Ակնարկ. Մի-ա-ցում
Համահայկական 7-րդ խաղերու բացման հանդիսութեան նախօրէին Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցած հանրահաւաքի ընթացքին Արցախի` Հայաստանի միացումին մասին թէ՛ Արցախի նախագահին եւ թէ՛ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետին ճառերուն մէջ հնչեցին ուշագրաւ բանաձեւեր, որոնք հասկնալիօրէն վերածուեցան ամէնէն շատ լուսարձակ խլած առանցքներուն, ընդգծուած բազմաթիւ ուղղութիւններ ներառած խօսքերուն մէջ: Միացումին մասին կատարուած յայտարարութիւններու բաժինները փորձենք պարունակի մէջ ներառուած մէջբերել` կարելի առաւելագոյն ձեւով առարկայական գնահատական տալու համար...




















