Հովանաւորութեամբ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան եւ կազմակերպութեամբ ոչ կառավարական «Նահնու» («Մենք») կազմակերպութեան, երէկ` երեքշաբթի, 28 յունուար 2020-ի կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, Պուրճ Համուտի Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ շնորհահանդէսը կատարուեցաւ «Արհեստագիտութիւնը Պուրճ Համուտի մէջ» խորագրեալ գրքոյկին:
Գործակցաբար մշակութային «Պատկեր» միութեան եւ ներկայութեամբ ընկերային հարցերու նախարարութեան ներկայացուցիչ Նաժուա Պտէյրի, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանի, փոխքաղաքապետ Մարտիկ Արսլանեանի, «Նահնու» կազմակերպութեան ներկայացուցիչ Մոհամետ Այուպի եւ այլ անձնաւորութիւններու կայացած այս ձեռնարկին բացումը կատարուեցաւ լիբանանեան քայլերգի յոտնկայս ունկնդրութեամբ: Ձեռնարկի հանդիսավար Ռանտա Ժպայէ իր բացման խօսքով ողջունեց ներկաները եւ թուեց ձեռնարկին շարժառիթը, նպատակն ու հիմնական բաժիններու խորագիրները: Ժպայէ շնորհակալութիւն յայտնեց Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան, «Պատկեր» միութեան, յանձին` անոր հիմնադիր Արփի Մանկասարեանին եւ Լիբանանի մէջ ամերիկեան դեսպանատան Հանրային հարցերու բաժանմունքին, որուն մեկենասութեամբ իրականացած է նշեալ գրքոյկին հրատարակումը: Նահնու»-ի անունով խօսելով Ռանտա Ժպայէ բարձր գնահատեց Պուրճ Համուտի մէջ ձեռային հմտութեամբ իրագործուած արհեստներու գոյութիւնն ու անոնց կարեւորութիւնը:
Ապա ան բեմ հրաւիրեց Ճորճ Գրիգորեանը, որ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան անունով ողջունեց ներկաները եւ ըսաւ. «Բարի գալուստ կը մաղթեմ ձեզի Պուրճ Համուտի մէջ, որուն անունը կ՛առնչուի թեթեւ ճարտարարուեստի եւ ձեռային արհեստագործութեան»:
«Արդարեւ,Պուրճ Համուտը կերտեցին արհեստաւորներ, որոնք զբաղեցան ու հմտացան ձեռային զանազան արհեստներու մէջ, ինչպէս` շապկագործութեան, կերպասեղէնի, հագուստեղէնի, կօշկակարութեան, նկարչութեան, պղնձագործութեան, ձուլագործութեան, ուտեստեղէնի եւ ելեկտրական ու մեքանիք ճարտարարուեստի մէջ` առանց մոռնալու գոհարեղէնի եւ ոսկերչութեան մարզերը», շեշտեց Գրիգորեան` դիտել տալով, որ տասնամեակներու ընթացքին լիբանանեան իրերայաջորդ տագնապներն ու պետական պաշտօնական զօրակցութեան բացակայութիւնը մեծ վնաս պատճառեցին այս մարզին: Ճորճ Գրիգորեան ողջունեց «Նահնու» կազմակերպութեան պատրաստած ուսումնասիրութիւնը Պուրճ Համուտի մէջ արհեստագործութեան մասին, եւ մեկնելով այս մարզի կարեւորութենէն, մաղթեց, որ նշեալ ուսումնասիրութենէն բխած առաջարկ-թելադրանքները գործադրուին: Այս առիթով Գրիգորեան իր եւ քաղաքապետութեան անունով շնորհակալութիւն յայտնեց «Նահնու» կազմակերպութեան եւ բոլոր այն փորձագէտներուն, որոնք նպաստած են այս աշխատանքին, ինչպէս նաեւ անոր մեկենաս ամերիկեան դեսպանատան եւ ամերիկացի ժողովուրդին:
