«Ոսկանապատ» վերլուծական կեդրոնին կազմակերպած համաժողովին, որ կը կրէր «Հայաստանը` 2020 թուականի նախաշեմին» խորագիրը, ելոյթներով հանդէս եկան նաեւ ՀՅԴ Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի ղեկավար Կիրօ Մանոյեանն ու ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ Արծուիկ Մինասեանը:
Ընդհանուր առմամբ, «Հայաստանը` 2020-ի նախաշեմին» համաժողովի մասնակիցները Հայաստանին սպառնացող վտանգներ կը տեսնեն թէ՛ երկրին ներսը, եւ թէ՛ դուրսը:
Կիրօ Մանոյեան իր ելոյթին մէջ դիտարկումներ կատարեց արցախեան բանակցութիւններու ներկայ վիճակին գծով: Ան անդրադարձաւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի` Ազգային ժողովին մէջ կատարած այն յայտարարութեան, թէ` «մեր եւ Ազրպէյճանի մօտեցումներուն միջեւ ոչ մէկ տարբերութիւն կայ, մօտեցումները100 տոկոսով նոյնն են»: «Եւ յայտարարած է այն հանդիպումէն առաջ, ուր յետոյ ըսած է` Արցախի բանակցութիւններուն պէտք է մասնակցի նաեւ Արցախը: Անհասկնալի է: Կայ շատ թոյլ, խոցելի, վնասակար մօտեցում. կը խօսի այն մասին, որ Արցախի ժողովուրդը պէտք է արտայայտէ իր կամքը` ինչպէ՛ս կ՛ուզէ ապրիլ: Այսինքն, այսպիսով կ՛անտեսուին 1991 թուականի հանրաքուէն, նաեւ 2006 եւ 2017 թուականներու Սահմանադրութեան հանրաքուէները», դիտել տուաւ Կ. Մանոյեան:
Ըստ անոր, ճիշդ չէ ըսել, որ Հայաստան չէ ճանչցած Արցախի անկախութիւնը, նոյնքան ճիշդ չէ ըսել, որ լրիւ ճանչցած է: Ճանաչումը միջանկեալ տիրոյթին մէջ է. Հայաստանի մէջ կայ Արցախի Հանրապետութեան դիւանագիտական ներկայացուցչութիւն, որ, պաշտօնական Երեւանի տեսանկիւնէն, նոյն կարգավիճակը ունի, ինչ որ, օրինակ, Միացեալ Նահանգներու, Ֆրանսայի դիւանագիտական ներկայացուցչութիւնները: Բացի ատկէ, Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութիւնները ունին միջպետական համաձայնագիրներ եւ յարաբերութիւններ: Փաստ է նաեւ, որ Ազրպէյճան բանակցութիւնները անվերջ պատանդ կը պահէ:
Արցախեան խնդիրի լուծման փուլային տարբերակին անդրադառնալով` Կիրօ Մանոյեան հարցը դիտարկեց ոչ թէ այսօրուան, այլ ասկէ 5-6 տարի առաջուան իրողութիւններու տեսանկիւնէն. «Որոշ փորձեր եղան` ըսելու, որ թող Հայաստանն ու Ազրպէյճանը գրեն, թէ նախնական ի՛նչ համաձայնութիւններ եղած են միմեանց միջեւ: Բարեբախտաբար, Հայաստանի նախկին իշխանութիւնները ատիկա չընդունեցին. եթէ գրէին` ըստ այդ համաձայնութիւններուն պէտք է գործէին: Հայաստանի իշխանութիւններուն դիրքորոշումը այն էր, որ Արցախի հարցը փաթեթային լուծում պէտք է ունենայ: Միջազգային փորձագիտական շրջանակներուն կողմէ երեք օր առաջ ըսուեցաւ` թող եղած հարցերուն շուրջ Հայաստանը համաձայնի, տարածքներ տայ, գաղթականներուն հարցը լուծէ, յետոյ կարգավիճակի խնդիրին ալ կ’անդրադառնան: Ասիկա նոյնքան վտանգաւոր է, որքան մատրիտեան փաստաթուղթը: Վտանգաւոր է նաեւ հայաստանեան ռազմավարութիւն չունենալը», աւելցուց Կ. Մանոյեան:
Ան մտահոգութիւն յայտնեց այն առնչութեամբ, որ այս իշխանութիւնները չունին Արցախի տագնապի լուծման ռազմավարութիւն եւ հայեցակարգ, տարբեր պահերու տարբեր բաներ կ՛ըսեն. Մանոյեան վտանգաւոր նկատեց նաեւ այն, որ ներկայ իշխանութիւնները չեն գիտեր` ո՛ր քայլէն ետք ինչի՛ պիտի ձեռնարկեն: Շփման գիծին մէջ, սահմանի երկայնքով կրակողները պակսած են, բայց Ազրպէյճան իր դիրքերը ամրապնդելու կարելիութիւն ստացած է: Համաժողովին մասնակից գործիչները չեն թաքցուցած իրենց մտահոգութիւնը` կարելի չէ պատերազմը անհաւանական նկատել: Կիրօ Մանոյեան եւս շեշտեց, որ նոր պատերազմի վտանգը անհանգստացնող է: «Յառաջիկայ պատերազմը աւելի ծանր պիտի ըլլայ, քան 2016-ին էր: Պատերազմը անխուսափելի է. մենք միշտ պէտք է այդ գիտակցութեամբ ապրինք ու շարժինք, որովհետեւ պատերազմին ընթացքին յաղթելու միակ ձեւը միշտ պատերազմին պատրաստ ըլլալն է, ոչ թէ ըսենք` հանգիստ ենք, պատերազմ պիտի չըլլայ եւ յանկարծ պատերազմ ծագի. մենք գիտենք, թէ մեր դիմացինը կամ դիմացինները որո՛նք են», իր խօսքին մէջ շեշտեց Կիրօ Մանոյեան:
Արծուիկ Մինասեան հիմնականին մէջ լուսարձակի տակ առաւ Հայաստանի տարբեր մարտահրաւէրները` շեշտելով, որ 2019 թուականը կորսուած կարելիութիւններու եւ նոր սպառնալիքներու ձեւաւորման տարի էր, առնուազն կարեւոր 7 ուղղութեամբ ո՛չ միայն կարելի չեղաւ յաւուր պատշաճի ուժեղացնել մեր պետականութիւնը, այլ նոր սպառնալիքներ ձեւաւորեցինք:
Առաջին երեք հարուածները, ըստ Մինասեանի, հասցուած են արտաքին յարաբերութիւններուն, արցախեան բանակցութիւններուն եւ հայոց բանակին:
Մինասեան նկատել տուաւ, որ Հայաստանի մէջ կ՛աճի նաեւ ատելութեան խօսքը, իշխանութիւնները կ՛ընտրեն նոր թիրախներ, որոնց նկատմամբ ատելութեան մթնոլորտ կը ստեղծուի` այդպիսով անտեսումի մատնելով այն հարցերը, որոնք կրնան մտահոգութիւններ յառաջացնել մարդոց մօտ` մասնաւորապէս, նոր իշխանութիւններէն սպասելիքներու առումով:
«Անհանդուրժողականութեան մթնոլորտի ձեւաւորումը, ատելութեան խօսքը, քարոզը, որ կը բխի նախ իշխանութիւն ձեւաւորած անձերու վարքագիծէն, ցաւօք սրտի, Հայաստանի մէջ դարձաւ առօրեայ: Գրեթէ ամէն օր համացանցին մէջ հանդիպած հարիւր հազարաւոր վիրաւորանքներն ու հայհոյանքները կը վկայեն, որ իշխանութեան վարքագիծը դարձած է ամէն գնով նոր թիրախներ կամ, այսպէս կոչուած, թշնամիներ փնտռելը, որպէսզի հասարակութիւնը, ի վերջոյ, հարցումներ չուղղէ, չհարցնէ` «լա՛ւ, մերժեցինք անցեալը, վատ երեւոյթները, բայց նորը դեռ չենք կառուցած, իսկ նորին համար, իշխանութի՛ւն, դուն ի՞նչ պիտի ընես, ի՞նչ խոստացած ես եւ ի՞նչ կատարած»: Այս հարցը, ցաւօք սրտի, հասարակութեան մեծ մասը չի տար, որովհետեւ անոր անընդհատ կը հրամցուի նոր թշնամի», նշեց Մինասեան:
Ան նշեց նաեւ, որ հասարակական լարուած մթնոլորտին, անհանդուրժողականութեան պայմաններուն մէջ շատ աւելի ծանր հետեւանքներ կը յառաջացնեն օտարածին օրակարգերու սպասարկման պատրաստ եւ զանոնք հասարակութեան քաղաքական կեանքին մէջ անընդհատ ու ամէն օր ներմուծող մօտեցումները: «Ասոնք փորձ են` ձեւաւորելու հասարակութիւն մը, որ չունի դիմադրողականութիւն, որ կ՛ապրի առօրեայ հաճոյքներով եւ պատրաստ չէ ազգային գաղափարներու եւ նպատակներու համար պայքար տանիլ, կամ, լաւագոյն պարագային, անոր պայքարը պէտք է ըլլայ, այսպէս կոչուած, համայն աշխարհի կամ մարդկութեան շրջանակներուն մէջ պարզապէս սեփական բարեկեցութիւնը բարելաւելը», պարզաբանեց ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամը:
Միւս մարտահրաւէրը, ըստ Մինասեանի, իշխանութեան մէջ մենատիրութեան հաստատման առարկայական գործողութիւններն են: «Դատարաններու նուաճման քաղաքականութիւնը, որ իշխանութիւնը վերէն վար ծրագրուած ձեւով կը փորձէր իրականացնել, կը բացայայտէ նաեւ անձնիշխանութեան, անձնակեդրոն իշխանութեան ցանկութիւններն ու ձգտումները: Դատարաններուն վրայ ճնշումները կը խօսին այն մասին, որ մենք ո՛չ միայն չենք կրնար իրաւական պետութեան մասին խօսիլ, այլեւ հակառակը` կը խօսինք բռնապետութեան մասին, հասարակութեան մը մասին, ուր մատնութիւնը դարձած է հիմնական վարքագիծի կանոն», ըսաւ ան` նշելով, որ իշխանութիւնները անտեսած են ժողովրդավարական ամէնէն տարրական կանոնները:
Արծուիկ Մինասեան ըսաւ նաեւ, թէ քաղաքական կուսակցութիւնները, որոնք պէտք է երկրին մէջ հասարակութեան քաղաքական կամքը ձեւաւորեն, այսօր, որքան կարելի է, կը պիտակաւորուին, յատկապէս այն կուսակցութիւնները, որոնք իշխանութեան ընդդիմախօս են: «Այսինքն` կ՛ոչնչացուի քաղաքական հաստատութեան կարեւոր հատուած մը: Առանց քաղաքական կուսակցութիւններուն` նաեւ գաղափարախօսութիւն չի կրնար ըլլալ, առանց գաղափարախօսութեան` ապագայ չի կրնար ըլլալ: Պատահական չէ, որ եթէ առանց գաղափարախօսութեան կը ձեւաւորուի իշխանութիւն, որ կա՛մ պէտք է ընթանայ մենիշխանութեան հաստատման եւ բռնատիրութեան միջոցով իշխանութիւնը պահելու ուղիով, կա՛մ պարզապէս պետականութիւնը կորսնցնելու ճամբով», դիտել տուաւ Մինասեան:
Աւարտին ան շեշտեց, որ կարելի չէ արձանագրել, որ ունինք մեր երկրի լաւ տեսլական. ներդրողները հետզհետէ կը հեռանան, իսկ հասարակութեան մօտ պէտք է արթննայ այն ճշմարտութիւնը, որ միայն հոսող ջուրը կրնայ զուլալ ըլլալ: «Եթէ չպայքարինք, ուղղակի մեր պետականութիւնը կը կորսնցնենք», յայտնեց Արծուիկ Մինասեան: