Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Հայ Երեք Համայնքապետներու Գլխաւորութեամբ.  Լիբանանի Խաղաղութեան  Համար Հաւաքական Աղօթք

Լիբանանի Հայ Երեք Համայնքապետներու Գլխաւորութեամբ. Լիբանանի Խաղաղութեան Համար Հաւաքական Աղօթք

Երեքշաբթի, 10 դեկտեմբեր 2019-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Պուրճ Համուտի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, Լիբանանի հայ երեք համայնքապետներու գլխաւորութեամբ, հայ առաքելական, կաթողիկէ եւ աւետարանական հոգեւորականներու ու հաւատացեալներու մասնակցութեամբ եւ հայկական կուսակցութիւններու, մշակութային, բարեսիրական, առողջապահական ու մարզական կառոյցներու եւ մեծաթիւ հաւատացեալներու ներկայութեամբ տեղի ունեցաւ Լիբանանի խաղաղութեան համար աղօթք: Ներկայ էին նաեւ զբօսաշրջութեան նախարարի պաշտօնակատար Աւետիս Կիտանեան, հայկական երեսփոխանական պլոքի անդամ, երեսփոխան Յակոբ...

Յակոբ Տէր Խաչատուրեան.  «Չկայ ՀՅԴ-ի Հին Ու Նոր Ղեկավարութիւն»

Յակոբ Տէր Խաչատուրեան. «Չկայ ՀՅԴ-ի Հին Ու Նոր Ղեկավարութիւն»

Վերջին օրերուն իրար յաջորդող իրադարձութիւններու, Դաշնակցութեան շուրջ տեղի ունեցող զարգացումներու, ինչպէս նաեւ անցնող շաբաթավերջին Հայաստանի մէջ 20-է աւելի երկիրներու դաշնակցական ուսանողական եւ երիտասարդական միութիւններու ներկայացուցիչներու հաւաքէն ետք, «Երկիր մետիա» պատկերասփիւռի կայանը զրոյց ունեցած է ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի հետ: Զրուցավար Գեղամ Մանուկեան հարցուցած է այս անգամուան այցելութեան նպատակին մասին. պատասխանելով ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը ըսած է. «Այցելութեան հիմնական նպատակը...

Հայաստանի Բարձրագոյն Ղեկավարութիւնը  Այցելեց Ծիծեռնակաբերդ

Հայաստանի Բարձրագոյն Ղեկավարութիւնը Այցելեց Ծիծեռնակաբերդ

Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի ու արժանապատուութեան եւ այդ յանցագործութեան կանխարգիլման միջազգային օրուան առիթով Հայաստանի բարձրագոյն ղեկավարութիւնը 9 դեկտեմբերին այցելեց Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր: Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեան, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեան, արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան ծաղիկներ զետեղեցին եւ իրենց յարգանքի տուրքը մատուցեցին 1915 թուականի Հայոց ցեղասպանութեան սուրբ նահատակներուն յիշատակը յաւերժացնող անմար կրակին մօտ:  

«Ամերիկեան Ծերակոյտը Անպայման  Պիտի Ընդունի Հայոց Ցեղասպանութիւնը  Ճանչցող Բանաձեւը»  Կ՛ըսէ Կիրօ Մանոյեան

«Ամերիկեան Ծերակոյտը Անպայման Պիտի Ընդունի Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ճանչցող Բանաձեւը» Կ՛ըսէ Կիրօ Մանոյեան

ՀՅԴ Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Կիրօ Մանոյեանը «Ա1+»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ, որ Պրաթիսլաւայի մէջ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումէն ետք ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի երեք համանախագահներու տարածած յայտարարութեան տակ երկու նախարարները չէին ստորագրած այն պատճառով, որ այդ փաստաթուղթը մերժած էր Էլմար Մամետեարովը: «Կը կարծեմ, մերժումը աւելի Ազրպէյճանէն էր, բայց Հայաստանն ալ...

