Գլխաւոր լուրեր

Դաւիթ Իշխանեանի Նախագահութեամբ`  «Արցախ – Աւստրալիա» Բարեկամութեան  Շրջանակի Անդամներու Հանդիպում

Դաւիթ Իշխանեանի Նախագահութեամբ` «Արցախ – Աւստրալիա» Բարեկամութեան Շրջանակի Անդամներու Հանդիպում

24 յունուարին Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովին մէջ տեղի ունեցաւ «Արցախ-Աւստրալիա» բարեկամութեան շրջանակի անդամներու հանդիպումը` Դաւիթ Իշխանեանի նախագահութեամբ: Նիստին բացումը կատարելով` Դաւիթ Իշխանեան ներկաները շնորհաւորեց անցած տօներուն առիթով: Այնուհետեւ ներկայացուց հանդիպման նպատակը, որ պայմանաւորուած էր երկու հանգամանքով: «26 յունուարին Աւստրալիոյ ազգային տօնն է` պետականութեան օրը: Երկրորդ հանգամանքը` վերջին շրջանին Աւստրալիոյ մէջ տեղի ունեցող բնական աղէտները: Մեր երկրի իւրաքանչիւր քաղաքացի ցաւով կը...

Նաղդալեան. «ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի  Համանախագահները Հայաստանի Հանրապետութեան  Եւ Ազրպէյճանի Արտաքին Գործոց Նախարարներու  Հանդիպումի Առաջարկ Ներկայացուցած Են»

Աննա Նաղդալեան. «Արցախը Որեւէ Պարագայի Չի Կրնար Ազրպէյճանի Կազմին Մէջ Ըլլալ»

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ բանբեր Աննա Նաղդալեան պատասխանեց Պաքուի հակահայկական ջարդերուն 30-րդ տարելիցին պատճառով Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ ծագած բարկութեան, որուն արձագանգն էին յատկապէս արտաքին գործոց նախարարութիւնը եւ նախագահին օգնականը: Աննա Նաղդալեան նախ ընդգծեց, որ Պաքուի հակահայկական ջարդերուն 30-րդ տարելիցին առիթով Երեւանի մէջ կազմակերպուեցան շարք մը ձեռնարկներ, որոնց արձագանգեց միջազգային մամուլը, որ մինչեւ օրս կը շարունակէ լոյս ընծայել բազմաթիւ հրապարակումներ,...

Գահաժառանգ Չարլզ Իշխանը Այցելած Է  Բեթղեհէմի Հայկական Եկեղեցին

Գահաժառանգ Չարլզ Իշխանը Այցելած Է Բեթղեհէմի Հայկական Եկեղեցին

24 յունուարին Բրիտանիոյ գահաժառանգ Չարլզ իշխանը այցելած է Բեթղեհէմի Ս. Ծննդեան տաճարի հայկական եկեղեցի: Զայն դիմաւորած է Երուսաղէմի հայոց պատրիարքութեան լուսարարապետ Սեւան արք. Ղարիպեան: Այս մասին Դիմատետրի էջով կը յայտնէ Երուսաղէմի հայոց պատրիարքարանի դիւանապետ Յովնան Պաղտասարեան: Այցելութեան առիթով Երուսաղէմի հայոց պատրիարքութեան անունով գահաժառանգ Չարլզ իշխանին լուսարարապետ սրբազանը նուիրած է հայկական յախճապակեայ ափսէ: Սրբազան հայրը նաեւ խօսած է Սուրբ Երկրին մէջ...

Յ. Բագրատունի Այցելեց  Հանրապետութեան Նախագահին

Յ. Բագրատունի Այցելեց Հանրապետութեան Նախագահին

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ այցելեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս երկրին դիմագրաւած տնտեսական, ելեւմտական եւ ընկերային տագնապներն ու զանոնք կարելի եղածին չափ արագ լուծելու կարեւորութիւնը: Երեսփոխան Բագրատունի նշեց, որ հակառակ որոշ դիտողութիւններու, պէտք է առիթ տալ նորակազմ կառավարութեան եւ երկրին դիմագրաւած ելեւմտական տագնապին, տնտեսական ու...

Երեսփոխան Բագրատունի Կոչ Ուղղեց Բոլորին  Նորակազմ Կառավարութեան Տալու  3-4 Ամսուան Աշխատանքի Առիթ Մը

Երեսփոխան Բագրատունի Կոչ Ուղղեց Բոլորին Նորակազմ Կառավարութեան Տալու 3-4 Ամսուան Աշխատանքի Առիթ Մը

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ` ուրբաթ, 24 յունուար 2020-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, հարցազրոյց մը ունեցաւ «Մանար» պատկերասփիւռի կայանին հետ: Հարցազրոյցին ընթացքին երեսփոխան Բագրատունի անդրադարձաւ նաեւ երկրին դիմագրաւած տնտեսական եւ ընկերային տագնապին` հաստատելով, որ ժողովուրդին պահանջները արդար են, եւ պէտք է անսալ անոնց ու զանոնք գործադրելու միջոցներ գտնել: Յ. Բագրատունի կոչ ուղղեց բոլորին...

Փաշինեան Եւ Սթեֆ Պլոք Քննարկեցին  Հայ-Նետրլանտական Յարաբերութիւններու  Զարգացման Հեռանկարները

Փաշինեան Եւ Սթեֆ Պլոք Քննարկեցին Հայ-Նետրլանտական Յարաբերութիւններու Զարգացման Հեռանկարները

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան 23 յունուարին ընդունեց պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստան գտնուող Նետրլանտներու (Հոլանտա)  արտաքին գործոց նախարար Սթեֆ Պլոքի գլխաւորած պատուիրակութիւնը: Փաշինեան վստահութիւն յայտնեց, որ այս այցելութիւնը նոր ազդակ պիտի հաղորդէ հայ-նետրլանտական յարաբերութիւններու հետագայ զարգացման ու ընդլայնման: Կարեւոր նկատելով բարձրաստիճան փոխադարձ այցելութիւններու կազմակերպումը` վարչապետ Փաշինեան աւելցուց, որ այս տարի կը նախատեսուի նաեւ իր պաշտօնական այցելութիւնը Նետրլանտներ, ինչ որ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատումէն...

Իշխան Սաղաթէլեան. «Երկրին  Մէջ Քաոսային Վիճակներ Կան»

Իշխան Սաղաթէլեան. «Երկրին Մէջ Քաոսային Վիճակներ Կան»

«Մեր երկրին մէջ քաոսային իրավիճակներ կան: Վերջին շրջանի սպանութիւնները կամ ինքնասպանութիւնները այս շրջագիծին մէջ են, իսկ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան նախկին տնօրէն Գէորգի Կուտոյեանի մահը մէկ տարուան  ընթացքին երկրին մէջ ատելութեան, բաժանարար գիծեր քաշելու, հասարակութիւնը սեւերու եւ սպիտակներու բաժնելու արդիւնքն է», այս մասին 24TV-ի «Հարցազրոյց» հաղորդման ընթացքին ելոյթ ունենալով ըսած է ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան: Անոր համաձայն, եթէ...

Ձերբակալութեան Սպառնալիք`  Էլենի Թէոխարուսի Նկատմամբ

Ձերբակալութեան Սպառնալիք` Էլենի Թէոխարուսի Նկատմամբ

Կիպրոսի Հայ դատի յանձնախումբը երէկ հրապարակած է հետեւեալ հաղորդագրութիւնը. «Ազրպէյճանի բռնատիրական վարչակարգը, հաւատարիմ մնալով իր բիրտ ու դաժան գործելաոճին, քաղաքական գործիչ, Կիպրոսի «Ալիլլենկիի» կուսակցութեան նախագահ եւ Հայ դատի բարեկամ դոկտ. Էլենի Թէոխարուսը ձերբակալելու եւ արտայանձնելու դիմում ներկայացուցած է Կիպրոսի իշխանութիւններուն: 2015-ին նոյն անհիմն սադրանքով Պաքուն դիմած էր «Ինթըրփոլ»-ին` ձերբակալելու եւ Պաքու արտայանձնելու դոկտ. Էլենի Թէոխարուսը, այն ամբաստանութեամբ, որ ան հակաօրինական...

Դաւիթ Իշխանեանը Շնորհաւորած Է  Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեանը` Նախարարի  Պաշտօնին Նշանակուելու Առիթով

Դաւիթ Իշխանեանը Շնորհաւորած Է Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեանը` Նախարարի Պաշտօնին Նշանակուելու Առիթով

ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեան դիմատետրի իր էջով գրառում կատարած է` Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան հարցերու նոր նշանակուած նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեանին հետ ունեցած հեռաձայնային հաղորդակցութեան մասին: «Երէկ երեկոյեան հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցայ Լիբանանի Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան հարցերու նոր նշանակուած նախարար Վարդինէ Օհանեանին հետ: Շնորհաւորեցի զինք Լիբանանի համար զգայուն ժամանակաշրջանի մը այդ կարեւոր մարզի  պատասխանատուութիւնը անոր վստահելու առիթով: Տիկին Օհանեանը...

Նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեանի  Այցելութիւնը` ՄԱՀԱԵՄ- Նախագահին

Նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեանի Այցելութիւնը` ՄԱՀԱԵՄ- Նախագահին

Հինգշաբթի, 23 յունուար 2020-ին, Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան նախագահ վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեան ընդունեց Լիբանանի նոր նշանակուած Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեանը` ՄԱՀԱԵՄ-ի կեդրոնատեղիին մէջ, ընկերակցութեամբ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի: Վեր. Գարակէօզեան շնորհաւորեց նախարարը իր նշանակումին համար` յիշելով, թէ ամէն բանէ վեր ծառայութիւն մըն է Լիբանանին եւ սիրոյ պարտք մըն է հայ ժողովուրդին կողմէ` զայն...

Մամլոյ Լսարան Թիւ 157.  Դոկտ. Խաչատուր Ստեփանեան Դասախօսեց  «Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան Վերաբերող Նիւթեր`  Ազգային Արխիւին Մէջ» Խորագրեալ Նիւթին Մասին

Մամլոյ Լսարան Թիւ 157. Դոկտ. Խաչատուր Ստեփանեան Դասախօսեց «Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան Վերաբերող Նիւթեր` Ազգային Արխիւին Մէջ» Խորագրեալ Նիւթին Մասին

Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան առնչուող նիւթերու վերարծարծման եւ քննարկման ծիրին մէջ, երէկ` հինգշաբթի, 23 յունուար 2020-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ մամլոյ 157-րդ լսարանը: Ձեռնարկին բացումը կատարեց «Ազդակ»-ի պատասխանատու խմբագիրներէն Ժագ Յակոբեան, որ ողջունելէ ետք ներկաները ամփոփ գիծերու մէջ ներկայացուց օրուան քննարկումի խորագիրը: «Տակաւին կը գտնուինք Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հիմնադրութեան 100-ամեակի նշումներու շրջագիծին մէջ», ըսաւ Յակոբեան` խիստ...

Խորհրդակցական Հանդիպում-Քննարկում`  Արցախի Մէջ Տեղի Ունենալիք  Ընտրութիւններուն Շուրջ

Խորհրդակցական Հանդիպում-Քննարկում` Արցախի Մէջ Տեղի Ունենալիք Ընտրութիւններուն Շուրջ

ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէին հրաւէրով 22 յունուարին ՀՅԴ Ստեփանակերտի «Նիկոլ Դուման» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ խորհրդակցական հանդիպում-քննարկում` նուիրուած Արցախի մէջ յառաջիկային տեղի ունենալիք նախագահական եւ խորհրդարանական ընտրութիւններու նախապատրաստական աշխատանքներուն: Խորհրդակցութեան մասնակցեցան ՀՅԴ Բիւրոյի նախագահ Արմէն Ռուստամեան, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Սպարտակ Սէյրանեան, Արցախի Ազգային ժողովի «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան պատգամաւորներ, ՀՅԴ պետական պաշտօնեաներ եւ ՀՅ Դաշնակցութեան շրջանային կառոյցներու պատասխանատուներ: ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի...

