստիւ դատապարտեց Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութիւնը եւ հանրապետութեան նախագահին դէմ անոր բովանդակած վարկաբեկիչ արտայայտութիւնները:

«Նախագահ Աունի խօսքին մէջ արտասանուած բառերը պատմական դէպքերու իսկութիւնը կը ներկայացնեն. անոնք կը նշեն օսմանեան իշխանութեան ընթացքին Լիբանանի դիմագրաւած պատմական ճշմարտութիւնները, որոնք սակայն լիբանանցի եւ թուրք ժողովուրդներուն կողմէ շրջանցուած են` նկատի ունենալով, որ երկու ժողովուրդներն ալ ապագայի առումով քաղաքական եւ տնտեսական լաւագոյն յարաբերութիւններուն կը ձգտին: Զոյգ երկիրները միացնող իրականութիւնները շատ աւելի են, քան զանոնք բաժնող իրականութիւնները: Մարտահրաւէրները մեծ են ու միացեալ. անոնք կ՛ենթադրեն միասնաբար աշխատիլ եւ ոչ թէ բաժանում սերմանել», նշուեցաւ արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ:

Հաղորդագրութեան մէջ հաստատուեցաւ նաեւ, որ հանրապետութեան նախագահին նկատմամբ գործածուած վարկաբեկիչ այս ոճը մերժելի է եւ դատապարտելի: Իսկ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը պէտք է սրբագրէ իր գործած այս սխալը, որովհետեւ լիբանանեան-թրքական յարաբերութիւնները շատ աւելի խոր են եւ աւելի բարձր, քան չափազանցուած հակազդեցութիւն մը, որ անտեղի է: Նախարարութիւնը պիտի շարունակէ իր միջոցառումները, մինչեւ որ դիւանագիտական կանոններուն համարժէք սրբագրում կատարուի եւ երկկողմանի յարաբերութիւններուն հասած վնասը արգիլուի:

Նշենք, որ արտաքին գործոց նախարարութեան քաղաքական հարցերու տնօրէն, դեսպան Ղատի Խուրի այսօր Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Հաքան Չաքըլը պիտի կանչէ հաշուետուութեան` Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան բովանդակութեան մասին պարզաբանումներ խնդրելու:

Նախագահ Աունի Դէմ Թուրքիոյ Վարկաբեկիչ Յայտարարութիւնները Բուռն Քննադատութեան Ենթարկուեցան 

Տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարար Մանսուր Պթէյշ ընկերային ցանցերուն ընդմէջէն ցասում յայտնեց այն ժամանակին համար, երբ ոճրագործը ներում կը ստանայ եւ վեհ կը նկատուի: «Իսկ ոճրագործին ժառանգորդները անամօթաբար չեն ամչնար արիւնարբու Ճեմալ փաշայի գործած արարքներէն, յատկապէս Լեռնալիբանանի բնակչութիւնը սովի ենթարկելու անմարդկային քայլէն, որ լիբանանցիներուն դէմ ցեղասպանութիւն է: Պատմութիւնը կ՛անտեսեն եւ կատարեալ անկրթութեամբ ցեխարձակումներ կը գործեն մեր նախագահին ու ազգային արժանապատուութեան դէմ», ըսաւ Պթէյշ:

Հանրապետութեան նախագահի ռուսական հարցերով խորհրդատու, նախկին երեսփոխան Ամալ Ապու Զէյտ խստիւ դատապարտեց եւ մերժելի նկատեց նախագահ Աունի դէմ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան ցեխարձակումները:

Ապու Զէյտ նկատել տուաւ, որ այս կեցուածքը կը դրսեւորէ թրքական իշխանութիւններուն կողմէ Օսմանեան կայսրութենէն ժառանգած բռնագրաւումի եւ բռնատիրութեան մտայնութիւնը:

Ապու Զէյտ հաստատեց, որ լիբանանեան պետութեան կողմէ նուազագոյն պատասխանը պէտք է ըլլայ Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպանը պատասխանատուութեան կանչել եւ անոր փոխանցել խիստ ոճով պատգամ մը` ուղղուած Անգարայի իշխանութիւններուն: «Թերեւս այդպիսով անոնք կը սթափին եւ կը գիտակցին, թէ բռնագրաւումի եւ բռնատիրութեան ժամանակաշրջանը անվերադարձ կորսուած է եւ պատմութիւնը պիտի չնահանջէ: Իսկ Մեծն Լիբանանը, որուն 100-ամեակը կը նշենք, պիտի մնայ ազատ, անկախ եւ գերիշխան երկիր, յատկապէս` նախագահ Աունի իշխանութեան օրով: «Լիբանան այնքան մեծ է, որ կարելի չէ զայն կուլ տալ, միաժամանակ ան այնքան փոքր է, որ զայն կարելի չէ մասնատել», ըսաւ Ապու Զէյտ` մէջբերելով նախագահ Աունի կեցուածքը:

Հզօր Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Նիքոլա Սահնաուի թուիթըրեան իր հաշիւին ընդմէջէն կատարեց գրառում մը, որուն մէջ ան հաստատեց, որ Լիբանանի դէմ գործուած իսրայէլեան վերջին յարձակումը եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութիւնը իրենց թշնամական ոճին եւ բռնատիրական մոլուցքին մէջ նոյնանման են: «Լիբանանի դէմ իւրաքանչիւր յարձակում գործողի կը վստահեցնենք, որ արդիւնքը նոյնն է. Լիբանանի դիմադրութեան եւ պայքարի ոգին իր հողերէն դուրս պիտի շպրտէ բոլոր բռնագրաւողները, ինչպէս նաեւ պիտի յաղթէ գերազանց նկատուող բոլոր բանակներուն: Մեծն Լիբանանը պիտի գոյատեւէ: Լիբանան այնքան մեծ է, որ կարելի չէ զայն կուլ տալ, միաժամանակ ան այնքան փոքր է, որ զայն կարելի չէ մասնատել», ընդգծեց Սահնաուի:

Հզօր Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Շամել Ռուքոզ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուին յղեց հետեւեալ նամակը. «Մեծ հետաքրքրութեամբ եւ հսկայ ցնցումով կարդացինք ձեր հրապարակած վերջին հաղորդագրութիւնը, որ կը պատասխանէր մեր երկրին ու պետութեան պետին` հանրապետութեան նախագահին, մեր երկիրներուն եւ ժողովուրդներուն պատմութեան եւ պատմական ցաւալի ժամանակաշրջանի մը մասին:

Պարո՛ն նախարար, այն ազդակը, որ մեզի կը մղէ ձեզի հետ խօսելու, երկու երկիրներուն եւ ժողովուրդներուն բարեկամութիւնն է, ինչպէս նաեւ քաղաքական, տնտեսական եւ մշակութային մարզերուն մէջ գործակցութեան լաւագոյն ապագան ունենալու տեսլականը: Միաժամանակ սակայն, կայ այլ ազդակ մը, որ մեզի կը մղէ ձեզի հետ խօսելու, այդ ալ պատմութեան եւ ճշմարտութեան մեր վստահութիւնն է:

Կ՛ուզենք ձեր ուշադրութեան յանձնել, որ մայրաքաղաք Պէյրութի մէջ գտնուող հրապարակը Նահատակաց հրապարակ կը կոչուի, իսկ յուշարձանը` Նահատակաց յուշարձան: Իսկ 6 մայիսը մեր մօտ պաշտօնական արձակուրդ է: Այս եռեակը` հրապարակ, յուշարձան եւ տօն` վերացական նահատակներու մասին չէ, ո՛չ ալ մարդոց մասին, որոնք ինկան հոգիներու դէմ կռուելով, ո՛չ ալ անյայտ զոհերու, որոնք անմիտ դահիճներու ձեռքով սպաննուեցան: Ո՛չ, անոնք իսկական նահատակներ են, որոնք ինկան այնպիսի ժամանակաշրջանի մը, որուն կրկնութիւնը երբեք չենք փափաքիր:

Այդ նահատակները ազատութեան, անկախութեան եւ գերիշխանութեան մեր դաստիարակներն են: Անոնց անունները փորագրուած են մեր պատմութեան եւ խիղճերուն մէջ, սկսելով` շէյխ Մոհամետ Մսալլեմ Այտին Տիմաշքիէն մինչեւ շէյխ Ապտել Համիտ Զահրաուի Հոմսի, շէյխ Ահմետ Արեֆ Ղազզաուի, շէյխ Ահմետ Թապպարա` Պէյրութի մզկիթին իմամը, Խազեն եղբարք, Հուայէք եղբարք, Ֆատել Սայիտ Աքըլ եւ անոնց հարիւրաւոր ընկերները:

Պարո՛ն նախարար, մեծ պետութիւնները անոնք են, որոնք իրենց սխալներէն դասեր կը քաղեն եւ իրենց պատմութենէն ու անցեալէն օրինակներ կը վերցնեն: Իսկ դուք այդ պետութիւններէն մէկն էք, ու մենք կը վստահինք ձեր անկեղծութեան, վստահելիութեան եւ բարեկամութեան` հիմնուելով ճշմարտութեան վրայ, որ կ՛ազատագրէ ամբողջ մարդկութիւնը…»:

Հզօր Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Անթուան Փանօ արձանագրեց հետեւեալ գրառումը. «Թշնամի Իսրայէլի դաշնակից` օմանցի Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանին կ՛ըսենք, որ ձեր սպանդները, ցեղասպանութիւնները, սովերը եւ ծայրայեղութիւնը չենք մոռցած: Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն կը ներկայացնէ Լիբանանի կենդանի խիղճը, ինչպէս նաեւ յանձնառու կը մնայ Լիբանանը ազատ, անկախ եւ գերիշխան պահելու: Մենք մեր ձայները կը միացնենք նախագահի ձայնին եւ կը հաստատենք, որ

Լիբանան այնքան մեծ է, որ կարելի չէ զայն կուլ տալ, միաժամանակ ան այնքան փոքր է, որ զայն կարելի չէ մասնատել»:

Թաուհիտ հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Ուիամ Ուահապ թուիթըրեան գրառումի մը ընդմէջէն հաստատեց, որ նախագահ Աունի դէմ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութիւնը  անտաշ, գռեհիկ, գարշելի եւ ատելութեամբ լեցուն է` Էրտողանի նման, երբ ան կը փորձէ ծածկել 400 տարուան ընթացքին Օսմանեան կայսրութեան կողմէ արաբներուն դէմ գործուած ոճիրները: «Բոլորդ ոճրագործներ էք` սկսեալ ձեր սուլթաններէն, հասնելով մինչեւ նորօրեայ փոքր սուլթան Էրտողանը», հաստատեց Ուահապ:

 

 

:

 

Նախորդը

Նապաթիէի Մէջ. Իմամ Մուսա Սատըրի Եւ Անոր Ընկերակիցներուն Նուիրուած Ոգեկոչումի Ձեռնարկ

Յաջորդը

Յ. Բագրատունի. «Նախագահ Աուն Ճշմարտութիւնը Խօսեցաւ, Իսկ Էրտողան Շարունակեց Պատմութեան Նենգափոխումը»

RelatedPosts

Ակնարկ.   Դէպի 2026` Գիւմրիի Օրինակով
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Դէպի 2026` Գիւմրիի Օրինակով

Հոկտեմբեր 21, 2025
Գիւմրիի Քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեան Ձերբակալուեցաւ, Կալանքի Միջնորդութիւն Ներկայացուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Գիւմրիի Քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեան Ձերբակալուեցաւ, Կալանքի Միջնորդութիւն Ներկայացուեցաւ

Հոկտեմբեր 21, 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի  Մարմինը Ընդգծեց.  Արցախ Երբեք Մաս Չէ Կազմած  Եւ Պիտի Չկազմէ Ազրպէյճանին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինին Կողմէ Մալոյեանի Սրբադասման Եւ Պապի Լիբանան Այցելութեան Առիթներով Նամակ` Պապական Նուիրակին

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?