Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Դաշնակցութիւն» Խմբակցութեան Տեսակէտը` Արցախի 2020-ի Պետական Պիւտճէին Մասին

December 23, 2019
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արցախի Ազգային ժողովի «Դաշնակցութիւն» խմբակցութիւնը 20 դեկտեմբերին հրապարակեց իր տեսակէտը Արցախի  2020 թուականի պետական պիւտճէին վերաբերող օրէնքի նախագիծին վերաբերեալ, որուն թեր քուէարկեց 19 դեկտեմբերի նիստին, եւ որ արդէն վաւերացուեցաւ Ազգային ժողովին կողմէ:

Ըստ խմբակցութեան յայտարարութեան, 2020 թուականի պետական պիւտճէի նախագիծը 2019-ի պետական պիւտճէի ռազմավարական քաղաքականութեան շարունակութիւնն է: Կառավարութիւնը հիմնականին մէջ ընդունած է խմբակցութեան առաջարկները, որոնց իրականացումը անպայման պիտի նպաստէ Արցախի զարգացման: «Յատկապէս կ՛ողջունենք եւ կարեւոր կը նկատենք Արցախի Հանրապետութեան ամբողջ տարածքը վերաբնակեցման ծրագիրներուն մէջ ներառելու կառավարութեան նոր մօտեցումները, վարկաւորման ճկուն մեքանիզմի կիրարկումով երկրի` մասնաւորապէս գիւղական համայնքներու, համաչափ զարգացման հանգամանքները: Արդէն օրէնքի պահանջին համահունչ աւանդութիւն դարձած են շինարարութեան ծրագիրի ժամանակին ներկայացումը Ազգային ժողով,  ինչ որ տարիներ շարունակ եղած է «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան պահանջը: Այդպիսով կարելիութիւն կը ստեղծուի օրէնսդիրին ո՛չ միայն հանդէս գալու շարք մը առաջարկներով, այլ նաեւ ճիշդ գնահատելու հիմնական շինարարութեան քաղաքականութեան բովանդակութիւնն ու ուղղուածութիւնը», նշուած է յայտարարութեան մէջ:

Խմբակցութիւնը, թէեւ բաւարար չէ նկատած, բայց եւ այնպէս ողջունած է որոշ ոլորտներու աշխատողներու` մասնաւորապէս ուսուցիչներու, ընկերային խումբերու մէջ ընդգրկուածներու նուազագոյն աշխատավարձերու, թոշակներու եւ նպաստներու բարձրացումը` ակնկալելով, որ անիկա շարունակական կը դառնայ գործադիրի հետագայ քաղաքականութեան մէջ: Կարեւորութեամբ շեշտը դրուած է նաեւ գիւղաբնակներու կեանքի բարելաւման եւ գիւղական բնակավայրերու մէջ նոր ներդրումային քաղաքականութեան շարունակութիւնը` ողջունելի նկատելով համագործակցականներուն տրուող վարկաւորման նոր քաղաքականութիւնը: «Սակայն մեզ կը շարունակէ անհանգստացնել այս ոլորտին մէջ արձանագրուած թոյլ տեղաշարժը: Մտահոգիչ է, որ մեծագոյն զբաղուածութիւն ապահովող բնագաւառը` գիւղատնտեսութիւնը, համախառն արտադրանքի տեսքով 2019-ի յունուար-սեպտեմբեր ամիսներուն նուազած է 3,9 տոկոսով, 2018-ի նոյն ժամանակահատուածին հետ բաղդատելով 6,6 տոկոսով», յայտնած է «Դաշնակցութիւն» խմբակցութիւնը` առաջարկելով հետագային աւելի շատ այցելել գիւղական շրջաններ եւ աջակցիլ գիւղին ու գիւղացիին:

