Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Երեւանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրի Երեք Նոր Դէպք

March 12, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան դիմատետրի վրայ գրառում կատարեց եւ տեղեկացուց, որ Հայաստանի մէջ նոր «Քորոնա» ժահրի երեք նոր պարագայ արձանագրուած է: Երկուքը Հայաստանի քաղաքացի են` (45 եւ 27 տարեկան), մէկը` Իտալիոյ (51 տարեկան), որ կ՛աշխատի Հայաստանի մէջ: Երեքն ալ եկած են Իտալիայէն:

Ներկայիս կ՛ուսումնասիրուի, թէ անոնք որո՛ւ հետ կապի մէջ մտած են, որպէսզի այդ անհատները եւս մեկուսացուին:

«Կանխատեսելով քննադատութիւնները, թէ ինչո՛ւ Իտալիայէն թռիչքները դադրեցնելու որոշում չտուինք, ըսեմ, որ նման կարելիութիւն քանի մը անգամ քննարկած ենք եւ եկած ակնյայտ եզրակացութեան, որ հաւանական վարակակիրները կրնան Հայաստան գալ Իտալիոյ դրացի երկիրներէ` Ֆրանսա, Աւստրիա, քանի որ Եւրոպական Միութեան մէջ  սահմանափակումներ չեն կիրարկուիր:

«Այսինքն` նոյն տրամաբանութեամբ պիտի փակէինք եւրոպական միւս ուղղութիւնները նոյնպէս, մանաւանդ որ նոր «Քորոնա» ժահրը  կը տարածուի նաեւ եւրոպական այլ երկիրներու մէջ: Հիմա օդանաւային ընկերութիւնները իրենք որոշած են դադրեցնել թռիչքները Իտալիայէն», գրեց Փաշինեան:

Ան նաեւ տեղեկացուց, որ «Կոլտըն փալաս»-ի ժողովուրդը եւ առաջին յայտնաբերուած վարակակիրը լաւ են, գանգատ չունին:

«Սիրելի՛ հայրենակիցներ, կը խնդրեմ պահպանել հանգստութիւնը եւ պահպանել «Քորոնա» ժահրի կանխարգիլման միջոցներուն վերաբերեալ առողջապահութեան նախարարութեան խորհուրդները», ըսաւ վարչապետ Փաշինեան:

Նախորդը

Վահրամ Բալայեան. «Պէտք Է Պատրաստ Ըլլալ Ռազմական Գործողութիւններու»

Յաջորդը

Ազրպէյճան Կը Ջնջէ Դաւիթ Գարեջիի Վրացական Հետքերը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային,  Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային, Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է

October 27, 2026
Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան  Ընտրութիւններուն Նախօրեակին.  Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ  Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան Ընտրութիւններուն Նախօրեակին. Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու

October 27, 2026
Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական  Պատուհանը Չփակեց»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական Պատուհանը Չփակեց»

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.