Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարչապետ Փաշինեան Մասնակցեցաւ ԱՊՀ Անդամ Երկիրներու Ղեկավարներու Ոչ Պաշտօնական Հանդիպման

Դեկտեմբեր 21, 2019
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ Ս. Փեթերսպուրկի մէջ տեղի ունեցաւ ԱՊՀ անդամ երկիրներու ղեկավարներու ոչ պաշտօնական վեհաժողովը, որուն մասնակցեցաւ նաեւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան:

Ժողովին բացումը կատարեց Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին, որ իր խօսքին մէջ նշեց, թէ Համաշխարհային Բ. պատերազմի յաղթանակի 75-ամեակի տօնակատարութիւններու աշխատանքներուն վերաբերեալ պետութիւններու ղեկավարները միացեալ որոշումներ տուած են: Քննարկուեցան նաեւ համագործակցութեան վերաբերող հարցեր:

Հայաստանի վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատուական եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն յայտնեցին, որ արարողակարգային լուսանկարուելէ ետք ԱՊՀ մասնակից պետութիւններու ղեկավարները մասնակցեցան Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի անունով տրուած աշխատանքային ճաշին:

Իսկ միւս կողմէ, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան 20 դեկտեմբերին Ս. Փեթերսպուրկի «Պորիս Ելցին»-ի անուան նախագահական գրադարանին մէջ մասնակցեցաւ Բարձրագոյն Եւրասիական տնտեսական միութեան խորհուրդի հերթական նիստին:

Նիստին մասնակցեցան Պիելոռուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքօ, Խըրխըզիստանի նախագահ Սոորանպայ Ժէենպեքով, Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին, Բարձրագոյն Եւրասիական տնտեսական խորհուրդի պատուոյ նախագահ Նուրսուլթան Նազարպայեւ եւ Եւրասիական տնտեսական յանձնաժողովի անձնակազմի նախագահ Տիգրան Սարգսեան, իսկ իբրեւ դիտորդ երկրի ղեկավար ներկայ էր նաեւ Մոլտովայի նախագահ Իկոր Տոտոն:

ԵՏՄ-ի անդամ պետութիւններու ղեկավարները միութեան զարգացման ընթացիկ աշխատանքները եւ համագործակցութեան խորացման հեռանկարները քննարկած են նեղ ու ընդլայնուած ձեւաչափով հանդիպումներուն ընթացքին:

Նիստին ընթացքին խօսք առաւ նաեւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, որ հանդիպման մթնոլորտը նկատեց դրական եւ դիտել տուաւ, որ համախոհութիւն գոյութիւն ունի գրեթէ բոլոր օրակարգային հարցերուն շուրջ: Նկատի ունենալով, որ կ՛աւարտի ԵՏՄ-ի մարմիններուն մէջ Հայաստանի նախագահութեան տարին, ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր գործընկերներուն` տարուած  աշխատանքին համար եւ զայն նկատեց բաւական լաւ, արդիւնաւէտ եւ բեղմնաւոր:

Բարձրագոյն Եւրասիական տնտեսական միութեան խորհուրդի նիստին քննարկման առարկայ դարձան մինչեւ 2025 թուական եւրասիական տնտեսական համարկման զարգացման ռազմավարական ուղղութիւնները, ստորագրուեցաւ ԵՏՄ-ի անդամ պետութիւններու աշխատողներու կենսաթոշակային ապահովման մասին համաձայնագիրը, համաձայնութեան արժանացաւ ԵՏՄ-ի անդամ երկիրներուն կողմէ` ԵՏՄ-ի ներքին շուկայի գործունէութեան խոչընդոտներու յաղթահարման ուղղուած աշխատանքներու վերաբերեալ դասաւորումը, ԵՏՄ-ի ծիրի առանձին ոլորտներու մէջ ծառայութիւններու ազատականացման ծրագիրներու իրականացման վերաբերեալ կարգադրութիւնը, ընդունուեցան որոշումներ` ԵՏՄ-ի աշխատանքի կանոնակարգին մէջ փոփոխութիւններ կատարելու եւ ԵՏՄ-ի ընդհանուր ելեկտրականութեան շուկայի ձեւաւորման միջոցառումներու ծրագիրը հաստատելու մասին:

Բարձրագոյն Եւրասիական տնտեսական խորհուրդը հաստատեց Միխայիլ Մեասնիքովիչի թեկնածութիւնը Եւրասիական տնտեսական յանձնաժողովի անձնակազմի նախագահի պաշտօնին, իսկ գործող նախագահ Տիգրան Սարգսեանի պաշտօնավարման ժամկէտը պիտի աւարտի 1 փետրուար 2020-ին:

 

 

Նախորդը

Արցախի Արտաքին Գործոց Նախարար Մասիս Մայիլեան Այցելած Է Եգիպտոս

Յաջորդը

Հայաստանի Եւ Արցախի Նախագահները Քննարկեցին Համագործակցութեան Հարցեր

RelatedPosts

Տմիթրիեւ. «Փութինի Եւ Թրամփի Ժողովը Պիտի Գումարուի, Եւ Ուքրանիոյ Տագնապը Դիւանագիտական Լուծում Ունի»
Գլխաւոր լուրեր

Տմիթրիեւ. «Փութինի Եւ Թրամփի Ժողովը Պիտի Գումարուի, Եւ Ուքրանիոյ Տագնապը Դիւանագիտական Լուծում Ունի»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Հայէ. «Մեր Զէնքը Կապուած Է Բռնագրաւումին Եւ Նախայարձակումին»
Գլխաւոր լուրեր

Հայէ. «Մեր Զէնքը Կապուած Է Բռնագրաւումին Եւ Նախայարձակումին»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Հայ-Ուրուկուէյական Յարաբերութիւններու Հետագայ Զարգացման Ուղիներու Քննարկում
Գլխաւոր լուրեր

Հայ-Ուրուկուէյական Յարաբերութիւններու Հետագայ Զարգացման Ուղիներու Քննարկում

Հոկտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?