Մայիլեան Կը Պնդէ` Անհրաժեշտ Է Վերականգնել Բանակցային Գործընթացի Լիարժէք Եռակողմ Ձեւաչափը
Արցախի արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեան 2019-ն արդիւնաւէտ կը նկատէ առաջադրուած նպատակներու իրականացման առումով. «Ո՛չ միայն շարունակուած են ջանքերը` Արցախի առկայ միջազգային կապերու ամրապնդման, այլեւ քայլեր ձեռնարկուած են` ընդլայնելու Արցախի միջազգային համագործակցութեան աշխարհագրութիւնը», ասուլիսին յայտարարեց Մայիլեան: Նախարար Մասիս Մայիլեան անդրադարձած է նաեւ ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ լուծման գործընթացին` նշելով, որ Արցախի միջազգային ճանաչման, միջազգային գործընթացներուն մէջ անոր ներգրաւուածութեան ընդլայնման եւ տագնապի...




