Մամլոյ Ասուլիս` ՀՅԴ Ուսանողական –  Երիտասարդական Միութիւններու  Եռօրեայ Խորհրդաժողովին Մասին

Մամլոյ Ասուլիս` ՀՅԴ Ուսանողական – Երիտասարդական Միութիւններու Եռօրեայ Խորհրդաժողովին Մասին

Երէկ` 9 դեկտեմբերին, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի գրասենեակի ժողովասրահին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակի մամլոյ ասուլիսը: Ասուլիսի մասնակիցները զեկուցեցին 5-էն 7 դեկտեմբերին Երեւանի մէջ տեղի ունեցած ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակին եւ խորհուրդին կողմէն գումարուած ՀՅԴ երիտասարդական-ուսանողական եռօրեայ համահայկական խորհրդաժողովի աշխատանքներուն, ՀՅԴ երիտասարդական-ուսանողական միութիւններու հայեցակարգին, ռազմավարական նպատակներուն, միութիւններու համաշխարհային ցանցին եւ անոնց առնչուող աշխատանքներուն ու ծրագիրներուն մասին: Դաշնակցական երիտասարդները...

Խմբագրական.  ՄԱԿ-ը, 9 Դեկտեմբերը  Եւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը

Խմբագրական. ՄԱԿ-ը, 9 Դեկտեմբերը Եւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը

Հայ քաղաքական միտքը 9 դեկտեմբերին վրայ յատուկ ուշադրութիւն կեդրոնացնելու բոլոր պարտաւորութիւնները ունի: ՄԱԿ-ի օրացոյցին մէջ 9 դեկտեմբերը իբրեւ Ցեղասպանութիւններու զոհերու յիշատակի օր ամրագրելը պաշտօնական Երեւանի ներկայացուցչութեան նախաձեռնութիւնն էր` Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին: Իրաւամբ 100-ամեակի մեր դիւանագիտական ձեռքբերումներէն կարեւորագոյնը կարելի է նկատել 9 դեկտեմբերի ամրագրումը ՄԱԿ-ի մօտ: Հայկական դիւանագիտութեան մարտավարութիւնը լիարժէք աշխատած է այս պարագային: Առանց նշելու Հայոց ցեղասպանութիւնը փաստօրէն  բոլոր ցեղասպանութիւններուն...

Իշխան Սաղաթէլեան Հանդիպեցաւ Քանատայի  Տնտեսական Զարգացման Նախարար Մելանի Ժոլիի Հետ

Իշխան Սաղաթէլեան Հանդիպեցաւ Քանատայի Տնտեսական Զարգացման Նախարար Մելանի Ժոլիի Հետ

7 դեկտեմբեր 2019-ին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան հանդիպեցաւ Քանատայի տնտեսական զարգացման նախարար Մելանի Ժոլիի հետ: Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան Քանատա-Հայաստան տնտեսական փոխզարգացման հեռանկարները եւ յատկապէս Հայաստանի մէջ խօսքի ազատութեան ըմբռնման ժողովրդավարական յստակ ուղեծիրի հայեացքները: Հանդիպման մասնակից էին ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Րաֆֆի Տօնապետեան, ՀՅԴ Քանատայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Մհեր Գարագաշեան, Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ Հրակ Տարագճեան եւ Քեպեքի...

Հայաստանի Երկրաշարժի Զոհերուն  Հոգեհանգստեան Արարողութիւն  Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Հայաստանի Երկրաշարժի Զոհերուն Հոգեհանգստեան Արարողութիւն Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Կիրակի, 8 դեկտեմբեր 2019-ին, Անթիլիասի մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ մատուցուեցաւ Ս. եւ անմահ պատարագ: Պատարագի աւարտին, նախագահութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին, տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան հանդիսաւոր արարողութիւն, 1988 թուականին Սպիտակի, Գիւմրիի եւ Վանաձորի մէջ տեղի ունեցած երկրաշարժին պատճառով զոհ գացած շուրջ 30.000 հայորդիներու հոգիներուն համար: Վեհափառ հայրապետը, հոգեւոր հայրերը եւ հաւատացեալները միասնաբար իրենց աղօթքը ուղղելով Աստուծոյ` խնդրեցին, որ զոհերուն...

