Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Թէ՛ Մասնագէտ, Թէ՛ Քաղաքագէտ

Դեկտեմբեր 24, 2019
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետի նշանակումը կամ նախատօնական փուլը տակաւին լաւատեսութիւն չեն հաղորդած լիբանանցի ժողովուրդին, որ ընդամէնը ճգնաժամի ընթացքի մէջ դադարի (թայմ աութ) իրականութեան առջեւ գտնուելու համոզումը ունի:

Նշանակուած վարչապետը ճիգի մէջ է սեղմ ժամանակի մէջ սեղմ կազմով կառավարութիւն ձեւաւորելու: Իր պատկերացումին համաձայն անիկա պիտի ըլլայ փոքրաթիւ եւ անկախ:

Եթէ փոքրաթիւի սահմանները կարելի է պատկերացնել, ապա անկախ բնութագիրի ընկալումն ու իրականացումը նոյնքան պարզ չեն: Քաղաքական գործընթացներու մէջ անհատական թէ պետական առումներով անկախ յղացքը շատ յարաբերական է, երբ գերտէրութիւններէ եւ ներպետական  հասկացողութեամբ հիմնական ուժերէ կախեալութեան աստիճանաչափեր կան շեշտակիօրէն զգալի:

Բացայայտ է, որ Լիբանանը տնտեսական շրջափակման ենթարկուած է: Պաշտօնական Ուաշինկթընի պատուիրակը բացայայտօրէն կը յայտարարէ, որ իր պետութեան դիրքորոշումը կախեալ է կազմուելիք կառավարութեան բովանդակութենէն:

Փոխանցուող պատկերացումը` կառավարութեան բովանդակութեան, պաշտօնապէս կը վերաբերի վարչակառավարման համակարգին, այլ խօսքով` Ուաշինկթընի կողմէ հրապարակ նետուող կարգախօսներուն` թափանցիկութիւն, հակափտածութիւն, մասնագիտացուած մարդուժի ներառում: Ըստ էութեան, սակայն Միացեալ Նահանգներ կ՛ուզեն նոր կառավարութեան մէջ տեսնել առնուազն իրենց արտաքին քաղաքականութեան չհակադրուած ուժերու ներկայացուցիչներ: Ենթաթեքսթը հետեւաբար նախ եւ առաջ իրանամէտ ուժի` Հըզպալլայի ներկայացուցչութեան բացառումն է:

Դիւանագիտական, անուղղակի ըսելաձեւեր կ՛օգտագործուին ենթաթեքսթի շրջանցման համար: Սեղմ, անկախ, մասնագիտացուած: Խորքին մէջ սակայն Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարին կողմէ ուղղակի պահանջուածը եւ այժմ յատուկ պատուիրակին անուղղակի ըսածը իրար կը համապատասխանեն: «Ահաբեկչական» կազմակերպութեան բացառման պահանջը եւ կառավարութեան կազմին դիմաց դիրքորոշում ճշդելու յայտարարութիւնը իրար լրացնող բաժիններ են եւ հաշտ` Միացեալ Նահանգներու արտաքին քաղաքականութեան, աւելի ճիշդը միջին արեւելեան տարածաշրջանին մէջ կիրարկուած վարքագիծին:

Տնտեսական շրջափակումը ճեղքելու համար լիբանանեան կողմը կը փորձէ առաձգականութիւն ցոյց տալ: Խոչընդոտներ վերացնելու միտուած յայտարարութիւնները ուղերձ ունին միջազգային ընտանիքին վերջ տալու շրջափակումին:

Քաղաքական իրատեսութիւնը կը յուշէ սակայն, որ նոյնիսկ վարչակառավարման նորարար գործելաձեւերու որդեգրումը կամ  մասնագիտացուած մարդուժի ներառումը մոգական գաւազանի դեր չեն կրնար կատարել իրավիճակի կտրուկ փոփոխութիւն բերելու առումով:

Բայց որ վարչակառավարման արդիական  համակարգի մօտեցումը պարտադիր հրամայական դարձած է, վիճարկելի չէ որեւէ կողմի համար: Խնդիրը առաւելաբար կը վերաբերի որեւէ բեկումնային կացութիւն ստեղծելու համար զանգուածային յենարան ունենալուն:

Նոյնիսկ ապակուսակցական, մասնագէտի համբաւ ունեցող որեւէ նախարար  նոր հուն ստեղծող կամ շօշափելի արդիւնք ձեռք ձգող գործողութիւններ կազմակերպելու համար անհրաժեշտութիւնը ունի զգալու ժողովրդային յենարանը:

Ապահամայնքային համակարգի անցումը միանգամայն տեղի չ՛ունենար իրատեսօրէն: Հանգրուանային անցումը տարբեր փուլերէ կ՛անցնի: Համատեղման եւ անցնցում գործընթացներ ապահովելու բանաձեւումը լաւագոյնս տուած է Հայկական երեսփոխանական պլոքին անունով կատարուած յայտարարութիւնը, երբ կ՛ըսէ, որ ունի թէ՛ մասնագէտ, եւ թէ՛ քաղաքագէտ թեկնածուներ կազմելի կառավարութեան համար:

Ժողովրդային յենարան ունեցող մասնագէտներու եւ քաղաքագէտներու համատեղումն է, որ ստեղծուած փապուղիին մէջ հեռուէն լոյսի նշոյլներ տեսնելու կարելիութիւններ կ՛ընձեռէ:

«Ա.»

Նախորդը

Արցախը Պէտք Է Մնայ Կայուն, Համախմբուած Եւ ՀՅԴ Գաղափարներով Տոգորուած Առաջ Շարժուի. Յակոբ Տէր Խաչատուրեան

Յաջորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Շարմ Շէյխի Հրաւիրեալները
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Շարմ Շէյխի Հրաւիրեալները

Հոկտեմբեր 14, 2025
Թրամփ. «Կազայի Համաձայնութեան Երկրորդ Փուլի Շուրջ Բանակցութիւնները Սկսան»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կազայի Համաձայնութեան Երկրորդ Փուլի Շուրջ Բանակցութիւնները Սկսան»

Հոկտեմբեր 14, 2025
Իսրայէլեան Քնեսեթին Առջեւ Խօսք Արտասանելով`  «Ասիկա Նոր Միջին Արեւելքի Պատմական Արշալոյսն Է. Բարեկամութեան Ձեռքը Երկարած Ենք Իրանին»  Յայտարարեց Թրամփ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Քնեսեթին Առջեւ Խօսք Արտասանելով` «Ասիկա Նոր Միջին Արեւելքի Պատմական Արշալոյսն Է. Բարեկամութեան Ձեռքը Երկարած Ենք Իրանին» Յայտարարեց Թրամփ

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?