Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Դէպի Եռամիասնութիւն (Հայոց Բանակի Օրուան Առիթով)

Յունուար 28, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայկական բանակին նուիրուած օրուան նշումը Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութեան սահմաններէն դուրս անհրաժեշտ է, որ ընդլայնէ իր աշխարհագրութիւնը։

Հայոց բանակը մեր հայրենիքի այսօրուան փաստացի սահմանները հսկող, թշնամիի ոտնձգութիւնները կանխարգիլող անշրջանցելի կռուան է։ Աւելի՛ն. հայոց բանակն է, որ կ՛երաշխաւորէ հայութեան անվտանգութիւնը, ազատ ու խաղաղ  պայմաններու մէջ արարելու, ստեղծագործելու, զարգանալու իրաւունքը։

Մեր բանակը սահմաններու վերահսկողութեան հիմնական գործառոյթին առընթեր կ՛իրականացնէ միջազգային խաղաղապահ առաքելութիւն աշխարհագրական տարբեր միջավայրերու մէջ։ Քոսովօ, Իրաք, Աֆղանիստան, Լիբանան, անցնելով  Սուրիա՝ մարդասիրական բնոյթի առաքելութիւն, մեր սպայակազմն ու զինուորները պատուով կը կատարեն բոլոր առաջադրանքները եւ կ՛արժանանան բարձր գնահատականներու։

Մարտունակութեան առումով նշաձողի բարձրագոյն հորիզոնականները գրաւած, ռազմական տարբեր բնոյթի միջազգային մրցումներու առաջին դիրքերը գրաւած, միջազգային ռազմափորձերուն զինուորական հմտութիւններով  ուշադրութիւն գրաւած մեր բանակայինները գործնապէս կ՛իրականացնեն Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին բազմակողմ դիւանագիտութեան ճշդած օրակարգերը։

Միաժամանակ ՀԱՊԿ-ին անդամակցելով, ՕԹԱՆ-ի ռազմափորձերուն մասնակցելով եւ միջազգային տարբեր խաղաղապահ առաքելութիւն իրականացնելով հայկական զինեալ ուժերը կ՛երաշխաւորեն ինչպէս մեր ներքին խաղաղ ու անվտանգ կեանքը, այնպէս նաեւ արտաքին հաւասարակշիռ եւ փոխլրացուցիչ քաղաքականութեան կիրարկումը։

Հայոց բանակը ներքին-արտաքին գործառոյթներու իրականացման առընթեր միաւորող անշրջանցելի գործօն է եւ այդ առումով մեր զոյգ պետութիւններու անքակտելի յենասիւնը։ Երբ կը խօսինք այսօրուան միացեալ փաստացի սահմաններուն մասին, ապա բնականաբար նկատի կ՛ունենանք մեր զոյգ հանրապետութիւններուն ընդհանուր սահմանը։

Եւ երբ կը խօսինք համահայկական հասարակարգի ձեւաւորման  կամ եռամիասնութեան մասին, նկատի կ՛ունենանք նաեւ երրորդ բաղադրիչը՝ սփիւռքը։ Եռամիասնութիւնը հայրենիքի համատիրութեան գիտակցութեան վրայ հիմնուած յղացք է։ Այդ յղացքի առարկայացման առաջին նախադրեալը անոր պաշտպանութեան գործին միասնական մասնակցութիւնն է։

Տարբեր երկիրներու մէջ զինուորական ծառայութիւն կատարած, զինուորական կրթութիւն ստացած, սպայակազմերու մաս կազմած եւ զօրավարի կոչումներ ստացած հայկական մարդուժը հաւաքագրելու կուտակուած փորձառութիւնը ապահովելու նախաձեռնութիւններ խորհրդատուական մակարդակով եղած են։ Պատմականօրէն, Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան բանակի կազմութեան մէջ հիմնական էր յատկապէս ռուսական բանակին մէջ ստորաբաժանումներ ղեկավարած զօրավարներու դերը։ Արցախեան պատերազմին, բանակաշինութեան եւ ազատամարտի կազմակերպման գործին մասնակից էին խորհրդային բանակին մէջ ծառայածները։

Հիմա մեր բանակայինները իրե՛նք իրենց փորձառութիւնը կը ներդնեն միջազգային զինուորական տարբեր առաքելութիւններու կիրարկման եւ գործնապէս կը մասնակցին խաղաղութեան հաստատման  ռազմական ծրագիրներուն։

Հայոց բանակը իր զինուորներով, կառոյցով, սպայակազմով, տեսլականով, նպատակով եւ գործառոյթներով միաւորող միջավայր է ու հիմնական գործօն։ Հայրենիքի սահմաններէն դուրս ապրող Հայաստանի քաղաքացիի թէ հայազգի սփիւռքահայու մասնակցութիւնը, ծառայութիւնը՝ մեր լինելութիւնը ապահովող այս հաստատութեան հրամայականն է։ Ո՛չ միայն պետութեան քաղաքացիութիւնը այլ նաեւ ազգի պատկանելիութիւնը պարտաւորութիւններ կ՛ենթադրէ․ եւ այդ պարտաւորութեան ամէնէն առարկայական եւ գաղափարական բաժինը ծառայութիւնն է։

Հայրենի հողին վրայ ծառայելու պարտաւորութեան գիտակցումով թիկունք-թիկունքի շարքաւորումը ազգի, պետականութեան եւ հայրենիքի հզօրացման ու զարգացման եւ միաւորման արդիւնաւէտ ուղին է։

 

Նախորդը

«Կոչ Կ՛ուղղենք Բոլորին Նորակազմ Կառավարութեան Տալու 3-4 Ամսուան Աշխատանքի Առիթ Մը» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

Յաջորդը

«Թրամփին Պիտի Չարտօնենք Մեր Ժողովուրդին Ու Անոր Վարչակարգին Միջեւ Յարաբերութիւնները Քայքայել» Կ՛ըսէ Ռուհանի

RelatedPosts

Ակնարկ.  Շարմ Շէյխի Հրաւիրեալները
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Շարմ Շէյխի Հրաւիրեալները

Հոկտեմբեր 14, 2025
Թրամփ. «Կազայի Համաձայնութեան Երկրորդ Փուլի Շուրջ Բանակցութիւնները Սկսան»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կազայի Համաձայնութեան Երկրորդ Փուլի Շուրջ Բանակցութիւնները Սկսան»

Հոկտեմբեր 14, 2025
Իսրայէլեան Քնեսեթին Առջեւ Խօսք Արտասանելով`  «Ասիկա Նոր Միջին Արեւելքի Պատմական Արշալոյսն Է. Բարեկամութեան Ձեռքը Երկարած Ենք Իրանին»  Յայտարարեց Թրամփ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Քնեսեթին Առջեւ Խօսք Արտասանելով` «Ասիկա Նոր Միջին Արեւելքի Պատմական Արշալոյսն Է. Բարեկամութեան Ձեռքը Երկարած Ենք Իրանին» Յայտարարեց Թրամփ

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?