Մամլոյ Համահայկական Համաժողովները  Համակարգող Խորհուրդի Յառաջիկայ Նիստը  Պիտի Գումարուի Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Մամլոյ Համահայկական Համաժողովները Համակարգող Խորհուրդի Յառաջիկայ Նիստը Պիտի Գումարուի Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Շաբաթ, 7 դեկտեմբեր 2019-ին, լիբանանահայ երեք օրաթերթերու տնօրէնները այցելեցին Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին: Այցելութեան նպատակը շնորհակալութիւն յայտնել էր անոր` «Հայ մամլոյ տարուան» առիթով եւ Լիբանանի ճգնաժամային պայմաններուն մէջ իր կատարած նիւթական աջակցութեան համար` լիբանանահայ երեք օրաթերթերուն: Վեհափառ հայրապետը գնահատելով օրաթերթերուն տարած աշխատանքը` վերաշեշտեց հայ մամուլին առաքելութիւնը շարունակելու անհրաժեշտութիւնը` հայապահպանման եւ հանրային կարծիքի ճիշդ հունաւորման դերակատարութիւնը ընդգծելով: Այնուհետեւ խորհրդակցութիւնները կեդրոնացան Անթիլիասի...

Հաղորդագրութիւն

Հաղորդագրութիւն

ՀՄԸՄ-ի ԺԲ. Պատգամաւորական ընդհանուր ժողովէն ընտրուած Կեդրոնական վարչութիւնը 2019-2023 քառամեակի իր առաջին լիագումար նիստերը կատարեց Փարիզի մէջ, 6-7 դեկտեմբեր 2019-ին: Նիստերուն սկիզբը, Կեդրոնական վարչութիւնը Պատգամաւորական ընդհանուր ժողովի որոշումներուն լոյսին տակ քննեց ՀՄԸՄ-ի դէմ  ծառացած ներկայ մարտահրաւէրները եւ օրակարգի առանձին կէտերով արծարծեց միութեան սկաուտական, մարզական եւ երիտասարդական նորաստեղծ բաժանմունքին զարգացման միջոցները: Կեդրոնական վարչութիւնը ընդհանուր արժեւորումը կատարեց միութեան 111 մասնաճիւղերու իրավիճակին եւ...

Խմբագրական.  Ժողովրդագրական Պատկերի Ճգնաժամի  Յաղթահարման Համար  (Երկրաշարժի 31-րդ Տարելից)

Խմբագրական. Ժողովրդագրական Պատկերի Ճգնաժամի Յաղթահարման Համար (Երկրաշարժի 31-րդ Տարելից)

31 տարի առաջ գրանցուած երկրաշարժը քաղաքական առումով ցնցեց ամբողջ Խորհրդային Միութիւնը: Հայաստանին օժանդակութեան փութաց ամբողջ աշխարհը: Ըստ էութեան, քանդուեցաւ երկաթէ վայրագոյրը, երբ տարբեր երկիրներէ Խորհրդային Միութիւն մուտք գործած փրկարար ջոկատները կամ բարեսիրական կազմակերպութիւնները ականատես եղան քաղաքաշինութեան եւ ընդհանրապէս շինարարական համակարգի որակի, մակարդակի, դիւրաբեկութեան: Փլուզումը քաղաքներուն կը նախանշէր փլուզումը ամբողջ համապետական համակարգի մը, որ Խորհրդային Միութիւն կը կոչուէր: Ցնցում մը իր...

Դաշնակցութիւնը Կը Հերքէ «Պարտիզանական  Մարտեր Մղելու» Յորդորի Առկայութիւնը

Դաշնակցութիւնը Կը Հերքէ «Պարտիզանական Մարտեր Մղելու» Յորդորի Առկայութիւնը

ՀՅ Դաշնակցութեան Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին հերքեց, որ ՀՅԴ Բիւրոյի նախկին ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան իշխանութեան դէմ այսպէս կոչուած «պարտիզանական մարտեր մղելու» յորդոր կատարած ըլլայ: «Բովանդակութենէ կտրուած, իրականութեան հետ առնչութիւն չունեցող ձեւակերպումներով հաւաքէն տեղեկութիւններ դրած են շրջանառութեան մէջ մարդիկ, որոնք այդ հաւաքին ներկայ չեն եղած», պարզաբանեց ան: Քանատա գտնուող Սաղաթէլեան տեղեկացուց, որ հոկտեմբերին...