Խօսք առաւ նաեւ «Նահնու» կազմակերպութեան ներկայացուցիչ Մոհամետ Այուպ, որ մեծ դրուատիքով անդրադարձաւ Պուրճ Համուտի մէջ 51 արհեստաւորներու հետ կատարուած տեսակցութեանց ու անոնց գործերու որակին եւ ըսաւ. «Սքանչացանք մեր տեսածներէն»: Ան յայտնեց, թէ երկամեայ ուսումնասիրութեան արգասիքն է այս ուսումնասիրութիւնը, որուն իրագործման մասնակցած են նաեւ «Պատկեր» միութեան եւ ընկերային հարցերու նախարարութեան ներկայացուցիչները: Ապա Մոհամետ Այուպ թուեց այս ուսումնասիրութեան լոյսին տակ ծագած եւ առհասարակ արհեստագործութեան մարզին առնչուող մարտահրաւէրներն ու դժուարութիւնները, որոնք կ՛արգելակեն այս մարզին առաւել եւս ծաղկումն ու յառաջդիմութիւնը:
Խօսք առին նաեւ ընկերային հարցերու նախարարութեան ներկայացուցիչ Նաժուա Պտէյր եւ «Պատկեր» միութեան հիմնադիր Արփի Մանկասարեան: Պտէյր իր կարգին թուեց նախարարութեան մօտ այս մարզին գծով ցարդ առնուած քայլերը, որոնք յաճախ քաղաքական թէ այլ պատճառներով կ՛առկախուէին ու թերաւարտ կը մնային: Ան շեշտեց այս մարզին յատկացուող պետական պիւտճէի սակաւութիւնը եւ այլ դժուարութիւններ:
Արփի Մանկասարեան անդրադարձաւ 2012-ին իր նախաձեռնութեամբ հիմնուած «Պատկեր» միութեան նպատակին եւ գործունէութեան ծրագիրին ու հետապնդած տեսլականին` յատկապէս հայ մարդուժին մօտ պատանի տարիքէն հայ աւանդական ու ընտիր արհեստագործութեան ծանօթացման ու վարժեցման առումով: Ան մաղթեց, որ իր այս նախաձեռնութիւնը ընդհանրանայ եւ հայ վարժարաններու կողքին որդեգրուի նաեւ պետական, պաշտօնական պատկան մարմիններու կողմէ` բոլոր դպրոցներու աշակերտութեան համար: Մանկասարեան այս առիթով պատմական հակիրճ ակնարկ մը նետելով շեշտեց արհեստագործութեան կարեւորութիւնը:
Խօսքերու աւարտին Այուպ, Պտէյր եւ Մանկասարեան հերթաբար պատասխանեցին ներկաներու հարցումներուն: Այս առիթով «Ազդակ»-ի այն հարցումին, թէ յատկապէս Պուրճ Համուտի արհեստագործութեան յատկացուած նշեալ գրքոյկին մէջ անգլերէնի եւ արաբերէնի կողքին ինչո՞ւ հայերէն հակիրճ ակնարկ մը կը պակսի, հոգ չէ թէ քանի մը պարբերութիւններու սահմանին մէջ` Այուպ այդ մէկը վերագրեց աշխատակազմին թիւին սակաւութեան եւ հայերէն գրողի կամ խմբագրողի չգոյութեան այդ կազմին մէջ: Ան պատրաստակամութիւն յայտնեց յառաջիկային ընդառաջելու նման կարելիութեան իրագործման: Իսկ թէ որքանո՛վ աշխատանք կը տարուի արհեստագործութիւնը արտաքին շուկաներուն ծանօթացնելու եւ զբօսաշրջիկներ ներգրաւելու` Նաժուա Պտէյր յայտնեց, որ նման փորձ անցեալին կատարուած է Թրիփոլիի պարագային, որ սակայն ակնկալուած արդիւնքը չէ տուած:
Այս առիթով ներկայացուեցան երկու տեսերիզներ` Պուրճ Համուտի արհեստագործներու հետ կատարուած տեսակցութեանց եւ անոնց հմտութիւններուն մասին: Տեսերիզներէն մէկուն կը մասնակցէր նաեւ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի ձեռարուեստի կեդրոնը, որուն մասին արաբերէնով հանգամանօրէն արտայայտուեցաւ ԼՕԽ-ական Սօսէ Պոյաճեան:
Երկրորդ տեսերիզը կ՛անդրադառնար «Պատկեր» միութեան գործունէութեան եւ այս գծով Արփի Մանկասարեանի տեսակէտներուն` այդ միութեան գործունէութեան եւ հեռանկարներուն մասին:
Աւարտին ներկաները շրջեցան սրահին մէջ ցուցադրուած արհեստագործութեան նմուշներու կրպակներուն միջեւ, որոնց կարգին էր նաեւ ԼՕԽ-ի ձեռարուեստի կեդրոնի կրպակը:
Նշենք, որ ձեռարուեստի այդ կրպակներու ցուցադրութիւնը պիտի շարունակուի ամբողջ մէկ շաբաթ, Մարաշ թաղի «Պատկեր» միութեան սրահին մէջ: