Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան աշխատանքային այցելութիւն տուաւ Ղազախստանի Հանրապետութիւն, ուր մասնակցեցաւ Եւրասիական միջկառավարական խորհուրդի հերթական նիստին:
Ալմաթիի մէջ կայացաւ նախ միջկառավարական խորհուրդի նեղ, ապա ընդլայնուած կազմով նիստ, որուն մասնակցեցան Հայաստանի, Ռուսիոյ, Ղազախստանի, Պիելոռուսիոյ եւ Խըրխըզիստանի վարչապետները: Իբրեւ Եւրասիական տնտեսական միութեան (ԵՏՄ) դիտորդ պետութեան ներկայացուցիչ, ընդլայնուած կազմով նիստին մասնակցեցաւ նաեւ Մոլտովայի վարչապետը:
Այս առիթով արտասանած իր խօսքին մէջ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդգծեց ԵՏՄ-ի մէջ գոյութիւն ունեցող խոչընդոտներու եւ սահմանափակումներու վերացման կարեւորութիւնը:
«Անհրաժեշտ է աշխուժացնել ջանքերը, որոնք ուղղուած են ԵՏՄ-ի ուժանիւթային եւ փոխադրութեան ընդհանուր շուկաներու ստեղծման` գնագոյացման, սակագիներու, ծառայութիւններու հասանելիութեան մարզին մէջ ոչ խտրական մօտեցումներու հիման վրայ», նշեց Փաշինեան:
Ան աւելցուց, որ անգամ մը եւս քննարկուած է ներքին շուկայի գործունէութեան ծիրին մէջ խոչընդոտներու վերացման աշխատանքներուն ընթացքը:
Հայաստանի վարչապետը նշեց, որ Հայաստան աւանդաբար աշխուժ ձեւով կը մասնակցի եւ կ՛աջակցի ԵՏՄ-ի թուային օրակարգի ստեղծման եւ իրականացման հոլովոյթին: Վարչապետին համաձայն, թուային երթեւեկի միջանցքներու արձագանգման համակարգի ձեւաւորումը կարելիութիւն պիտի տայ նուազեցնել ապրանքներու եւ ծառայութիւններու սպառողի, արտադրողի եւ վաճառողի միջեւ հեռաւորութիւնը:
Նիստին ընթացքին վարչապետները քննարկեցին ԵՏՄ-ի գործունէութեան հետագայ բարձրացման, կազմակերպութեան իրաւապայմանագրային հիմքի կատարելագործման վերաբերող հարցեր: Մասնաւորաբար, անդրադարձ կատարուեցաւ ԵՏՄ-ի շուկային մէջ խոչընդոտներու վերացման, ազգային տեղեկատուական համակարգերու համարկման, մաքսային կարգաւորումներու ոլորտին մէջ համագործակցութեան եւ միութեան ընդհանուր շուկաներու ձեւաւորման: Քննարկուեցան նաեւ շարք մը նախաձեռնութիւններ` եւրասիական տարածքին մէջ ազգային դրամանիշներու օգտագործումը ընդլայնելու եւ պաշտպանական միջոցառումները բարելաւելու կարելիութիւնները` նկատի առնելով միջազգային փորձը:
Հայաստանի Եւ Ռուսիոյ Վարչապետներու Հանդիպում
Ալմաթիի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ռուսիոյ վարչապետ Միխայիլ Միշուսթինի հանդիպումը:
Նիկոլ Փաշինեան շնորհաւորեց Միշուսթինը` Ռուսիոյ կառավարութեան ղեկավարի պաշտօնին նշանակուելուն համար. «Մեր կառավարութիւններուն եւ մեր երկիրներուն միջեւ միշտ եղած են եւ պիտի ըլլան լաւ ու ջերմ յարաբերութիւններ, բայց ես կը կարծեմ, որ մենք միշտ առիթ ունինք` նոր մակարդակի բարձրացնելու մեր յարաբերութիւնները: Ձեզի հետ համագործակցութեամբ մենք պիտի կարենանք ատիկա ընել: Վստահաբար, մեր պետութիւններուն միջեւ յարաբերութիւնները կը զարգանան ըստ ծրագրուածին` շատ լաւ», յայտնեց վարչապետ Փաշինեան:
Ռուսիոյ վարչապետը նշեց, որ ջերմութեամբ կը յիշէ վերջերս Հայաստան տուած իր այցելութիւնը` մասնակցելու Տեղեկատուական արհեստագիտութեան համաշխարհային ֆորումին, որ շատ լաւ կազմակերպուած էր: «Ռուսիան ու Հայաստանը կապուած են շատ սերտ եւ գործընկերային, դաշնակցային յարաբերութիւններով: Մենք կը համագործակցինք ելեկտրականութեան, արդիւնաբերութեան, փոխադրութեան, մշակութային-մարդասիրական մարզերուն մէջ: Ռուսիոյ նոր կառավարութիւնը տրամադիր է կառուցողական յարաբերութիւններու ստեղծման, հայ գործընկերներուն հետ յարաբերութիւններու շարունակութեան: Ռուսիա Հայաստանի գլխաւոր արտաքին տնտեսական գործընկերն է` առեւտուրի ծաւալին մէջ 26 առ հարիւր չափաբաժինով: Հանրապետութեան մէջ կը գործեն 2.200 ռուսական ընկերութիւններ, եւ այլն: Կ՛ուզեմ նշել, որ պէտք է ամրապնդել այդ դրական միտումը, գտնել գործընկերութեան նոր մարզեր», ընդգծեց Ռուսիոյ վարչապետը:
Հայաստանի Եւ Մոլտովայի Վարչապետներուն Հանդիպումը
Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Ալմաթիի մէջ հանդիպում ունեցաւ Մոլտովայի վարչապետ Իոն Քիքուի հետ:
Փաշինեան յայտնեց, որ երկու երկիրներուն միջեւ առկայ են քաղաքական շատ լաւ յարաբերութիւններ, բայց անոնք չեն կրնար պարծենալ իրենց առեւտրատնտեսական կապերով` շեշտելով, որ Հայաստանն ու Մոլտովան պէտք է բարձրացնեն տնտեսական յարաբերութիւններու, առեւտրական շրջանառութեան մակարդակը` այդ ուղղութեամբ աշխատելու պատրաստակամութիւն յայտնելով:
Մոլտովայի վարչապետը դիտել տուաւ, որ Հայաստանն ու Մոլտովան տնտեսական կապերը զարգացնելու մեծ ներուժ ունին, որովհետեւ ե՛ւ Հայաստանը որոշակի ուղղութիւններով ունի որոշ առաւելութիւններ, ե՛ւ Մոլտովան ունի այդպիսի առաւելութիւններ: