Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Ռուսիոյ վարչապետ Միխայիլ Միշուսթինի հետ: Այս մասին յայտարարեց Նիկոլ Փաշինեան 10 մարտին Կապան քաղաքին մէջ տեղի ունեցած հանրահաւաքին ընթացքին:
«Ես այս ընթացքին հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցայ Ռուսիոյ վարչապետ Միշուսթինի հետ: Մենք քննարկեցինք համաշխարհային շուկային տնտեսութեան մէջ տեղի ունեցող գործընթացներուն մէջ մեր ընելիքները», ըսաւ Փաշինեան: