Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արծուիկ Մինասեան. Անօրինական Մեթոտներով Օրինականութիւն Հաստատել Հնարաւոր Չէ»

December 28, 2019
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սահմանադրական դատարանի դատաւորներու մեծամասնութիւնը պատրաստ չէ երթալու օրինական կաշառքը ստանալու ճամբով: Այս մասին երէկ` ուրբաթ, 27 դեկտեմբերին, Սահմանադրական դատարանին դիմաց լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ Արծուիկ Մինասեան:

«Ակնյայտ է, որ Վահէ Գրիգորեան գործողութիւններով, բազմաթիւ քրէական գործերով, բազմաթիւ ապօրինի վարքագիծեր դրսեւորելով իշխանութիւնը չէ հասած յաջողութեան: Վերջին փորձը օրինական կաշառքի միջոցով ազատ կացուցուած է Սահմանադրական դատարանը, ատիկա ալ չէ  յաջողած, որովհետեւ ճանչնալով Սահմանադրական դատարանի այն դատաւորները, որոնք նշանակուած են մինչեւ 2018 եւ բազմաթիւ  գործերով ցոյց տուած են իրենց վճռականութիւնը, պարզ է, որ անոնց մեծամասնութիւնը պատրաստ չէ երթալու օրինական կաշառքը ստանալու տարբերակով: Հիմա, իմ խորին համոզումով, իշխանութիւնը կը փորձէ կիրարկել «աչք վախցնելու» ձեւը: Այս ապօրինի գործողութիւնները  ի վերջոյ պատասխանատուութեան պիտի կանչեն անոնց նախաձեռնողները, պատուիրատուները: Ասիկա իշխանափոխութեան առաջին իսկ պահէն պիտի դառնար նոր իշխանութեան կողմէ անցումային արդարադատութեան կարեւոր ուղղութիւններէն մէկը», ըսաւ Արծուիկ Մինասեան:

Ան աւելցուց, որ իբրեւ հարցաքննութիւն ձեւակերպուած քննչական գործողութիւնը որեւէ պահու կրնայ վերածուիլ ուղղակի մեղադրանքի առաջադրման. «Չի բացառուիր, որ ասիկա վերածուի ազատութենէ զրկման գործողութեան` ձերբակալման, կալանաւորման եւ այլ տեսքով: Հաւանական ելքը կանխատեսելի է նաեւ Սահմանադրական դատարանի դատաւորներու եւ նախագահին համար, որոնք կը պահպանեն սահմանադրական կանոնը: Կարեւոր է, որ անոնց տոկունութիւնը ըլլայ ի պաշտպանութիւն սահմանադրական կանոններու:

Ես կոչ կ՛ուղղեմ նաեւ մեր քաղաքացիներուն, անօրինական ձեւերով օրինականութիւն հաստատել կարելի չէ: Իրենք պիտի բանան իրենց աչքերն ու տեսնեն, որ այն երազանքներու Հայաստանը, որ իրենք կ՛ուզէին մէկ տարի առաջ, ցաւօք, այսօր աստիճանաբար կը մարեն: Օր առաջ պէտք է պահանջատէրը ըլլան իրաւունքի գերակայութեան ապահովման ու իշխանութիւններուն պարտադրեն վերադառնալ սահմանադրական ընթացակարգեր», յայտարարեց Արծուիկ Մինասեան:

 

Նախորդը

Համալրուած Են ՀՅԴ-Ի Շարքերը

Յաջորդը

Ֆրանսան Աւարտած Է Հայաստան – Եւրոպական Միութիւն Համաձայնագիրի Վաւերացման Հոլովոյթը

RelatedPosts

Ակնարկ.   Քրտական Եւ Տիւրզիական  Զուգահեռագիծեր
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Քրտական Եւ Տիւրզիական Զուգահեռագիծեր

January 22, 2026
Թրամփ. «Եւրոպան Ճիշդ Ուղղութեամբ Չ՛ընթանար»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Եւրոպան Ճիշդ Ուղղութեամբ Չ՛ընթանար»

January 22, 2026
Փեսքով. «Փութին Պատրաստ Է Առանց  Նախապայմաններու Բանակցելու Ուքրանիոյ Հետ»
Գլխաւոր լուրեր

Այսօր Մոսկուայի Մէջ Ուիթքոֆ-Փութին Հանդիպում

January 22, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.