Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ֆրանսան Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Լուծման Խաղաղ Բանակցութիւններու Գլխաւոր Երաշխաւորներէն Է» Կ՛ըսէ Մաքրոն

Յունուար 31, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ֆրանսան Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման խաղաղ բանակցութիւններու շարունակման գլխաւոր երաշխաւորներէն է: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ այս մասին Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի տարեկան ընթրիքի ընթացքին յայտարարած է Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն:

«Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման գործին մէջ Ֆրանսան իր դերակատարութիւնը ունի ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահութեան ծիրին մէջ եւ խաղաղ բանակցութիւններու շարունակման գլխաւոր երաշխաւորներէն է», ըսած է Մաքրոն:

Ան նշած է, որ հաղորդակցութեան մէջ է Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ, եւ շեշտած է, թէ լարուածութեան մեղմացման կարեւոր քայլերէն է Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետին եւ Ազրպէյճանի նախագահին միջեւ գործնական կապի ապահովումը:

«Ֆրանսան ուղղակի պարտաւոր է ըլլալ Հայաստանի կողքին` հաշուի առնելով հազարամեայ ազգի շատ երիտասարդ պետութեան ուժերով ստեղծուած ժողովրդավարութիւնն ու այն յաջողութիւնները, որոնք հիմա արձանագրուած են շնորհիւ վերջին յեղափոխութեան», ընդգծած է Ֆրանսայի նախագահը:

Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի տարեկան ընթրիքի մեկնարկին ներկաները մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգանքի տուրք մատուցած են Ֆրանսայի նախկին նախագահ Ժաք Շիրաքի յիշատակին:

Իբրեւ պատուաւոր հիւր ձեռնարկին մասնակցած է նաեւ թուրք յայտնի պատմաբան Թաներ Աքչամ, որ կը ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը:

Ֆրանսական «Լա Փրես»-ը կը հաղորդէ, որ Ֆրանսայի նախագահը ողջունած է Աքչամը` Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը դատապարտելուն համար:

«Դուք դատապարտեցիք ժխտումը», ըսած է ան եւ նշած, որ Աքչամի «Սպանութեան հրամաններ» գիրքը «ակնյայտօրէն կազմակերպուած եւ կանխամտածուած յանցագործութեան գիտական հաստատումն է»:

«Դուք բացայայտեցիք այն, ինչ որ ոմանք կ՛ուզէին մոռացութեան մատնել` ցեղասպանութեան ժխտումը: Ատիկա հիմնաքարն է թուրք քաղաքական ղեկավարներու հետ քաղաքական բանավէճերուն», ըսած է ան:

«Մենք մեծ պատմութիւնները կեղծիքի, վերախմբագրման կամ ժխտողականութեան քաղաքականութեան վրայ չենք կառուցեր», նշած է Ֆրանսայի նախագահը` դատապարտելով այն ռազմավարութիւնը, որ ուղղուած է Միջին Արեւելքի մէջ նոր ծաւալապաշտութեան, յանցագործութիւններու ժխտման եւ ձգտման` կրկին ձեռք բերելու անցեալին ունեցած ուժը, անցեալ, որ հիմնականին մէջ մտացածին է:

Ֆրանսայի նախագահը, իր խօսքին մէջ անդրադառնալով Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման հոլովոյթին, ընդգծած է, որ Ֆրանսան արդէն շուրջ 19 տարիէ ի վեր լծուած է այդ գործին: Էմանուէլ Մաքրոն ուրախութեամբ նկատած է, որ արդէն մէկ տարիէ ի վեր կատարած է ապրիլ 24-ը Ֆրանսայի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակի ազգային օր դարձնելու իր խոստումը:

«Պայքարը, որ հայերը կը մղեն Ցեղասպանութեան ճանաչման համար, պայքար է նաեւ լռութեան, մոռացութեան դէմ, իսկ ճշմարտութեան հարցին մէջ գոյութիւն ունի եղբայրութիւն` հայ եւ ֆրանսացի ժողովուրդներուն միջեւ», ըսած է Մաքրոն:

Ֆրանսայի նախագահը ընդգծած է, որ Թուրքիան իր քաղաքական հիմը դարձուցած է պատմութեան վերախմբագրումը: «Ոչ մէկ մեծ պետութիւն կը կերտուի սուտի, ժխտողականութեան եւ պատմութեան վերախմբագրման հիման վրայ», ըսած է Մաքրոն:

ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան եւ նախագահ Մաքրոն
Մաքրոն Եւ Ալիեւ Քննարկած Են Ղարաբաղեան Տագնապի Լուծման Հարցը

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն եւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ ունեցած են հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը, որուն ընթացքին քննարկած են արցախեան տագնապի լուծման հարցը: Այս մասին կը հաղորդէ ազրպէյճանական «Մինվալ» կայքը:

«Պետութիւններու ղեկավարները քննարկած են Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման շուրջ իրավիճակը: Ազրպէյճանի նախագահը անգամ մը եւս ֆրանսացի գործընկերոջ տեղեկացուցած է տագնապին վերաբերեալ Պաքուի դիրքորոշումին մասին», հաղորդած է Ազրպէյճանի նախագահի մամլոյ ծառայութիւնը:

Բացի արցախեան հիմնահարցէն, կողմերը քննարկած են նաեւ երկկողմանի համագործակցութեան վերաբերող հարցեր, տնտեսական կապերն ու շրջանային անվտանգութիւնը:

https://www.facebook.com/2015.ccaf/videos/1414243875413213/

 

Նախորդը

Մինսքի Խմբակի Համանախագահներուն Յայտարարութիւնը` Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Նախարարներու Հանդիպումին Մասին

Յաջորդը

Ակնարկ. Ինքնորոշման Իրաւունքի Գերակայութիւնը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն

Հոկտեմբեր 24, 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Վահան Թէքէեան Եւ Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարաններ
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Վահան Թէքէեան Եւ Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարաններ

Հոկտեմբեր 24, 2025
Թրամփ. «Փութինի Հետ Հանդիպումս Ջնջեցի»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Փութինի Հետ Հանդիպումս Ջնջեցի»

Հոկտեմբեր 24, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?