Գլխաւոր լուրեր

Աւելի Քան Հազար Ուխտաւորներ Մասնակցեցան  Դէպի Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանք Ուխտերթին

Աւելի Քան Հազար Ուխտաւորներ Մասնակցեցան Դէպի Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանք Ուխտերթին

Ուրբաթ, 16 օգոստոս 2019-ին, երրորդ տարին ըլլալով, Ս. Աստուածածնայ վերափոխման տօնին առիթով, ուխտերթութիւն մը տեղի ունեցաւ Անթիլիասի մայրավանքէն դէպի Ս. Աստուածածին վանք: Ուխտերթին մասնակցեցան աւելի քան հազար հայ թէ օտար ուխտաւորներ, ինչպէս նաեւ միաբան հայրեր, դպրեվանեցիներ, քահանայ հայրեր, սարկաւագներ եւ դպրաց դասեր:

Խմբագրական.  Համահայկական Օրակարգի Փոխլրացուցիչ Ենթակէտերը

Խմբագրական. Համահայկական Օրակարգի Փոխլրացուցիչ Ենթակէտերը

Համահայկական օրակարգի ձեւաւորման հրամայականին շուրջ ակնկալելի է, որ ծաւալին հրապարակային քննարկումներ: Օրակարգի կէտերը բնականաբար կ՛ըլլան գերակայ ուղղութիւններ եւ օրինաչափօրէն հետզհետէ Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութեանց կարեւորագոյն խնդիրներուն կը միացնեն համասփիւռքեան-համահայկական հիմնահարցեր: Թէ՛ օրակարգի ձեւաւորման եւ թէ՛ օրակարգի կէտերու կատարողականութեան գործիքակազմերու կամ կառուցակարգային խնդիրներու մասին վստահաբար թափ կը հաւաքեն կազմակերպելի խորհրդակցութիւնները: Այս բոլորը որոշ ժամանակ կ՛ենթադրեն. մինչ այդ, կան հրատապ նշանակութիւն ունեցող...

Յակոբ Տէր Խաչատուրեան. «Մեր Հիմնական  Առաջնահերթութիւններէն Է,  Որ Արցախը Զերծ Մնայ Որեւէ Ցնցումէ»

Յակոբ Տէր Խաչատուրեան. «Մեր Հիմնական Առաջնահերթութիւններէն Է, Որ Արցախը Զերծ Մնայ Որեւէ Ցնցումէ»

Վերջերս «Երկիր Մեդիա» պատկերասփիւռի կայանին տուած հարցազրոյցին ընթացքին ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան անդրադարձաւ նաեւ Արցախի մէջ տեղի ունենալիք նախագահական եւ Ազգային ժողովի ընտրութիւններուն: Ան ըսաւ, թէ Դաշնակցութեան նախընտրութիւնն է Արցախի մէջ ստեղծել այնպիսի  մթնոլորտ մը, որ կարելի ըլլայ համախմբուիլ բոլորին յարգանքը վայելող թեկնածուի մը շուրջ: «Բնականաբար, իւրաքանչիւր թեկնածու կը կարծէ, որ ինք պէտք է ըլլայ այդ համախոհական թեկնածուն,...

«Մեդիամաքս»ի Հարցազրոյցը Արցախի Հանրապետութեան Արտաքին Գործերի Նախարար Մասիս Մայիլեանի Հետ

Արցախի Արտաքին Գործոց Նախարարը Չի Բացառեր Իր Աշխուժ Մասնակցութիւնը Ընտրութիւններուն

Արցախի արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեան չի բացառեր իր աշխուժ մասնակցութիւնը ընտրութիւններուն: Ան այդ մասին գրառում կատարած է դիմատետրի իր էջին վրայ: «Ըստ կարելւոյն կը հետեւիմ ներարցախեան քաղաքական զարգացումներուն եւ յառաջիկայ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ու համապետական ընտրութիւններուն հետ կապուած իրավիճակին: Կը գտնեմ, որ բացառիկ կարելիութիւն ստեղծուած է  օրինակելի ընտրութիւններու կազմակերպման համար, եւ պատրաստ եմ ամէն ինչով նպաստելու այդ ընտրութիւններուն շուրջ...

Իշխան Սաղաթէլեան. «Հրաչ Մուրատեանի  Սպանութեան Հարցով Քննութիւնը Վերսկսած Է»

Իշխան Սաղաթէլեան. «Իշխանութիւնը Փտածութեան Գործարք Կ՛առաջարկէ Դատաւորներուն»

Արդարադատութեան նախարարը «Սահմանադրական դատարանին մասին» օրէնքին մէջ կ՛առաջարկէ փոփոխութիւններ, ըստ որուն, Սահմանադրական դատարանի դատաւորները եթէ մինչեւ 31 հոկտեմբեր 2019 հրաժարական ներկայացնեն, պիտի պահպանեն հրաժարականի պահուն իրենց ունեցած աշխատավարձը եւ այլ ընկերային երաշխիքներ, իսկ պաշտօնավարման տարիքը լրանալէ ետք պիտի օգտուին դատաւորի համար օրէնքով սահմանուած կենսաթոշակէն: Անդրադառնալով այս օրէնսդրական նախաձեռնութեան` ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան հաստատեց, որ քաղաքական իշխանութիւնը ամէն...

Բագրատունի. «Համահայկական Օրակարգը  Իսկապէ՛ս Համահայկական  Տարողութիւն Պէտք Է Ունենայ»

Բագրատունի. «Համահայկական Օրակարգը Իսկապէ՛ս Համահայկական Տարողութիւն Պէտք Է Ունենայ»

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի տեսակապի միջոցով «Թերթ»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ, թէ սփիւռքի մէջ կ՛ողջունեն համահայկական օրակարգ ստեղծելու գաղափարը, սակայն ասիկա նոր բան չէ. նախապէս ալ` թէ՛ սփիւռքի, թէ՛ Հայաստանի մէջ այս հարցը եղած է օրակարգային: Հարցազրոյցը` ստորեւ: ՀԱՐՑՈՒՄ.- Պարո՛ն Բագրատունի, լիբանանահայ համայնքը հայկական սփիւռքի ողնաշարն է: Մօտաւոր հաշուարկներով` այսօր Լիբանանում բնակւում է շուրջ 140...

«Թափօններու Թաղման Վայրին Ընդարձակումը  Կամ Բարձրացումը Կտրականապէս Մերժելի Է»   Շեշտեց Յ. Բագրատունի

«Թափօններու Թաղման Վայրին Ընդարձակումը Կամ Բարձրացումը Կտրականապէս Մերժելի Է» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի ընդգծեց, որ Պուրճ Համուտի թափօններու թաղման վայրին ընդարձակումը կամ բարձրացումը կտրականապէս մերժելի է: «Մենք պատրաստ չենք յաւելեալ խոստումներ հանդուրժելու, չըսելու համար` աղբեր: Այս լուծումը ժամանակաւոր է եւ մասնակի. կարելի չէ յաւելեալ խոստումներու վստահելով համաձայն գտնուիլ բանի մը, եւ յանկարծ մէկը խոչընդոտելով կառավարութեան աշխատանքը, հասնինք անել կացութեան», հաստատեց ան: Երեսփոխան Բագրատունի նշեց, որ...

Վարչապետ Փաշինեան Ընդունեց Ռուսիոյ  Ապահովութեան Խորհուրդի Քարտուղարը

Վարչապետ Փաշինեան Ընդունեց Ռուսիոյ Ապահովութեան Խորհուրդի Քարտուղարը

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան 13 օգոստոսին ընդունեց Ռուսիոյ Ապահովութեան խորհուրդի քարտուղար Նիքոլայ Փաթրուշեւը: Հայաստանի վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն յայտնեցին, որ վարչապետը նշեց, թէ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած քաղաքական փոփոխութիւններէն ետք ասիկա Ռուսիոյ Ապահովութեան խորհուրդի քարտուղարին առաջին այցելութիւնն է Հայաստան, եւ ասիկա լաւ առիթ է` հայ-ռուսական յարաբերութիւններու օրակարգային հարցերուն նաեւ այս ձեւաչափով անդրադառնալու: Ըստ Նիկոլ Փաշինեանի, Հայաստանի...

Հայ Զինուոր Մը Մոլորելով  Յայտնուած Է Ազրպէյճանի Մէջ

Հայ Զինուոր Մը Մոլորելով Յայտնուած Է Ազրպէյճանի Մէջ

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ բանբեր Արծրուն Յովհաննիսեան դիմատետրի իր էջին վրայ գրած է, որ 12 օգոստոս 2019-էն Ազրպէյճանի տարածքին մէջ կը գտնուի հայ քաղաքացի մը. անոր ինքնութիւնը եւ այլ մանրամասնութիւններ գիտնալու համար համապատասխան մարմինները աշխատանք կը կատարեն: Աւելի ուշ յայտնի դարձաւ, որ այդ քաղաքացին զինուոր Արայիկ Ղազարեանն է: Միւս կողմէ, զինուոր Արայիկ Ղազարեանի իրաւունքներու երաշխաւորման հարցով Հայաստանի մարդու իրաւունքներու պաշտպանը...

Մարդասիրական Օգնութիւն  Ուղարկուած Է Սուրիա

Մարդասիրական Օգնութիւն Ուղարկուած Է Սուրիա

Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ռուսիոյ կառավարութիւններուն միացեալ որոշումով Սուրիա ուղարկուած է Ռուս-հայկական մարդասիրական արձագանգման կեդրոնին կողմէ տրամադրուած հերթական մարդասիրական օգնութիւնը: Հայաստանի արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութեան տեղեկութիւններով` օգնութիւնը ուղարկուած է մարդասիրական արձագանգման կեդրոնի միջոցներուն հաշուոյն: Մարդասիրական օգնութիւնը նախատեսուած է Սուրիոյ բնակչութեան համար, որ տուժած է զինուորական հարցերու պատճառով: Արտակարգ իրավիճակներու նախարար Ֆելիքս Ցոլակեան 9 բեռնատարներու մէջ բեռցուած...

Բագրատունի Ընդունեց  Դեսպան Աթաբէկեանը

Բագրատունի Ընդունեց Դեսպան Աթաբէկեանը

Երէկ առաւօտ «Շաղզոյեան» կեդրոն այցելեց եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի հետ հանդիպում ունեցաւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Վահագն Աթաբէկեան: Դեսպան Աթաբէկեան խօսեցաւ Հայաստանի Հանրապետութիւն-Լիբանան միջպետական կապերու ուղղութեամբ իրականացուող վերջին աշխատանքներուն մասին, որմէ ետք խորհրդակցութիւնները ընթացան Լիբանանի հայութեան առնչուած ընդհանուր հարցերուն վերաբերեալ: Յակոբ Բագրատունի վերահաստատեց կուսակցութեան ամբողջական զօրակցութիւնը Պէյրութ-Երեւան կապերու զարգացման ուղղութեամբ մշակուած...

Խմբագրական.  Յառաջիկայ Տարի Սեւրի Ու Իրաւարար Վճիռի 100-ամեակն Է

Խմբագրական. Յառաջիկայ Տարի Սեւրի Ու Իրաւարար Վճիռի 100-ամեակն Է

Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի Համահայկական հռչակագիրի հիմնաւորումներուն վերջին կէտը հետեւեալ ձեւով կը բանաձեւուէր. «Արժեւորելով 1915 թուականին միջազգային հանրութեան կողմից Անտանտի պետութիւնների մայիսի 24-ի համատեղ հռչակագրով հայ ժողովրդի դէմ իրականացուած ծանրագոյն յանցագործութիւնը պատմութեան մէջ առաջին անգամ որպէս «մարդկութեան եւ քաղաքակրթութեան դէմ իրականացուած յանցագործութիւն» որակումը եւ օսմանեան իշխանութիւններին պատասխանատուութեան կանչելու հանգամանքի շեշտադրումը, ինչպէս նաեւ 1920 թուականի օգոստոսի 10-ի Սեւրի հաշտութեան պայմանագրի եւ...

Եւրասիական Միջկառավարական Խորհուրդի  Նիստ` Խըրխըզիստանի Մէջ

Եւրասիական Միջկառավարական Խորհուրդի Նիստ` Խըրխըզիստանի Մէջ

Մետվետեւ Եւ Փաշինեան Քննարկեցին Երկկողմանի Յարաբերութիւններու Խորացման Հեռանկարները Երէկ Խըրխըզիստանի մէջ տեղի ունեցող Եւրասիական միջկառավարական խորհուրդի հերթական նիստին Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան` իբրեւ Եւրասիական տնտեսական միութեան (ԵՏՄ)  մարմիններու նախագահող երկրի ղեկավար, կատարեց բացման խօսքը եւ յայտարարեց, որ Հայաստան յատուկ կարեւորութիւն կու տայ ընդհանուր ֆինանսական շուկայի ստեղծման: Հայաստանի վարչապետը շեշտը դրաւ տնտեսութեան մարզին մէջ միութեան անդամ երկիրներուն միջեւ խոչընդոտներու վերացման վրայ,...

Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Հաւաքը`  Ի Նպաստ Քոնկրեսական Պրետ Շըրմընի

Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Հաւաքը` Ի Նպաստ Քոնկրեսական Պրետ Շըրմընի

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի ղեկավարներ, նուիրատուներ եւ համակիրներ 31 յուլիսին մասնակցեցան հաւաքի մը, որ կազմակերպուած էր ամերիկահայութեան երախտագիտութիւնը յայտնելու համար քոնկրեսական Պրետ Շըրմընի հայանպաստ նորագոյն քայլերուն, միաժամանակ նեցուկ կանգնելու համար անոր վերընտրութիւնը ապահովելու ջանքերուն: Երկար տարիներէ ի վեր իր հայանպաստ գործունէութեամբ ծանօթ քոնկրեսականը ներկայիս բարձաստիճան անդամներէն մէկն է Ներկայացուցիչներու տան հեղինակաւոր արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբին: Լոս Անճելըսի քաղաքամէջը տեղի ունեցած հաւաքին...

Բագրատունի Այցելեց Աշխատանքի Նախարարին

Բագրատունի Այցելեց Աշխատանքի Նախարարին

Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, ընկերակցութեամբ երեսփոխանական գրասենեակի տնօրէն Րաֆֆի Մարգարեանի, այցելեց աշխատանքի նախարար Քամիլ Ապու Սլէյմանի, որուն հետ քննարկեց ընդհանրապէս երկրին մէջ տիրող ընդհանուր կացութիւնը եւ արձանագրուող բացասական իրավիճակէն դուրս գալու կարելիութիւնները: Քննարկման նիւթ դարձաւ օտարահպատակներու աշխատանքի արտօնագիրներու խնդիրը: Այդ գծով անհրաժեշտ նկատուեցաւ օրինականութեան սահմաններուն մէջ պահելով հանդերձ գործատէրերու եւ օտարահպատակներու աշխատանքի փոխգործակցութիւնը, նկատի ունենալ ընկերային յատուկ պարագաները եւ համապատասխան լուծումներ...

Այցելութիւն Վեհափառ Հայրապետին

Այցելութիւն Վեհափառ Հայրապետին

Հինգշաբթի, 8 օգոստոսին, ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէն ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, գլխաւորութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի եւ ընկերակցութեամբ Այնճարի հիմնադրութեան 80-ամեակի մարմինի ատենապետին, այցելեց Մեծի Տանն կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին: Հանդիպումին արծարծուեցան շրջանը յուզող տարբեր հարցեր: Ապա, վեհափառ հայրապետը լսելէ ետք 80-ամեակին առնչուած աշխատանքներուն մասին, խոստացաւ մեծ պատուիրակութեամբ ներկայանալ եզրափակիչ հանդիսութիւններուն:  

Իշխան Սաղաթէլեան. «Կառավարման Ճիշդ  Տարբերակը Խորհրդարանական Համակարգն Է»

Իշխան Սաղաթէլեան. «Կառավարման Ճիշդ Տարբերակը Խորհրդարանական Համակարգն Է»

«Փաստինֆօ»-ի լրագրող Սոնա Գէորգեանի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան ըսաւ, թէ սահմանադրական բարեփոխումներ կատարելու պարագային, նախ եւ առաջ, պէտք է վերացնել «սուփըրվարչապետական հաստատութիւն»-ը: Յայտնենք, որ 6 օգոստոսին Հայաստանի արդարադատութեան նախարար Ռուստամ Բադասեան Դիմատետրի իր էջին վրայ գրած էր, որ կը պատրաստուի կազմել յատուկ խումբ` Սահմանադրական բարեփոխումներու նպատակով. խումբին կազմաւորումը կը նախատեսուի մինչեւ...

Բակօ Սահակեան Ընդունեց  Պուլկարացի Երեսփոխաններ

Բակօ Սահակեան Ընդունեց Պուլկարացի Երեսփոխաններ

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 8 օգոստոսին ընդունեց Պուլկարիոյ խորհրդարանի խումբ մը երեսփոխաններ: Այս մասին յայտնեց Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութիւնը: Քննարկուեցան Պուլկարիա-Արցախ խորհրդարանական եւ մարդասիրական կապերու զարգացման առնչուող հարցեր: Նախագահ Սահակեան գոհունակութեամբ նշեց, որ Պուլկարիոյ խորհրդարանականներուն Արցախ այցելութիւնը կը կրէ պարբերական բնոյթ` յոյս յայտնելով, որ փոխադարձ գործակցութիւնը ա՛լ աւելի կը խորանայ ու կ՛ընդլայնուի: Հանդիպման մասնակցեցաւ նաեւ Արցախի...

«Թիւերը Գեղեցիկ Են, Սակայն  Անոնք Հիմնաւորումի Կը Կարօտին»  Կ՛ըսէ Արթուր Խաչատրեան

«Թիւերը Գեղեցիկ Են, Սակայն Անոնք Հիմնաւորումի Կը Կարօտին» Կ՛ըսէ Արթուր Խաչատրեան

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ Արթուր Խաչատրեան «Ազատութիւն» ձայնասփիւռ կայանին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին դժուարացած է պատասխանել այն հարցումին, թէ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի այս օրերուն ներկայացուած եւ մինչեւ 2050 թուականը իրականացուելիք ռազմավարական նպատակները իրատեսակա՞ն են, թէ՞ ոչ: Ան ըսած է, թէ թիւերը գեղեցիկ են, բայց անոնց հիմնաւորումները գոյութիւն չունին: «Եթէ կ՛ուզենք տնտեսական յաջողութիւն արձանագրել, պետութեան դերակատարութիւնը` իբրեւ տնտեսական քաղաքականութիւն իրականացնող,...

Նախագահ Սահակեանի Հանդիպումը ՀՅԴ  Բիւրոյի Ներկայացուցիչ  Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի Հետ

Նախագահ Սահակեանի Հանդիպումը ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի Հետ

Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան ընդհանուր վարչութենէն կը տեղեկացնեն, թէ հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 7 օգոստոսին ընդունած է ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը: Հանդիպումին, որուն կը մասնակցէր ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեանը, քննարկուած են հայրենիք-սփիւռք կապերու եւ շրջանային զարգացումներուն վերաբերող հարցեր:

Page 474 of 797 1 … 473 474 475 … 797

Արխիւներ