Անվտանգութեան Խորհուրդի Քարտուղարը Միացեալ Նահանգներու Դեսպանին Հետ Քննարկած Է Հայ-Ամերիկեան Յարաբերութիւնները
Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան, հայկական կողմին նախաձեռնութեամբ, 2 օգոստոսին ընդունած է Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Լին Թրէյսին: Ա. Գրիգորեան շնորհաւորած է դեսպանը` անոր նշանակման առիթով եւ մաղթած յաջողութիւն դիւանագիտական առաքելութեան մէջ: Ան ներկայացուցած է անվտանգութեան ոլորտին մէջ կատարուող բարեփոխումները, մասնաւորապէս` յանցագործութիւններու կանխարգիլման ուղղութեամբ մշակուող քաղաքականութիւնը` յատուկ ընդգծելով անոնց կարեւորութիւնը: Անդրադարձած է նաեւ Արցախի մէջ ականազերծման...




















