Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան 20 դեկտեմբերին աշխատանքային այցելութիւն տուաւ Արցախի Հանրապետութիւն, ուր հանդիպում ունեցաւ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի հետ:
Նախագահները քննարկեցին երկու հայկական հանրապետութիւններու համագործակցութեան առնչուող հարցերու լայն շրջանակ:
Աւելի ուշ նախագահներ Բակօ Սահակեանն ու Արմէն Սարգսեանը այցելեցին Ասկերանի շրջանի Հարաւ գիւղ եւ ծանօթացան հոն գործադրուող շարք մը ծրագիրներու ընթացքին:



