Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» Ցուցասրահի 10-ամեակին Առիթով` Երիտասարդ Արուեստագէտներու Հաւաքական Ցուցահանդէս
Հովանաւորութեամբ Պսալիմ-Մզհեր-Մաժզուպի քաղաքապետ Ժորժ Սըմաանի եւ կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահի տնօրէնութեան երէկ` հինգշաբթի, 5 սեպտեմբեր 2019-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, նշեալ ցուցասրահին մէջ բացումը կատարուեցաւ երիտասարդ արուեստագէտներու հաւաքական ցուցահանդէսին: «Վանայ ձայն»-ի արաբերէն բաժինի հաղորդավար Հալա Հատտատ արաբերէնով իր ողջոյնի խօսքին մէջ նշեց, թէ երազով մեկնարկած տասնամեայ կառոյց մը արդէն վերածուած է արուեստի ընտրանիի հանդիպման վայրի: Տասնամեայ եռանդուն գործունէութեան ընդմէջէն, հարիւր...




















