Գլխաւոր լուրեր

31 Մարտին Տեղի Պիտի Ունենան Արցախի  Հանրապետութեան Նախագահի Եւ Ազգային Ժողովի  Հերթական Ընտրութիւնները

31 Մարտին Տեղի Պիտի Ունենան Արցախի Հանրապետութեան Նախագահի Եւ Ազգային Ժողովի Հերթական Ընտրութիւնները

Ղեկավարուելով Արցախի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան եւ ընտրական օրէնսգիրքի շարք մը դրոյթներով` Արցախի Հանրապետութեան նախագահի եւ Ազգային ժողովի հերթական ընտրութիւններու օր  յայտարարուած է 31 մարտ 2020-ը: Այս մասին կը տեղեկացնէ Արցախի Հանրապետութեան Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբը: «Արցախի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան 89-րդ յօդուածի Ա. մասին համաձայն, հանրապետութեան նախագահի հերթական ընտրութիւնը տեղի կ՛ունենայ հանրապետութեան նախագահի լիազօրութիւններու աւարտէն 50 օր առաջ: Արցախի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան 109-րդ յօդուածին համաձայն,...

30 Տարի Առաջ Ազրպէյճանի Մէջ Շարունակուած Է  Թուրքիոյ Սկսած Հայոց Ցեղասպանութիւնը

30 Տարի Առաջ Ազրպէյճանի Մէջ Շարունակուած Է Թուրքիոյ Սկսած Հայոց Ցեղասպանութիւնը

20 յունուարին Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովին մէջ  կազմակերպուած է քննարկում` նուիրուած Պաքուի հայ բնակչութեան զանգուածային ջարդերու 30-րդ տարելիցին: Քննարկումին կը մասնակցէին Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան, Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց  նախարարի տեղակալ Արմինէ Ալեքսանեան, պատգամաւորներ, Գաղթականներու միութեան անդամներ, Պաքուի ջարդերու ականատեսներ, լրագրողներ, երիտասարդներ: Քննարկումի հիմնական բանախօսը ամերիկահայ գրող, իրաւաբանական գիտութիւններու թեկնածու Աննա Աստուածատուրեան-Թերքոթն էր: Քաղաքագէտ Ալեքսանտր Մանասեանի կարծիքով`...

Խորհրդարանի Օրէնսդրական  Լիագումար Նիստ.   Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի Կ՛ընտրուի  Նախագահներու Եւ Նախարարներու Դատավարութեան  Դատական Գերագոյն Խորհուրդի Անդամ

Վե՛րջ Տուէք Այս Զաւեշտին, Կազմեցէ՛ք Կառավարութիւնը

Յ. ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ Անցնող օրերու դէպքերուն թաւալգլոր ընթացքը կը մղէ լիբանանցի քաղաքացին դուրս գալու տրամաբանութեան, իրատեսութեան եւ ողջմտութեան ամէն «կապանք»-է եւ բարձրաղաղակ գոռալու` «Ա՛լ կը բաւէ, վե՛րջ տուէք այս խեղկատակութեան»: Իրաւամբ, երկրին մէջ փտածութիւնը, օրինազանցութիւնը, պետական գանձի իւրացումը, դրամատիրական դասակարգի բարբարոս շահագործումը, քաղաքացիի հացին ոտնակոխումը ստեղծած էին այնպիսի շնչահեղձ մթնոլորտ, որ երբ եկաւ հոկտեմբեր 17-ի ժողովրդային ցասումը եւ աւելի ուշ կառավարութեան...

ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան Պատուիրակութեան Հանդիպումները

ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան Պատուիրակութեան Հանդիպումները

Շաբաթ, 18 յունուարին, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմէին ատենապետ Վաչէ Նաճարեան, անդամներ Վիգէն Աւագեան, Թալին Օրտողլեան եւ Մանուկ Քէօշկերեան, այցելեց Հայ կաթողիկէ Գրիգոր-Պետրոս Ի. ամենապատիւ հոգեւոր տիրոջ: Այցելութեան ներկայ գտնուեցաւ Գէորգ արք. Խազում: Այցելութեան ընթացքին, ՀՄԸՄ-ի պատուիրակութիւնը հոգեւոր տիրոջ ներկայացուց միութեան ԺԲ. Պատգամաւորական ընդհանուր ժողովին ընդհանուր տրամադրութիւնները եւ յառաջիկայ քառամեակի գլխաւոր ծրագիրներն ու ձեռնարկները: Ամենապատիւ...

