Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 29 յունուարին ընդունեց Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժերու ընդհանուր հրամանատար զօր. Արտակ Դաւթեանը:
Արցախի նախագահի աշխատակազմէն կը հաղորդեն, որ հանդիպման մասնակցած է նաեւ Արցախի պաշտպանութեան նախարար Կարէն Աբրահամեան:
Քննարկուած են բանակաշինութեան եւ այդ ոլորտին մէջ հայկական երկու հանրապետութիւններու համագործակցութեան վերաբերող շարք մը հարցեր: