Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքին Ս. Ծննդեան Պատգամը. «Ան Ճշմա՛րտապէս Աշխարհ Եկաւ Եւ Մարդացաւ` Անկեալ Մարդը Վերականգնելու Ու Փրկելու

Դեկտեմբեր 24, 2019
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Հրեշտակը ըսաւ հովիւներուն.
Մի՛ վախնաք, ահա մեծ ուրախութիւն մը կ՛աւետեմ ձեզի.
Փրկի՛չ մը ծնաւ այսօր ձեզի»
(Ղկ 2, 11)

Սիրելի՛ եղբայրներ եւ քոյրեր,

Համայն քրիստոնեայ աշխարհը կը հռչակէ այսօր մեծագոյն եղելութիւնը, որ տեղի ունեցած է աստուածային արարչագործութենէն ետք, երբ հրեշտակները հռչակեցին, թէ աշխարհ եկած է աշխարհի Փրկիչը, Բեթղեհէմ կոչուած անծանօթ գիւղի մը մէջ, մինչ բուռ մը հովիւներ, գիշերանց, հեռու աշխարհի թոհուբոհէն, կը պահպանէին իրենց ոչխարները: Բոլորովին անտեղեակ էին անշուշտ այդ համեստ ու անգէտ մարդիկը, թէ իրենք առաջին վկաները պիտի ըլլային եղելութեան մը, որ մարդկութեան ճակատագիրն ու դիմագիծը հիմնովին պիտի յեղաշրջէր: Աստուած այս կերպ ընտրած էր` իմացնելու համար մարդկութեան, թէ իր ստեղծած առաջին մարդուն գործած մեղքն ու անոր արժանացած պատիժը ջնջելու համար, այլ կերպ չկար, եթէ ոչ իր Միածին Որդին ղրկել աշխարհ, որպէսզի իր վրան առնելով Ադամին եւ ամբողջ մարդկութեան մեղքերը, մարդանար եւ կամաւոր կերպով զոհէր ինքզինքը իբրեւ ողջակէզ` թողլով, որ խաչ հանեն զինք ա՛յն մարդիկը զորս փրկելու համար եկած էր:

Աստուածային առաջին արարչական արարքէն ետք, մարդկութիւնը իր գոյութեան երկրորդ փուլը սկսաւ ապրիլ այդ պահուն. փրկութեան ճամբան է, որ կը բացուէր իր առջեւ, որովհետեւ իր վրայէն կը թօթափուէր աստուածային անէծքն ու դատապարտութիւնը, որուն արժանացած էր իր նախահայրը: Բարի լուրն էր այդ, զոր մարգարէներն ու նահապետները հռչակած էին դարերով` յորդորելով ժողովուրդը, որ աղօթքով եւ ապաշխարութեամբ աղերսեն Տիրոջ, որ օր առաջ առաքէ իր խոստացած Մեսիան, աշխարհի Փրկիչը:

Եւ այսօր, աստուածային ողորմութեան ու մարդասիրութեան այդ արարքն է, որ կը յիշատակենք, մինչ ցնծութեամբ կը տօնախմբենք Քրիստոսի աշխարհ գալը: Այո՛, ան ճշմա՛րտապէս աշխարհ եկաւ ու մարդացաւ` մէկ նպատակ միայն ունենալով. անկեալ մարդը վերականգնել ու փրկել: Անըմբռնելի է իմաստն ու տարողութիւնը այս խորհուրդին, զոր մարդեղութիւն կը կոչենք: Ինչպէ՞ս կրնանք ըմբռնել, որ մարդը, որ ստեղծուած էր յաւէտ երջանիկ ըլլալու համար, ինքզինք կը դատապարտէր` անտեսելով իր Արարչին պատուէրը: Իր Տիրոջ հանդէպ գործուած այս ծանր յանցանքը` աստուածային միջամտութեամբ միայն կրնար սրբուիլ: Ուստի անհրաժեշտ էր բացառիկ միջամտութիւն մը` բառնալու համար աստուածային անէծքը: Ո՛չ մէկ արարած կարող էր այդպիսի փրկարար արարք մը կատարել: Այդ բացառիկ միջամտողը ի՛ր իսկ, Աստուծոյ Որդի՛ն եղաւ, որ յօժարեցաւ իջնել աշխարհ, ստանձնելով մարդկային բնութիւնը, անոր բոլոր տկարութիւններով, մեղմելու համար Տիրոջ արդար ցասումը: Այսպէսով է, որ իրագործուեցաւ փրկագործութեան խորհուրդը. Սուրբ Երրորդութեան երկրորդ անձը դարձաւ առն Աստուծոյ, անմե՛ղ ողջակէզը խաչին վրայ զոհուեցաւ մեր սիրոյն համար:

Ա՛յս էր փրկագինը, որ պէտք էր վճարուէր փոխան մեղապարտ մարդկութեան ազատագրումին: Ինչպէս կ՛ըսէ Պօղոս առաքեալ. «Ինք, որ Աստուծոյ կերպարանքով էր, յափշտակութիւն չհամարեց հաւասար ըլլալ Աստուծոյ: Բայց ինքզինք ունայնացուց` ծառայի աստիճան առնելով, մարդոց նման դառնալով եւ մարդու տեսքով յայտնուելով: Խոնարհեցուց ինքզինք` հնազանդ դառնալով մինչեւ մահ եւ մինչեւ մահը` խաչին» (Փիլ 2, 8):

Ան ըսած էր նախապէս, թէ սիրոյ գերագոյն ապացոյցը` իր կեանքը տալն է իր սիրած անձին համար: Ուստի, ինք, որ ծայր աստիճան սիրած էր մարդկութիւնը, ուզեց գագաթնակէտին հասցնել իր սէրը, մեռնելով ի սէր` մարդկութեան: Յովհաննէս, այդ սիրոյ առաքեալը, որ մինչեւ խաչին ոտքը ընկերացաւ իր Տիրոջ, անմիջական վկան եղաւ այդ անհաւասարելի սիրոյն` յիշելով Յիսուսի վերջին օրերը. «Ան, գիտնալով, որ հասած էր ժամը, ուր աշխարհէն պիտի փոխադրուէր դէպի Հայրը, սիրեց իրենները, որ աշխարհի մէջ էին, ի սպառ սիրեց զանոնք» (Յովհ. 13, 1):

Սիրելի՛ եղբայրներ եւ քոյրեր,

Աւելի քան երկու հազար տարի անցաւ այն օրէն, երբ Աստուած, գթալով իր ստեղծած մեղաւոր մարդուն, շնորհեց մեծագոյն պարգեւը, որ կարելի է երեւակայել. ի՛ր իսկ Միածին Որդին: Զայն աշխարհ ղրկեց, որպէսզի մարդը, որ անհնազանդ գտնուած էր իրեն հանդէպ, կարենար ընդունիլ անոր ներումն ու վերստանալ իր կորսնցուցած երջանկութիւնը:

Կարելի՞ է ըսել, թէ որքանո՞վ մարդկութիւնը գնահատեց եւ օգտագործեց այսպիսի անգին պարգեւ մը: Այսօրուան մարդուն մեծագոյն ցանկութիւնն է` օգտուիլ որքան կարելի է` աշխարհին ընձեռած անցաւոր բարիքներէն, որոնք գոհացում կու տան իր նիւթական, զգայական կարիքներուն` անտեսելով այն բարիքները, որոնց շնորհիւ կրնայ ապահովել իր հոգեկան, անանց երջանկութիւնը:

Այդ անգնահատելի բարիքներուն մեծագոյնն է խաղաղութիւնը, որուն բացակայութենէն կը տառապի ներկայ մարդկութիւնը, եւ որուն խոստումը հռչակեցին հրեշտակները Քրիստոսի մսուրին վրայ. «Փա՛ռք ի բարձունս Աստուծոյ եւ յերկիր խաղաղութիւն» (Ղկ. 2, 14): Ափսո՛ս, որքա՛ն հեռու է իրականանալէ այսօր խաղաղութիւնը աշխարհի վրայ. կը տեսնենք ատելութիւնը մարդոց, ժողովուրդներու, ազգերու ու պետութիւններու միջեւ, որոնք ոգի ի բռին կը պայքարին իրարու դէմ` ջանալով իրարմէ խլել հարստութիւն, կամ ափ մը հող, ի գին հարիւրաւոր, հազարաւոր կեանքերու կորուստին: Արեւելք ու Արեւմուտք, անխտիր, դարձած են բեմ` համատարած ու անվերջ խռովութիւններու, որոնցմէ զերծ մնացած չեն մեզ շրջապատող երկիրները, յատկապէս Միջին Արեւելքի տարածքին: Մեզ կը մտահոգեն այս օրերուն արդար ցասումն ու պոռթկումը անիրաւուած, անապահովութեան մատնուած ժողովուրդին, մանաւանդ երիտասարդութեան, որոնք ճարահատ, կը մղուին յեղափոխութեան դիմելու կամ երկիրը լքելու: Կրնա՞նք անտարբեր մնալ անոնց բարկութեան դիմաց` յուսալով, որ օր առաջ այս երկրին տիրակալները զգաստանան, հրաժարին իրենց փառքի ու յափշտակութեան մոլուցքէն եւ մտահոգուին իրենց ժողովուրդին տառապանքով:

Սիրելի՛ եղբայրներ եւ քոյրեր,

Ահա Քրիստոսի Ծնունդը, որ անգամ մը եւս մեր մէջ կ՛արթնցնէ խանդը` զարթնելու, մեր բոլոր կարողութիւնները ի գործ դնելու, նպաստելու համար այս թանկագին, աստուածապարգեւ խաղաղութեան հաստատումին` համայն աշխարհի վրայ: Ի հարկէ, մեր մտքերն ու իղձերը այս պահուս կ՛երթան յատուկ կերպով մեր բոլոր սիրելի ազգակիցներուն, Մայր հայրենիքի, Արցախի ու սփիւռքի տարածքին, որպէսզի խաղաղութեան հետ միասին, իրագործուին ու զարգանան կատարեալ համերաշխութիւնն ու բարօրութիւնը:

Այս բարիքները պարգեւներն են նորածին Փրկիչին, որուն դիմելու եւ աղերսելու առիթն ունինք այս օրերուն: Պիտի ստանանք զանոնք` այն պայմանով որ մեր յոյսը չկորսնցնենք երբեք մարդացեալ Աստուծոյ ողորմութեան եւ բարեսրտութեան վրայ: Մտաբերենք մարգարէական խոստումը, զոր կը հռչակենք յատկապէս այս օրերուս. «Փրկիչ մը ծնաւ ձեզի, Որդի մը տրուեցաւ ձեզի»:  Խաղաղութեան իշխանը մէկ անգամ չծնաւ: Կը ծնի ամէն անգամ, որ քրիստոնեայ աշխարհը կը վերարծարծէ իր յոյսն ու վստահութիւնը, թէ Ան մեզի հետ է միշտ. Էմանուէլն է ան, որ երբեք բացակայ չէ մեր մէջէն:

«Խաղաղութիւն կը թողում ձեզի: Ի՛մ խաղաղութիւնս կու տամ ձեզի»:

Ա՛յս է Ծնունդի անանցանելի խոստումը:

ՔՐԻՍՏՈՍ ԾՆԱՒ ԵՒ ՅԱՅՏՆԵՑԱՒ

ՏԷՐ ԳՐԻԳՈՐ ՊԵՏՐՈՍ Ի.
ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ
ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՀԱՅՈՑ

 

Նախորդը

Ազրպէյճանը «Սու-57» Գնելու Ցանկութիւն Յայտնած Է

Յաջորդը

Մամլոյ Արձակուրդ

RelatedPosts

Թրամփ Կազայի Պատերազմին Աւարտը Յայտարարեց
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Կազայի Պատերազմին Աւարտը Յայտարարեց

Հոկտեմբեր 15, 2025
Մաքրոն. «Աշխատանք Պիտի Տանինք Կազայի Մէջ Միջազգային Ուժ Տեղակայելու»
Գլխաւոր լուրեր

Մաքրոն. «Աշխատանք Պիտի Տանինք Կազայի Մէջ Միջազգային Ուժ Տեղակայելու»

Հոկտեմբեր 15, 2025
Ըստ «Տը Նեշընըլ»-ին.  Ապահովութեան Խորհուրդը Կը Քննարկէ Շարհի Եւ Խաթթապի Անունները ՄԱԿ-ի Պատժամիջոցներուն Ենթակայ Անուններու Ցուցակէն Ջնջելու Օրինագիծ Մը
Գլխաւոր լուրեր

Ըստ «Տը Նեշընըլ»-ին. Ապահովութեան Խորհուրդը Կը Քննարկէ Շարհի Եւ Խաթթապի Անունները ՄԱԿ-ի Պատժամիջոցներուն Ենթակայ Անուններու Ցուցակէն Ջնջելու Օրինագիծ Մը

Հոկտեմբեր 15, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?