Ակնարկ.  Որպէսզի Ժողովրդային Շարժումը  Չփոխէ Իր Հունը

Ակնարկ. Որպէսզի Ժողովրդային Շարժումը Չփոխէ Իր Հունը

Լիբանանեան ցոյցերուն ձեւափոխումը խաղաղէն ոչ խաղաղ բնոյթի բանաձեւումով չի սահմանափակուիր միայն: Մինչեւ վերջին օրերուն դրամատուներու կամ վաճառատուներու ցուցափեղկերու քանդումն ու իրաւապահ մարմիններուն ուղղութեամբ զանգուածային քարկոծումները ժողովրդային շարժումը ընդհանրապէս կը յատկանշուէր խաղաղ, քաղաքակիրթ բնոյթի եւ ներկայ յեղափոխութիւններու համար օրինաչափ նկատուող միջոցներու կիրարկումով: Ճամբաներու փակումն էր միայն, որ կը քննադատուէր թէ՛ բանակին եւ թէ՛ իրաւապահ մարմիններուն կողմէ, որոնք քաղաքացիի սահմանադրական իրաւունքի արգելակում...

Հայաստանի Եւ Արցախի Պատգամաւորները  Պաքուի Մէջ Հայերու Ջարդերը Դատապարտող  Յայտարարութիւն Ընդունած Են

Հայաստանի Եւ Արցախի Պատգամաւորները Պաքուի Մէջ Հայերու Ջարդերը Դատապարտող Յայտարարութիւն Ընդունած Են

Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի Հանրապետութեան խորհրդարաններու պատգամաւորները ընդունած են միացեալ յայտարարութիւն, որուն մէջ դատապարտած են 30 տարի առաջ Ազրպէյճանի մայրաքաղաք Պաքուի մէջ կազմակերպուած եւ իրականացած հայերու  ջարդերը: 18 յունուարին յայտարարութիւնը միաձայնութեամբ ընդունուած է Հայաստանի Ազգային ժողովին մէջ կազմակերպուած` Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովներուն միջեւ համագործակցութեան միջխորհրդարանական յանձնախումբի` Պաքուի ջարդերու 30-րդ տարելիցին նուիրուած միացեալ յատուկ նիստի աւարտին: Յայտարարութեան բնագիրը...

Աշոտ Ղուլեան. «Արցախը Հետեւողական  Պիտի Ըլլայ Ցեղասպանութեան Կազմակերպիչները  Եւ Իրականացնողները Պատասխանատուութեան  Ենթարկելու Հարցին Մէջ»

Աշոտ Ղուլեան. «Արցախը Հետեւողական Պիտի Ըլլայ Ցեղասպանութեան Կազմակերպիչները Եւ Իրականացնողները Պատասխանատուութեան Ենթարկելու Հարցին Մէջ»

30 տարի առաջ կատարուած ոճիրի անցքերը ուսումնասիրելու ընթացքին պարզ ու մարդկային հարց մը կը յառաջանայ` ինչպէ՞ս կ՛ըլլայ, որ նոյն ժողովուրդը երեք անգամ ջարդի ենթարկուի մէկ քաղաքի մէջ, որուն  հիմնաքարերը իր ձեռքով դրած է. ըստ «Երկիր»-ին, Պաքուի ջարդերու 30-ամեայ տարելիցին նուիրուած` Հայաստանի եւ Արցախի Ազգային ժողովներու միջխորհրդարանական յանձնախումբի միացեալ յատուկ նիստին ելոյթ ունենալու ընթացքին նշեց Արցախի Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան:...

