Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Կ՛անդրադառնայ Ագուլիսի Հայերու Ջարդին

December 27, 2019
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստան առաւել քան վճռական է պաշտպանելու եւ ապահովելու հայ ժողովուրդի գոյութեան ու խաղաղ զարգացման իրաւունքը իր պատմական հայրենիքին, որուն կարգին` Արցախի մէջ: Այս հաստատումը կատարեց Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ բանբեր Աննա Նաղդալեան` անդրադառնալով Ագուլիսի հայերու ջարդերուն 100-ամեայ տարելիցին:

Ան ըսաւ. «Այսօր մենք  կը յիշատակենք Ագուլիսի հայերու եղեռնագործութեան 100-րդ տարելիցը: Մէկ դար առաջ` 24-25 դեկտեմբեր 1919-ին, խաղաղ հայ բնակչութիւնը ենթարկուեցաւ զանգուածային կոտորածի, իսկ Նախիջեւանի այս հինաւուրց հայկական բնակավայրը վերածուեցաւ աւերակի:

«Արժանայիշատակ է, որ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան կառավարութիւնը, ի պատասխան այս ջարդերուն, դիմած էր միջազգային հանրութեան եւ, մասնաւորաբար` Անթանթի երկիրներուն` իր տարածքին մէջ կատարուող բռնութիւնները կանխարգիլելու եւ շրջանի հայերուն անվտանգութիւնը ապահովելու կոչով:

«Դժբախտաբար Նախիջեւանի հայերուն դէմ գործուած յանցանքները չսահմանափակուեցան միայն 20-րդ դարու պատմութեամբ, այլեւ նոր դրսեւորում ստացան մեր օրերուն, երբ ազրպէյճանական իշխանութիւնները, վերջնականապէս հայաթափելով Նախիջեւանը, իրականացուցին նաեւ հայկական մշակութային ժառանգութեան համակարգուած եւ զանգուածային ոչնչացումը: Իբրեւ հետեւանք` ամբողջովին քանդուեցան ու ոչնչացան հազարաւոր քրիստոնէական յուշարձաններ, որոնց կարգին եկեղեցիներ, վանքեր եւ խաչքարեր` Ջուղայի, Ագուլիսի մէջ եւ այլուր: Ազրպէյճանական բանակի զինուորներուն կողմէ միջնադարեան քրիստոնէական արուեստի գլուխ գործոցներ նկատուող Ջուղայի հազարաւոր խաչքարերու ոչնչացումը, որ փաստագրուած է տեսաձայնագրութեամբ, կը մնայ համաշխարհային պատմութեան մէջ իբրեւ մշակութային վայրագութիւններու անգերազանցելի դրսեւորում:

«Այսօր, այս ողբերգական դէպքերէն հարիւր տարի ետք, Հայաստան առաւել քան վճռական է պաշտպանելու եւ ապահովելու հայ ժողովուրդի գոյութեան եւ խաղաղ զարգացման իրաւունքը իր պատմական հայրենիքին, որուն կարգին` Արցախի մէջ», յայտնեց Նաղդալեան:

 

 

Նախորդը

Հայաստանի Բանակը Յենակէտերը Կ՛ամրապնդէ Եւ Սպառազինութիւնը Կը Համալրէ

Յաջորդը

Հայաստանի Նախագահը Հանդիպում Ունեցաւ ՀՅԴ Պատուիրակութեան Հետ

RelatedPosts

Միացեալ Նահանգներու Մէջ`  Միջանկեալ Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մէջ` Միջանկեալ Ընտրութիւններ

November 4, 2026
Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն  Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»

November 4, 2026
Իրանեան Զինեալ Ուժերու  Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց.  «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի  Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ  Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»
Գլխաւոր լուրեր

Իրանեան Զինեալ Ուժերու Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց. «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.