Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մնացականեան. «Եւրոպական Միութեան Հետ Ձեւաւորուած Է Բաւական Ընդգրկուն Համագործակցութիւն»

March 10, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պրիւքսելի մէջ հայ լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան յայտնեց, որ Եւրոպական Միութեան հետ Հայաստան ունի չափազանց ընդարձակ օրակարգ, որ կը վերաբերի թէ՛ Հայաստանի ներքին բարեփոխումներուն եւ թէ՛ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն համաձայնագիրի իրականացման:

«Եւրոպական Միութիւնը բաւական լուրջ օգնութիւն կը տրամադրէ  Հայաստանին տարբեր ոլորտներու մէջ մեր բարեփոխումներուն համար: Այն 65 միլիոն եւրոն, որ տրամադրուած է 2019-ի համար, արդէն ունի իր բաշխման ուղղութիւնները, եւ այս համագործակցութիւնը կը շարունակուի: Մենք օրակարգի վրայ ունինք հարցեր, որոնք կը վերաբերին մուտքի արտօնագիրներու ազատականացման հոլովոյթին, կան շրջանային հարցեր, կան հարցեր, որոնց շուրջ Եւրոպական Միութեան հետ ձեւաւորուած է բաւական ընդգրկուն համագործակցութիւն: Այս շրջանին Հայաստանի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ ձեւաւորուած է շատ աշխուժ երկխօսութիւն, շատ աշխուժ յարաբերութիւններ Եւրոպական Միութեան ղեկավարութեան հետ», ընդգծեց նախարարը:

Ան կարեւոր նկատեց, որ հիմա կարելիութիւն ստեղծուեցաւ շարունակական պահելու Եւրոպական Միութեան հետ երկխօսութիւնը. «Մենք բաւարարուած ենք Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն համաձայնագիրի վաւերացման հոլովոյթէն. մնացած է 5 երկիր, որ պէտք է վաւերացնէ այդ համաձայնագիրը: Մենք շատ աշխուժ կ՛աշխատինք այդ երկիրներուն հետ»:

Անդրադառնալով նախկին իշխանութիւններու այն մտահոգութիւններուն, որ Ազրպէյճան մտադիր է այս տարի համաձայնագիր կնքել Եւրոպական Միութեան հետ, ուր Ղարաբաղին վերաբերող հատուածին մէջ պիտի կատարէ իրեն ձեռնտու ձեւակերպումներ, նախարար Մնացականեան շեշտեց, որ ասիկա նախկին, ներկայ կամ ապագայ իշխանութիւններու հարց չէ, այլ Հայաստանի հարցն է. «Ասիկա օրակարգային հարց է, կը վերաբերի շրջանին մէջ խաղաղութեան հոլովոյթին, որ տեղի կ՛ունենայ  միջազգայնօրէն ճանչցուած հարթակի` Մինսքի խմբակի համանախագահութեան շրջագիծին մէջ: Եւրոպական Միութիւնը եղած է եւ կը մնայ աջակից այդ հոլովոյթին: Մենք Եւրոպական Միութեան հետ ունինք մեր համաձայնագիրը, ուր արտացոլուած են մօտեցումները այս հարցին առնչութեամբ: Բնականաբար, կ՛ակնկալենք, որ այդ մօտեցումները կը վերաբերին ամբողջ շրջանին»:

 

 

Նախորդը

Դաշնակցութեան Թեկնածուներուն Հանդիպումները. Երկրորդ Օրը` Նոր Շահումեանի Շրջանին Մէջ

Յաջորդը

Վարչապետ Փաշինեան Եւ Շարլ Միշել Քննարկեցին Հայաստան – Եւրոպական Միութիւն Յարաբերութիւնները

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.