Պաապտայի Մէջ .  Նախագահ Աուն Ընդգծեց Տնտեսական Տագնապին  Լուծումն Ու Լիբանանի Նկատմամբ Միջազգային   Ընտանիքին Վստահութեան Ամրապնդումը

Պաապտայի Մէջ . Նախագահ Աուն Ընդգծեց Տնտեսական Տագնապին Լուծումն Ու Լիբանանի Նկատմամբ Միջազգային  Ընտանիքին Վստահութեան Ամրապնդումը

Ազգային Փրկութեան Կառավարութիւնը Գումարեց Իր Անդրանիկ Նիստը Կառավարութեան պաշտօնական լուսանկարը առնուեցաւ երէկ առաւօտեան ժամը 10:30-ին` ներկայութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ վարչապետ Հասսան Տիապի: Նախքան լուսանկարուիլը, Պաապտայի մէջ իշխանութեան երեք պետերուն միջեւ կայացաւ կարճ հանդիպում մը: Կառավարութեան լուսանկարուելու արարողութենէն ետք, Պըրրի մեկնեցաւ նախագահական պալատէն, իսկ կառավարութիւնը` նախագահութեամբ նախագահ Աունի եւ ներկայութեամբ վարչապետ Տիապի, գումարեց իր...

Բագրատունի. «Համահայկական Օրակարգը Իսկապէ՛ս Համահայկական Տարողութիւն Պէտք Է Ունենայ»

Ժողովուրդին Վստահութիւնը` Խորհրդարանի Վստահութենէն Առաջ

Յ. ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ Իւրաքանչիւր օր, որ կառավարութեան կազմութիւնը կ՛ուշանար, Լիբանանն ու լիբանանցի քաղաքացին իրենց հացէն ու արիւնէն կը վճարէին բարձր եւ անհատուցանելի գին: Մէկ ամիս տեւեց կառավարութեան կազմութեան քաշքշուքը: Ժողովրդային շարժումի արդար պահանջներն ու անկեղծ ցաւի եւ ցասումի արտայայտութիւնները անտեսող քաղաքական վերնախաւը ժամանակի կը կարօտէր թերեւս ըմբռնելու, որ Լիբանանի ժողովուրդը այլեւս ետդարձի ճամբայ չունի եւ կը մերժէ անցեալի փորձառութենէն բխող խոստումներ, մօրուք...

«Մենք Չենք Նկատեր, Որ Լիբանանի Հայ Համայնքը  Իր Դիրքերէն Զիջած Է Կամ Տկարացած»  Շեշտեց Երեսփոխան Բագրատունի

«Մենք Չենք Նկատեր, Որ Լիբանանի Հայ Համայնքը Իր Դիրքերէն Զիջած Է Կամ Տկարացած» Շեշտեց Երեսփոխան Բագրատունի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի «Ժամը» լրատուամիջոցին հետ երկու իրերայաջորդ օրերու ընթացքին ունեցաւ կարճ հարցազրոյցներ, որոնց  ընթացքին ան անդրադարձաւ Լիբանանի կացութեան: Նախանցեալ օրուան հարցազրոյցին ընթացքին Յ. Բագրատունի հաստատեց, որ Լիբանանը թաւալգլոր դէպի անդունդ կ՛ուղղուի, եւ երբ երկինքը փուլ գայ, բոլորին վրայ է, որ փուլ պիտի գայ. թէ՛ ժողովուրդին, որ ահռելի դժուար օրերու մէջ...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Հայ Համայնքի  Նոր Նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեանը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Հայ Համայնքի Նոր Նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեանը

Չորեքշաբթի, 22 յունուար 2020-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին այցելեց Լիբանանի նոր կառավարութեան մէջ հայ համայնքի ներկայացուցիչ Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան` ընկերակցութեամբ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիին: Վեհափառ հայրապետը իր շնորհաւորութիւնը եւ օրհնութիւնը փոխանցեց նոր նախարարին: Հանդիպում` Գրիգոր Պետրոս Ի. Հոգեւոր Տիրոջ Հետ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս պատրիարքը չորեքշաբթի, 22 յունուար 2020-ին, ընդունեց   Լիբանանի նորակազմ կառավարութեան մէջ...

