Քրիստինէ Վարդանեան Նախարար Յարութիւնեանին Յանձնեց 3 Դեկտեմբերին Ցուցարարներուն Հրապարակած Հրաժարականի Պահանջը
ՀՅԴ ՀԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Քրիստինէ Վարդանեան երէկ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան մէջ տեղի ունեցած «Բարձրագոյն կրթութեան եւ գիտութեան մասին» օրինագիծի քննարկման ընթացքին` խօսքը նախարարին ուղղելով, ըսաւ. «Յոյս ունիմ` երէկ հանգիստ քնացաք, որովհետեւ հարցեր քննարկելու պահանջով այստեղ եկած ուսանողներէն 24-ը յայտնուեցան բանտը»: Քրիստինէ Վարդանեան նախարարին յանձնեց 3 դեկտեմբերի ցոյցին ընթացքին ցուցարարներուն հրապարակած հրաժարականի պահանջը: Ան իր խօսքին մէջ...




















