Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ Հայաստանի Մարմինի Անդամները Այցելեցին Արամ Մանուկեանի Յուշարձան

January 30, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մեծանուն պետական գործիչ Արամ Մանուկեանի յիշատակի օրուան առիթով անոր յուշարձանը այցելեցին եւ ծաղիկներ զետեղեցին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի, ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական եւ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութեան անդամները:

«Երկիր»-ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ՀՅԴ-ի անդամ Բագրատ Եսայեան ըսաւ. «Արամը իր ապրած ամբողջ կեանքով դաստիարակեց հայութիւնը, թէ ինչպէ՛ս պէտք է սիրել հայրենիքը, ինչպէ՛ս պէտք է սիրել ժողովուրդը, եւ նոյնիսկ իր մահով այդ դաստիարակչական աշխատանքը չդադրեցուց»:

Արժեւորելով Արամ Մանուկեանի կեանքի եւ գործունէութեան դրուագները` Բագրատ Եսայեան յատուկ ձեւով անդրադարձաւ Վանի մէջ Արամի գործունէութեան, երբ Հայոց ցեղասպանութեան ամէնէն դաժան ժամանակաշրջանին ան կրցաւ համախմբել բոլոր ուժերը, ստանձնել ինքնապաշտպանական ուժերու ղեկավարումը եւ կերտել «նախապետական» միաւորումը` մինչեւ ռուսերուն գալը:

Արամի գործունէութեան յաջորդ կարեւորագոյն շրջանը, ըստ Բագրատ Եսայեանի, 1917 վերջերէն մինչեւ վաղաժամ մահն է, երբ Արամի պետականամէտ մտածողութիւնը ստացաւ իր ամէնէն վառ արտայայտութիւնը: «Երբ օրհասական պահուն թրքական զինուած ուժերը, ցեղասպանելով եւ հայրենազրկելով արեւմտահայութիւնը, քանի մը ուղղութիւններով ներխուժած էին` ոչնչացնելու նաեւ Արեւելեան Հայաստանը եւ հայութեան մնացած բեկորները, Արամը ուղղակի կազմակերպեց Երեւանի պաշտպանութիւնը, կազմակերպեց ժողովուրդը, եւ Արարատեան դաշտավայրի քաոսը վերածուեցաւ յաղթանակի, վերածուեցաւ պետականութեան», նշեց ան:

Բ. Եսայեան հաստատեց նաեւ, որ «տիքթաթոր» հասկացութիւնը սովորաբար բացասական իմաստով կ՛ընկալուի, բայց մարտ 1918-ին ժողովուրդին կողմէ Արամին «տիքթաթոր» հռչակելը բոլորովին այլ փիլիսոփայութիւն ունէր իր մէջ: «Ատիկա ժողովուրդի ներքին ձայնի, ներքին կանխազգացողութեան պոռթկումն էր` Արամը պէտք է դառնար տիքթաթոր, անոր կազմակերպական ունակութիւնները պիտի յանգեցնէին Մայիսեան յաղթանակներուն, եւ պիտի ծնէր հայոց պետականութիւնը: Եւ ժողովուրդի ներքին ձայնը ճիշդ էր», եզրափակեց Բագրատ Եսայեան:

Արամ Մանուկեանի յուշարձան այցելած, ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութեան անդամ Անի Ազատեան դիտել տուաւ, որ նախապէս ժխտական կը տրամադրուէր անոնց նկատմամբ, որոնք չէին ճանչնար Արամ Մանուկեանը, իսկ ներկայիս այլ ձեւով կը մտածէ: «Մենք այժմ ոչ թէ կը նախատենք բոլոր անոնց, որոնք չեն ճանչնար մեր Ա. Հանրապետութեան հիմնադիր Արամ Մանուկեանը կամ անտարբեր են անոր ունեցած աւանդին հանդէպ, այլ ամէնօրեայ աշխատանքներու  միջոցով կը փորձենք մեր սերնդակիցներու շրջանակին մէջ տարածել ինչպէս Արամ Մանուկեանի դաւանած գաղափարներն ու արժէքները, այնպէս ալ անոր եւ միւս մեր մեծերուն ձգած անգնահատելի ժառանգութիւնը», յայտնեց Անի Ազատեան` աւելցնելով, որ եթէ այսօր աշխարհի քարտէսին վրայ առկայ է Հայաստանի Հանրապետութիւնը` իբրեւ պետութիւն, եւ իրենք հպարտօրէն կը ծածանեն Եռագոյնը` իբրեւ պետականութեան խորհրդանիշ, ապա այդ բոլորին համար պէտք է խոնարհիլ Արամին եւ անոր զինակիցներուն կեանքին ու գործին առջեւ:

 

Նախորդը

Դաւիթ Իշխանեան. «Յաղթանակի Ակնկալիքով Կը Մասնակցիմ Ընտրապայքարին»

Յաջորդը

Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Արտաքին Գործոց Նախարարներու Հանդիպում

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ

February 3, 2026
Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.