Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ-ի Ներկայացուցիչները Այցելեցին Եռաբլուր

January 29, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի զինուած ուժերու մասնագիտական տօնի` Բանակի օրուան նուիրուած տօնակատարութիւններու ծիրին մէջ Եռաբլուր պանթէոն այցելեցին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամներ Արծուիկ Մինասեան, Լիլիթ Գալստեան, Աշոտ Սիմոնեան, Տարօն Տօնոյեան, Գերագոյն մարմինի նախագահ Սիմոն Սիմոնեան, բազմաթիւ դաշնակցականներ, ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական եւ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութիւններու անդամներ եւ այլն:

ՀՅԴ ներկայացուցիչները ծաղկեպսակ զետեղեցին Եռաբլուր պանթէոն յուշարձանին առջեւ, ծաղիկներ` զոհուած ընկերներու շիրիմներուն:

«Դարերով ձեւաւորուած մեր զինուորական ուժի եւ անոր նկատմամբ հաւատամքի արտայայտութիւնն է 28 յունուարը, երբ եղաւ պաշտպանութեան նախարարութեան ստեղծման մասին հրամանագիրը», «Երկիր»-ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ըսաւ Արծուիկ Մինասեան: «Փառք ու պատիւ մեր բանակի կազմաւորման մասնակցած բոլոր հայորդիներուն: Մեր նահատակ ընկերներու շիրիմներուն թող լոյս իջնէ, եւ անոնք երկինքին մէջ իմանան, որ հայոց բանակը միշտ իր ամուր դիրքերուն  վրայ է», նշեց ան:

Ըստ Արծուիկ Մինասեանի, ներկայիս եւս կարիք կայ յստակօրէն արձանագրելու. որեւէ պահու որեւէ հարց չի կրնար աւելի վեր դասուիլ, քան մեր բանակին մարտունակութիւնն ու ոգին` իբրեւ հայ ժողովուրդի յաւիտենականութեան երաշխաւոր:

Բժիշկ-ազատամարտիկ Տարօն Տօնոյեան յիշեց, որ տակաւին ուսանող էր, երբ մաս կազմեց ՀՅԴ-ի ջոկատներուն, իսկ բժշկութեամբ զբաղելու իրաւունք ստանալէ ետք որոշեց` պէտք է կանգնի ընկերներուն կողքին: Ըստ Տ. Տօնոյեանի, շատ ընելիք կայ, բայց մեր բանակը օրը-օրին կը հզօրանայ, իսկ անոր հզօրութիւնը ո՛չ միայն զէնքով, զինամթերքով կամ թիւով է, այլ անով, որ բանակը պէտք է հոգեբանօրէն պատրաստ ըլլայ յաղթանակի: Բժիշկ-ազատամարտիկը համաձայն չէ, երբ կ՛ըսուի` ժողովուրդները պէտք է պատրաստել խաղաղութեան. «Միշտ կ՛ըսեն` ժողովուրդները պէտք է պատրաստել խաղաղութեան: Մենք միշտ  պատրաստ եղած ենք խաղաղութեան, բայց ժողովուրդը միշտ պէտք է պատրաստել` հայրենիքը պաշտպանելու, ինչպէս նաեւ բանակը: Ասիկա պէտք է ըլլայ բանակի առաջին կանոնը», եզրափակեց Տարօն Տօնոյեան:

 

 

Նախորդը

Իշխանեան. «Այս Տօնը Ապրելու, Ունեցածին Տէր Կանգնելու Եւ Նորը Ստեղծելու Ամէնօրեայ Պատգամ Է»

Յաջորդը

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինը Շնորհաւորական Ուղերձ Յղեց Հայոց Բանակի Կազմաւորման 28-րդ Տարեդարձին Առիթով

RelatedPosts

Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակի Հերթական Առցանց Նիստ
Գաղութային

«Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ի հերթական առցանց նիստ

February 2, 2026
Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.