Նախագահ Արմէն Սարգսեան Մասնակցեցաւ  Տաւոսի Համաշխարհային  Տնտեսական Համաժողովի Բացման

Նախագահ Արմէն Սարգսեան Մասնակցեցաւ Տաւոսի Համաշխարհային Տնտեսական Համաժողովի Բացման

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան Զուիցերիոյ Տաւոս քաղաքին մէջ մասնակցեցաւ Համաշխարհային տնտեսական համաժողովի բացման, որ այս տարի տեղի ունեցաւ «Շահագրգիռ կողմերը` յանուն աշխարհի համախմբման եւ կայունութեան» խորագիրով: Իր գործունէութեան 50 տարիներուն Տաւոսի տարեկան հանդիպումը դարձած է աշխարհի ամէնէն ազդեցիկ բարձր մակարդակի հաւաքներէն մէկը, որ ամէն տարի կը համախմբէ պետութիւններու, կառավարութիւններու, միջազգային կազմակերպութիւններու ղեկավարներ, գործարար հանրութեան ներկայացուցիչներ ու հեղինակաւոր փորձագէտներ` քննարկելու...

Իշխան Սաղաթէլեան. «Ստեղծուած  Լարուածութեան Պատճառը Իշխանութիւններուն  Հակասական, Չկշռադատուած  Գործողութիւններն Են»

Սաղաթէլեան. «Եթէ Սահմանադրութեան Փոփոխութիւններ Ըլլան, Նախ Եւ Առաջ Պէտք Է Վարչապետի Լիազօրութիւնները Կրճատուին»

«Թերթ»-ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան` անդրադառնալով Սահմանադրական բարեփոխումներու մասնագիտական յանձնախումբ ստեղծելուն, ըսաւ, որ եթէ սահմանադրական փոփոխութիւններ ըլլան, նախ եւ առաջ պէտք է վարչապետին լիազօրութիւնները կրճատուին, բայց հաշուի առնելով այս իշխանութիւններուն ձեռագիրը` իրենց փոփոխութիւնները միտուած պիտի ըլլան իշխանութեան յաւելեալ ամրապնդման: Պատասխանելով այն հարցումին, որ ի՞նչ է նպատակը Սահմանադրական փոփոխութիւններուն համար յանձնախումբի ստեղծման` Սաղաթէլեան ըսաւ....

Վարչապետ Տիապ Կազմեց 20 Հոգինոց Մասնագէտներու  Կառավարութիւն, Որ Դիմաւորուեցաւ Բողոքի Ցոյցերով.  Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան` Երիտասարդութեան  Եւ Մարմնակրթութեան Նախարար

Վարչապետ Տիապ Կազմեց 20 Հոգինոց Մասնագէտներու Կառավարութիւն, Որ Դիմաւորուեցաւ Բողոքի Ցոյցերով. Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան` Երիտասարդութեան Եւ Մարմնակրթութեան Նախարար

17 հոկտեմբերին ընթացք առած ժողովրդային շարժումին հիմնական պահանջներէն մէկը իրականացաւ երէկ` 21 յունուար 2020-ին, երբ կազմուեցաւ վարչապետ Հասսան Տիապի գլխաւորած մասնագէտներէ բաղկացած կառավարութիւնը, բայց եւ այնպէս, կազմութեան յայտարարութենէն առաջ եւ անկէ ետք լիբանանեան տարբեր շրջաններուն մէջ ցուցարարները մերժեցին այս կառավարութիւնը եւս` յայտարարելով, որ անիկա իրենց փափաքածը չէ եւ զիրենք չի ներկայացներ: Արդարեւ, 21 յունուարի երեկոյեան ժամը շուրջ 8:30-ին կառավարութեան կազմութեան...

Ամէն Գնով Կազմել Կառավարութիւնը.  Յայտարարեց Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի

Ամէն Գնով Կազմել Կառավարութիւնը. Յայտարարեց Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի

«Օ. Թի. Վի.»-ի տուած հարցազրոյցին ընթացքին, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի յայտարարեց, որ այս փուլին ո՛չ համայնքներու չափաբաժինը, ո՛չ նախարարներու թիւը, ո՛չ ալ նախարարական պաշտօնները կարեւոր են: Անհրաժեշտ է անյապաղ կազմել կառավարութիւնը, ամէն գնով: Այս մեկնակէտով ալ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն ամէն ճիգ ի գործ կը դնէ` դիւրացնելու համար կառավարութեան կազմութիւնը:

Page 460 of 797 1 … 459 460 461 … 797

Արխիւներ