Պէյրութը Կը Վերածուի Ցուցարարներուն  Եւ Ապահովութեան Ուժերուն Միջեւ Մարտադաշտի, Իսկ  Կառավարութեան Կազմութիւնը Կ՛ուշանայ

Պէյրութը Կը Վերածուի Ցուցարարներուն Եւ Ապահովութեան Ուժերուն Միջեւ Մարտադաշտի, Իսկ Կառավարութեան Կազմութիւնը Կ՛ուշանայ

Շաբաթ յետմիջօրէին Նըժմէի հրապարակ տանող Կեդրոնական Պէյրութի փողոցը վերածուեցաւ մարտադաշտի` ցուցարարներուն եւ ապահովութեան ուժերուն միջեւ: Շաբաթ կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին Պարպիրէն, Տորայէն եւ Սեսին հրապարակէն մեկնարկած ժողովրդային խաղաղ քայլարշաւները, որոնց մասնակից քաղաքացիները տարբեր ուղղութիւններով տողանցեցին դէպի խորհրդարան, մերժեցին տիրող տնտեսական պայմանները, դրամատնային համակարգը, նոր կառավարութեան կազմութիւնը եւ իրենց նկատմամբ ներկայ իշխանութիւններուն ցուցաբերած անտարբերութիւնը: Այս ցոյցին միացան նաեւ Թրիփոլիէն, Աքքարէն եւ...

Նախագահ Սարգսեան Հանդիպում Ունեցաւ Հայ-Էմիրաթական Միջկառավարական  Յանձնախումբի Համանախագահին Հետ

Նախագահ Սարգսեան Հանդիպում Ունեցաւ Հայ-Էմիրաթական Միջկառավարական Յանձնախումբի Համանախագահին Հետ

Աշխատանքային այցելութեամբ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ գտնուող Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան Ապու Տապիի մէջ հանդիպում ունեցաւ հայ-էմիրաթական միջկառավարական յանձնախումբի էմիրաթական կողմի համանախագահ Ահմետ Ալի Սայեղի հետ: Այս մասին յայտնեցին Հայաստանի նախագահի աշխատակազմի հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն: Զրուցակիցները անդրադարձան միջկառավարական յանձնախումբի առաջին նիստին ընթացքին ձեռքբերուած պայմանաւորուածութիւններուն ընթացքին: Ահմետ Ալի Սայեղ ներկայացուց կատարուած գործնական քայլերն ու նախատեսուող աշխատանքները: Կարեւոր նկատելով միջկառավարական յանձնախումբին...

Աննա Նաղդալեան` Մամետեարովի  Յայտարարութեան Մասին

Աննա Նաղդալեան` Մամետեարովի Յայտարարութեան Մասին

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ բանբեր Աննա Նաղդալեան` անդրադառնալով Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի այն յայտարարութեան, թէ Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարները մինչեւ յունուարի վերջը հանդիպում պիտի ունենան` ըսաւ, որ Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը շարունակէ կիրարկել երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումներու համաժամանակեայ հանրայնացման դրութիւն: «Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը իւրաքանչիւր հանդիպման մասին կը տեղեկացնէ ընդունուած կարգով`...

Լաւատես Ենք, Որ Յառաջիկային Իտալիոյ  Կառավարութիւնը Պաշտօնապէս  Ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը

Ազրպէյճանական Լրատուամիջոցներ Կը Խեղաթիւրեն Եւրոպական Խորհրդարանի Բանաձեւին Բովանդակութիւնը

ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակի հաղորդակցութեան եւ հանրային կապերու պատասխանատու Յարութ Շիրինեան «Արմէնփրես»-ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ ազրպէյճանական լրատուամիջոցները` ապատեղեկատուութիւն տարածելով անգամ մը եւս խեղաթիւրած են Եւրոպական խորհրդարանի «Ընդհանուր անվտանգութեան եւ պաշտպանութեան իրականացման զեկուցում»-ին բովանդակութիւնը` պնդելով, որ հոն տեղ գտած է «Լեռնային Ղարաբաղի բռնագրաւում» եզրը, ինչ որ ոչ մէկ ձեւով կը համապատասխանէ իրականութեան: «Այդ մասին նշող ազրպէյճանական կայքին...

Կեդրոնական Դրամատունը Կը Շարունակէ Մնալ  Ցուցարարներուն Հիմնական Թիրախը,  Իսկ Կառավարութեան Կազմութիւնը  Տակաւին Արգելքներ Կը Դիմագրաւէ

Կեդրոնական Դրամատունը Կը Շարունակէ Մնալ Ցուցարարներուն Հիմնական Թիրախը, Իսկ Կառավարութեան Կազմութիւնը Տակաւին Արգելքներ Կը Դիմագրաւէ

Կառավարութեան կազմութեան ճիգերը կը շարունակուին վարչապետ Հասսան Տիապի կողմէ, որ կառչած կը մնայ 18 նախարար հաշուող կառավարութեան մը կազմութեան: Նկատի ունենալով այդ կեցուածքը` հարցերը կը մնան անլոյծ, որովհետեւ Մարատա հոսանքին, յոյն կաթողիկէ համայնքին եւ Ղովմի կուսակցութեան պահանջները կը մնան անպատասխան, մինչդեռ այդ հարցերուն հաւանական լուծումը նախարարներուն թիւը 24-ի բարձրացնելն է: Բոլոր տեղեկութիւնները հաստատեցին, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունը եւ...

ՀՕՄ-ը Կը Ձեռնարկէ Լիբանանի Անմիջական Օժանդակութեան Համար Նուիրահաւաքի

ՀՕՄ-ը Կը Ձեռնարկէ Լիբանանի Անմիջական Օժանդակութեան Համար Նուիրահաւաքի

Հոկտեմբեր 2019-ին սկիզբ առած Լիբանանի տնտեսական տագնապն ու քաղաքական անկայուն իրավիճակը մեծապէս ազդեցին լիբանանահայութեան բնականոն կեանքին վրայ: Հայ օգնութեան միութեան Կեդրոնական վարչութիւնը, լրջօրէն հետեւելով իրադարձութիւններուն, չէր կրնար ձեռնպահ մնալ, հետեւաբար նոյեմբեր 2019-ին 5.000 ամերիկեան տոլար տրամադրեց Լիբանանահայ օգնութեան խաչին (ԼՕԽ)` տեղական ծրագիրներու հետեւողական եւ անընդմէջ ընթացքը ապահովելու համար: Սակայն, կացութիւնը կը շարունակէ բարդանալ, եւ օժանդակութեան խնդրանքով ԼՕԽ-ին դիմող անհատներու քանակը ...

Կիրօ Մանոյեան. «Ճիշդ Ժամանակն Է Հայաստանի  Հանրապետութիւն – Արցախի Հանրապետութիւն  Ռազմաքաղաքական Դաշինք Կնքելու»

Կիրօ Մանոյեան. «Ճիշդ Ժամանակն Է Հայաստանի Հանրապետութիւն – Արցախի Հանրապետութիւն Ռազմաքաղաքական Դաշինք Կնքելու»

«Թերթ»-ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան յայտնեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման ուղղութեամբ տարուող բանակցութիւններուն մէջ Հայաստանի իշխանութիւններուն քայլերէն յստակ կը դառնայ, որ անոնք ո՛չ ռազմավարութիւն ունին, ո՛չ ալ հայեցակարգ: «Օրինակ` Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը Պրաթիսլաւայի մէջ յայտարարութիւն կը կատարէ, որ Լեռնային Ղարաբաղի հարցը պէտք է լուծուի...

Հայ Դատի Յանձնախումբը Քոնկրեսին Կոչ Ուղղեց  Դատապարտելու Ազրպէյճանական Յարձակումները

Հայ Դատի Յանձնախումբը Քոնկրեսին Կոչ Ուղղեց Դատապարտելու Ազրպէյճանական Յարձակումները

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը կոչ ուղղեց Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի եւ Ներկայացուցիչներու տան անդամներուն` Պաքուի ջարդերու 30-ամեայ տարելիցին առիթով դատապարտելու Հայաստանի եւ Արցախի դէմ Ազրպէյճանի կողմէ շարունակուող յարձակումները: «Պաքուի, Սումկայիթի, Մարաղայի եւ Կիրովապատի արիւնոտ ջարդերէն, եւ անոնց յաջորդած` Արցախի դէմ ձախող պատերազմէն ետք, ինչպէս նաեւ Պաքուի հակահայկական քարոզչութեան, սահմանային միջադէպերու յաճախականութեան պատճառով, կարելի չէ քննարկել անցեալին վերադառնալու մասին», յայտարարեց Ամերիկայի Հայ...

ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարի  Ներկայացուցիչը Այցելեց Բագրատունիի.  Հանդիպում Ժըպրան Պասիլի Հետ

ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարի Ներկայացուցիչը Այցելեց Բագրատունիի. Հանդիպում Ժըպրան Պասիլի Հետ

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի ներկայացուցիչ Իան Քիւպիչ այցելեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունիի, «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ: Մէկ ժամ տեւած հանդիպումին ընթացքին քննարկումի նիւթ դարձան շրջանային անցուդարձերը, Լիբանանի կառավարական տագնապը եւ երկրին դիմագրաւած տնտեսական ու ընկերային դժուարութիւնները: Բագրատունի անհրաժեշտ նկատեց կառավարութեան անմիջական կազմութիւնը եւ յոյս յայտնեց, որ նոր կառավարութիւն մը, մասնագէտներէ բաղկացած, կրնայ կազմուիլ յառաջիկայ 48 ժամուան ընթացքին` միաժամանակ դիտել...

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Պատասխան  Նամակ Մը Ստացաւ Ծերակուտական Մենենտեզէն

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Պատասխան Նամակ Մը Ստացաւ Ծերակուտական Մենենտեզէն

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը երէկ պատասխան նամակ մը ստացաւ Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի անդամ Ռապըրթ Մենենտեզէն: Մարմինը 13 դեկտեմբեր 2019-ին նամակ մը յղած էր ծերակուտական Մենենտեզին` գնահատելով Ծերակոյտին կողմէ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող թիւ 150 բանաձեւին որդեգրումը եւ պատմական այդ քայլին ապահովման համար ծերակուտականին թափած ջանքերը: Ծերակուտական Մենենտեզ ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինին յղած իր նամակին մէջ շնորհակալութիւն կը յայտնէ մարմինին...

Մամլոյ Լսարան Թիւ 156. Սեւրի  Դաշնագիրի 100-Ամեակին Ընդառաջ.  Դոկտ. Արմէն Մարուքեան Դասախօսեց «Պահանջատիրութեան  Պատմաիրաւական Հիմքերը» Խորագրեալ Նիւթին Մասին

Մամլոյ Լսարան Թիւ 156. Սեւրի Դաշնագիրի 100-Ամեակին Ընդառաջ. Դոկտ. Արմէն Մարուքեան Դասախօսեց «Պահանջատիրութեան Պատմաիրաւական Հիմքերը» Խորագրեալ Նիւթին Մասին

«Ազդակ»-ի խմբագրութեան կազմակերպած մամլոյ լսարաններու ծիրին մէջ, երէկ` հինգշաբթի, 16 յունուար 2020-ի երեկոյեան, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ մամլոյ 156-րդ լսարանը` Սեւրի պայմանագիրի եւ Ուիլսընի Իրաւարար վճիռի 100-ամեակին առիթով  կազմակերպուած` «Պահանջատիրութեան պատմաիրաւական հիմքերը» խորագրեալ նիւթին շուրջ: Ձեռնարկին բացումը կատարեց «Ազդակ»-ի պատասխանատու խմբագիրներէն Ժագ Յակոբեան, որ սեղմ տողերու մէջ անդրադարձաւ Սեւրի դաշնագիրի պատմական իմաստին եւ իրաւական արժէքին: «Այս տարի կը...

Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Բաժանմունքը 170 Հազար Ամերիկեան Տոլար Կը Յատկացնէ Լիբանանի Հայկական Դպրոցներուն

Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Բաժանմունքը 170 Հազար Ամերիկեան Տոլար Կը Յատկացնէ Լիբանանի Հայկական Դպրոցներուն

Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Բաժանմունքը170 հազար ամերիկեան տոլարի գումար մը կը յատկացնէ Լիբանանի մէջ գործող 18 դպրոցներուն: Այս նուիրատուութեան ծիրէն ներս, նպաստ մը կը տրամադրուի նաեւ յատուկ կարգավիճակ ունեցող երեխաներ հոգացող Թռչնոց Բոյն հաստատութեան: Անցնող քանի մը ամիսներուն ընթացքին Լիբանանը կրկին անգամ յայտնուեցաւ քաղաքական, ընկերային եւ տնտեսական ծանր վիճակի մէջ: Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Բաժանմունքը մօտէն հետեւեցաւ եւ կը շարունակէ...

Page 461 of 797 1 … 460 461 462 … 797

Արխիւներ