Տոքթ. Ռոլան Եունեսի Գլխաւորութեամբ  Ժողովրդային Շարժումէն Պատուիրակութիւն Մը  Այցելեց Երեսփոխան Բագրատունիի

Տոքթ. Ռոլան Եունեսի Գլխաւորութեամբ Ժողովրդային Շարժումէն Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Երեսփոխան Բագրատունիի

Ժողովրդային շարժումէն պատուիրակութիւն մը` գլխաւորութեամբ տոքթ. Ռոլան Եունեսի, երէկ` ուրբաթ, 6 դեկտեմբերին այցելեց «Շաղզոյեան» կեդրոն եւ հանդիպում ունեցաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի հետ: Հանդիպման ընթացքին պատուիրակութեան անդամները իրենց պահանջները ներկայացուցին` երկրին ներկայ տագնապէն դուրս գալու գծով: Երեսփոխան Բագրատունի ողջունեց ժողովրդային ցասումին մասնակիցները եւ յայտնեց, որ «առաջին իսկ օրէն ոչ միայն զօրակցեցանք շարժումի հիմնական նպատակները եղող ընկերային...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Լիբանանի Թեմի  Առաջնորդն Ու Ազգային Վարչութեան  Կրօնական Եւ Քաղաքական Ժողովները

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Լիբանանի Թեմի Առաջնորդն Ու Ազգային Վարչութեան Կրօնական Եւ Քաղաքական Ժողովները

Հինգշաբթի, 5 դեկտեմբեր 2019-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին այցելեցին Լիբանանի թեմի Ազգային վարչութեան Կրօնական եւ Քաղաքական ժողովները` գլխաւորութեամբ թեմի առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոսին: Առաջնորդ սրբազանը,  նախ եւ առաջ, շնորհակալութիւն յայտնեց վեհափառ հայրապետին, որ 100 միլիոն լիբանանեան ոսկի յատկացուց հայ կարիքաւոր ընտանիքներուն եւ ընդհանուր գիծերով ներկայացուց Լիբանանի այժմու կացութեան ծիրին մէջ թեմին դիմագրաւած դժուարութիւններն ու յատկապէս Ազգային վարչութեան տնտեսական մտահոգութիւնները: Խօսք առին...

Հանդիպում` Հայրենակցական  Միութիւններուն Հետ

Հանդիպում` Հայրենակցական Միութիւններուն Հետ

Երէկ` ուրբաթ, 6 դեկտեմբերի երեկոյեան «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ, Հայկական երեսփոխանական պլոքին հրաւէրով հանդիպում մը տեղի ունեցաւ հայրենակցական միութիւններու վարչութիւններուն հետ: Առաջին առիթով երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի զեկուցում մը ներկայացուց քաղաքական եւ գաղութային կացութեանց մասին` անդրադառնալով այն մարտահրաւէրներուն, որոնք ստեղծուած են այս փուլին: Ան անդրադարձաւ նաեւ մօտիկ ապագային կատարուելիք աշխատանքներուն: Հայրենակցական միութիւնները անդրադարձան իրենց կատարած ու կատարելիք աշխատանքներուն եւ ընկերային ծառայութիւններուն` շեշտը...

Յայտարարութիւն

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի Յայտարարութիւնը

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինը 5 դեկտեմբերին հրապարակեց յայտարարութիւն մը, որուն մէջ անդրադարձաւ ներկայ իշխանութեան միահեծանութեան ձգտող գործելաոճին, Դաշնակցութեան վարկանիշը կասկածի տակ առնելու փորձին` այս բոլորին նկատմամբ մտահոգութիւն յայտնելով եւ սթափելու կոչ ուղղելով: Ստորեւ` յայտարարութեան ամբողջութիւնը:  «Շահարկելով երկրում առկայ բազմաթիւ բացասական երեւոյթները, խախտելով սահմանադրական կարգի հիմնարար սկզբունքները` Ն. Փաշինեանը ձգտում է միահեծան իշխանութեան` նախկին անընդունելի դրսեւորումների մերժումը վերածելով անցեալի ուրացման, չխորշելով...

