Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դաշնակցութեան Թեկնածուները Հանդիպում Ունեցած Են Արցախի Պետական Համալսարանի Դասախօսական Անձնակազմին Եւ Ուսանողներուն Հետ

Մարտ 13, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հինգշաբթի, 12 մարտին Դաշնակցութեան կողմէ նախագահի թեկնածու առաջադրուած Դաւիթ Իշխանեան, պատգամաւորի թեկնածուներ Վահրամ Բալայեան, Արմէն Սարգսեան եւ Լեռնիկ Յովհաննիսեան նախընտրական քարոզարշաւի շրջագիծին մէջ հանդիպում ունեցած են Արցախի պետական համալսարանի դասախօսական անձնակազմին եւ ուսանողութեան հետ:

Մինչ հանդիպումը, Դաշնակցութեան թեկնածուները Արցախի պետական համալսարանի նախագահ Արմէն Սարգսեանի ընկերակցութեամբ ծաղիկներ զետեղած են արցախեան ազատամարտին զոհուած ուսանողներու յուշակոթողի պատուանդանին եւ յարգանքի տուրք մատուցած:

Դաշնակցութեան թեկնածուները նախ ներկայացուցած է համալսարանի նախագահ Արմէն Սարգսեանը` նշելով, որ իր գոյութեան 130 տարիներուն ընթացքին ՀՅԴ-ն ազգանպաստ գործունէութիւն ծաւալած է` իր զգալի ներդրումը ունենալով նաեւ արցախեան ազատագրական պատերազմին մէջ յաղթանակի կերտման եւ պետականաշինութեան գործին մէջ:

ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ, պատգամաւորի թեկնածու Վահրամ Բալայեան իր խօսքին մէջ անդրադարձած է Դաշնակցութեան գաղափարախօսութեան ու սկզբունքներուն, որոնք արդիական են նաեւ աշխարհաքաղաքական ներկայ բարդ ժամանակահատուածին մէջ:

Ըստ Վ. Բալայեանի, արդի ներքին եւ արտաքին մարտահրաւէրներուն դիմակայելու յանձնառութեամբ ու պատասխանատուութեամբ պայմանաւորուած է Դաշնակցութեան որոշումը` ընտրութիւններուն մասնակցելու նախագահի սեփական թեկնածուով: Ներկայացնելով Արցախի նախագահի թեկնածու Դաւիթ Իշխանեանը` Վ. Բալայեան շեշտեց, որ ան օժտուած է ռազմական, քաղաքական եւ պետական գործիչի անհրաժեշտ ունակութիւններով ու անկոտրում բնաւորութեամբ:

Իր խօսքին մէջ, ներկայացնելով Դաշնակցութեան նախընտրական ծրագիրի դրոյթները, նախագահի թեկնածու Դ. Իշխանեան անդրադարձած է այն բարեփոխումներուն ու խնդիրներու լուծման տեսլականին, որոնք կը վերաբերին Արցախի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան, ընկերային-տնտեսական, առողջապահական, կրթամշակութային եւ երիտասարդական բնագաւառներուն:

Այնուհետեւ Արցախի պետական համալսարանին մէջ տեղի ունեցած նախընտրական հանդիպումը ընթացած է հարցուպատասխանի ձեւաչափով, որուն ընթացքին ներկաները Դաշնակցութեան թեկնածուներէն հետաքրքրուած են ՀՅԴ-ի ընկերվարական գաղափարախօսութեան առանձնայատկութիւններով, արցախեան տագնապի լուծման, անվճար համալսարանական կրթութեան անցնելու պարագային` խնդիրներու հաւանականութեան ու երիտասարդութեան ներուժի ինքնադրսեւորման վերաբերեալ անոնց տեսլականով:

 

Նախորդը

75 Քոնկրեսական Պահանջած Են Աւելի Քան 100 Միլիոն Տոլար Օժանդակութիւն Տրամադրել Հայաստանին Եւ Արցախին

Յաջորդը

Հայաստանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը Կը Բարձրանայ. Հայաստանի Կրթական Բոլոր Հաստատութիւնները Փակ Յայտարարուեցան

RelatedPosts

Ռուսիա – Ուքրանիա Հանդիպումը Պուտափեշթի,  Ժընեւի, Մինսքի Եւ Մոսկուայի Մէջ Կատարելու Առաջարկներ
Գլխաւոր լուրեր

Ռուսիա – Ուքրանիա Հանդիպումը Պուտափեշթի, Ժընեւի, Մինսքի Եւ Մոսկուայի Մէջ Կատարելու Առաջարկներ

Օգոստոս 21, 2025
Լաւրով. «Մոսկուան Զօրակցութիւն Կը Յայտնէ  Ուքրանական Տագնապի Արմատական Պատճառներէն  Ձերբազատուելու Անհրաժեշտութեան Վերաբերեալ  Ամերիկեան Տեսլականին»
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով. «Մոսկուան Զօրակցութիւն Կը Յայտնէ Ուքրանական Տագնապի Արմատական Պատճառներէն Ձերբազատուելու Անհրաժեշտութեան Վերաբերեալ Ամերիկեան Տեսլականին»

Օգոստոս 21, 2025
Ռուսական Բանակը Ուքրանիոյ  Արեւելքին Մէջ Երեք Գիւղեր Գրաւեց
Գլխաւոր լուրեր

Ռուսական Բանակը Ուքրանիոյ Արեւելքին Մէջ Երեք Գիւղեր Գրաւեց

Օգոստոս 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?