«Կարեւոր նկատելով Արցախի վարչատարածքային միաւորներու համաչափ զարգացումը, կը շարունակենք պնդել, որ միջոցներու տրամադրումը ունի ռազմավարական նշանակութիւն եւ իր մէջ կը ներառէ ազգային անվտանգութեան բաղադրիչ: «Դաշնակցութիւն» խմբակցութիւնը մտահոգ կը մնայ բնապահպանութեան ներկայ վիճակով, եւ ատոր համար մեր հարցադրումներուն մէկ մասը վերաբերած է ատոր: Այս ոլորտին մէջ առաւել եւս պէտք է բարձրացնել պատկան մարմիններուն կողմէ վերահսկողութեան գործառոյթը», նշուած է յայտարարութեան մէջ:

Լուսարձակի տակ առնուած է այն, որ տնտեսութեան քանի մը ճիւղեր մտահոգութեան առարկայ են տակաւին, եւ պէտք է այդ ուղղութեամբ լուրջ քայլերու ձեռնարկել, ինչպէս` փոքր եւ միջին ձեռներէցութեան թերզարգացուածութեան մակարդակը, արմատական փոփոխութիւնները եւ լուրջ ֆինանսական միջոցներու յատկացումները բնակչութեան քաղաքացիական պաշտպանութեան բնագաւառին, բնակչութեան կողմէ նախապէս դրամատուներու մէջ դրուած աւանդներու վերադարձման գործընթաց` Հայաստանի մէջ գործող կարգին համահունչ:

«Կը շարունակենք պնդել, որ Արցախի հիմնահարցը միջազգային բեմահարթակներու վրայ արդիւնաւէտ եւ ազդեցիկ կերպով ներկայացնելու համար նպատակայարմար է ընդլայնել այլ երկիրներու մէջ Արցախի ներկայացուցչութիւնները` անոնց յատկացնելով համապատասխան պիւտճէ: Միշտ ալ կարեւոր նկատած ենք այն, որ պիւտճէական քաղաքականութեան իբրեւ հիմք պէտք է առաջնահերթ նկատուին Արցախի անվտանգութեան բաղադրիչները եւ այդ պարունակին մէջ դիտարկել պիւտճէի ծախսերու ուղղուածութիւնն ու տարուան կտրուածքով միջոցներու յատկացումները` հակառակ անոր որ վերոյիշեալ ոլորտին մէջ յառաջընթացը ակնյայտ է», շեշտած է խմբակցութիւնը` ընդհանուր առմամբ 2020 թուականի պետական պիւտճէն նկատելով իրատեսական, երկրի ընկերային-տնտեսական զարգացման նպաստող եւ ընկերային առումով առաւել ուղղուածութիւն արտայայտող:

Նախորդը

Վարչապետին Ներկայացուեցաւ Հակաօդային Եւ Հակահրթիռային Պաշտպանութեան Նորագոյն Սպառազինութիւնը

Յաջորդը

«Թուրքիան Ու Ճափոնը Մէկ Ազգ, Երկու Պետութիւն Են» Կ՛ըսէ Թուրքիոյ Մէջ Ճափոնի Դեսպանը

RelatedPosts

Թեհրան Կը Պատրաստուի Հորմուզի Նեղուցէն Դուրս Արգիլեալ Գօտի Ստեղծելու
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Ուիթքոֆ Ներկայիս Իրանի Հետ Համաձայնութեան Գոյացման Վրայ Կ՛աշխատի Եւ Չափազանց Լաւ Յառաջընթաց Կ՛արձանագրէ»

October 9, 2026
Այցելելով Նախագահ Աունին`  Քալլաս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է  Լիբանանին Անհրաժեշտ  Օժանդակութիւնները Տրամադրելու»
Գլխաւոր լուրեր

Այցելելով Նախագահ Աունին` Քալլաս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է Լիբանանին Անհրաժեշտ Օժանդակութիւնները Տրամադրելու»

October 9, 2026
Լիբանանցիներուն Յղած Իր Ուղերձին Մէջ.  «2027-ի Ամավարկը Որեւէ Նոր Տուրք Պիտի Չպարունակէ»  Կ՛ըսէ Սալամ
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանցիներուն Յղած Իր Ուղերձին Մէջ. «2027-ի Ամավարկը Որեւէ Նոր Տուրք Պիտի Չպարունակէ» Կ՛ըսէ Սալամ

October 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.