ԵԱՀԿ Մինսքի Խմբակի Համանախագահ  Երկիրներու  Արտաքին Գործոց Նախարարներուն  Յայտարարութիւնը` Լեռնային Ղարաբաղի  Տագնապին Մասին

Մինսքի Խմբակի Համանախագահներու Յայտարարութիւնը` Մնացականեան-Մամետեարով Հանդիպումին Մասին

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահող երկիրներու պատուիրակութիւններու ղեկավարները յայտարարութիւն մը հրապարակեցին 4 դեկտեմբերին Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարներ Էլմար Մամետեարովի եւ Զոհրապ Մնացականեանի հանդիպման եւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան լուծման վերաբերող: «Պրաթիսլաւայի մէջ նախարարներու խորհուրդի ծիրին մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին առիթով` ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահող երկիրներու պատուիրակութիւններու ղեկավարները (Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովը, Ֆրանսայի` Եւրոպայի եւ արտաքին գործերու պետական քարտուղար...

Զոհրապ Մնացականեան` ԵԱՀԿ-ի  Համաժողովին. «Արցախի Ժողովուրդին  Անվտանգութիւնը Ենթակայ Չէ Զիջումի»

Զոհրապ Մնացականեան` ԵԱՀԿ-ի Համաժողովին. «Արցախի Ժողովուրդին Անվտանգութիւնը Ենթակայ Չէ Զիջումի»

Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան ելոյթ ունեցաւ Պրաթիսլաւայի մէջ կայացող ԵԱՀԿ-ի 26-րդ նախարարական համաժողովին եւ հիմնականօրէն ներկայացուց Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման առանցքային խնդիրներուն նկատմամբ Հայաստանի դիրքորոշումը: Նախարարը յայտնեց, որ օր մը առաջ հանդիպում ունեցաւ Ազրպէյճանի իր գործընկերոջ եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն հետ, տեղի ունեցան հերթական խորհրդակցութիւնները, որոնք հինգերորդն էին այս տարուան ընթացքին: Այս առնչութեամբ ան ընդգծեց...

ՀՅԴ Երիտասարդական – Ուսանողական  Եռօրեայ Խորհրդաժողովի Բացում

ՀՅԴ Երիտասարդական – Ուսանողական Եռօրեայ Խորհրդաժողովի Բացում

Հինգշաբթի, 5 դեկտեմբեր 2019-ին, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակին եւ խորհուրդին, «Ա. Մանուկեան» կեդրոնին մէջ բացումը կատարուեցաւ ՀՅԴ  երիտասարդական-ուսանողական եռօրեայ խորհրդաժողովին, որուն կը մասնակցէին 18 երկիրներէ ժամանած (Հայաստան, Արցախ, Սուրիա, Լիբանան, Քուէյթ, Իրան, Անգլիա, Հոլանտա, Շուէտ, Ֆրանսա, Պելճիքա, Յունաստան, Քանատա, Ռուսիա, Արեւելեան եւ Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներ, Ուրուկուէյ, Արժանթին, Աւստրալիա) 55 ընկերներ: Խորհրդաժողովի բացումը կատարեց ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակի պատասխանատու Արշակ...

Երեսփոխան Բագրատունի Անդրադարձաւ  Լիբանանեան Վերջին Իրադարձութիւններուն

Երեսփոխան Բագրատունի Անդրադարձաւ Լիբանանեան Վերջին Իրադարձութիւններուն

Երէկ` հինգշաբթի, 5 դեկտեմբեր 2019-ի կէսօրուան ժամը 12:00-ին, «Վանայ ձայն» ձայնասփիւռի կայանէն սփռուեցաւ «Տագնապը եւ մենք» յայտագիրի (զրուցավար` Հուրի Փափազեան-Էմմիեան) հարցազրոյցը ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիին հետ: Հարցազրոյցի ընթացքին երեսփոխան Բագրատունի անդրադարձաւ Լիբանանի ներքին քաղաքական տագնապին, վերջին օրերու իրադարձութիւններուն եւ գալիք օրերու հաւանական զարգացումներուն: Հարցազրոյցին ամբողջութիւնը պիտի հրապարակուի «Ազդակ»-ի վաղուան թիւով:  

Page 468 of 797 1 … 467 468 469 … 797

Արխիւներ