Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարչապետ Փաշինեան Եւ Շարլ Միշել Քննարկեցին Հայաստան – Եւրոպական Միութիւն Յարաբերութիւնները

March 10, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան աշխատանքային այցելութիւն կու տայ Պրիւքսել, ուր 9 մարտին հանդիպում ունեցաւ Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի հետ: Անոնք քննարկեցին Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններուն վերաբերող հարցերու լայն շրջանակ: Քննարկման առանցքը հանդիսացաւ Հայաստանի մէջ իրականացուող ժողովրդավարական բարեփոխումներու լայն օրակարգը:

Շ. Միշել ողջունեց վարչապետին այցելութիւնը եւ նշեց, որ անիկա լաւ առիթ է քննարկելու համագործակցութեան հետագայ քայլերը, որոնց կարգին` Հայաստանի ժողովրդավարական բարեփոխումներու արդիւնաւէտ իրականացումը:

Վարչապետը կարեւոր նկատեց Եւրոպական Միութեան կողմէ Հայաստանի բարեփոխումներուն աջակցութիւնը եւ վստահութիւն յայտնեց, որ Շ. Միշելի` Եւրոպական խորհուրդի նախագահի պաշտօնը ստանձնելէն ետք եւս Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն գործակցութիւնը կը շարունակէ արդիւնաւէտ ձեւով զարգանալ. «Եւրոպական Միութիւնը մեր բարեփոխումներու իրականացման հիմնական գործընկերն է, զանոնք իրականացնելու գործին մենք ամէն պահու զգացած ենք Եւրոպական Միութեան օգտակար աջակցութիւնը», շեշտեց Նիկոլ Փաշինեան:

Կողմերը պատրաստակամութիւն յայտնեցին աւելի եւս զարգացնելու Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն հետագայ համագործակցութիւնը, նաեւ` առեւտրական-տնտեսական կապերը:

Եւրոպական խորհուրդի նախագահը ընդգծեց կարեւորութիւնը Հայաստանի ընտրած բարեփոխումներու ուղիին եւ աւելցուց, որ Եւրոպական Միութիւնը պիտի շարունակէ աշխուժ ձեւով համագործակցիլ եւ աջակցիլ Հայաստանի հետ` ժողովրդավարական, որուն մէջ` դատաիրաւական ոլորտին մէջ բարեփոխումները կեանքի կոչելու համար:

Նիկոլ Փաշինեան եւ Շարլ Միշել միտքեր փոխանակեցին յունիսին Պրիւքսելի մէջ տեղի ունենալիք Արեւելեան գործընկերութեան յառաջիկայ վեհաժողովէն իրենց ակնկալութիւններուն շուրջ:

Վարչապետ Փաշինեան ընդգծեց, որ Հայաստանը հետեւողականօրէն պիտի ընթանայ ժողովրդավարութեան զարգացման ու զայն ամրապնդելու ուղղութեամբ` մարդու իրաւունքներու պաշտպանութիւնը եւ օրէնքի լիարժէք գերակայութիւնը ապահովելու նպատակով:

Նախորդը

Մնացականեան. «Եւրոպական Միութեան Հետ Ձեւաւորուած Է Բաւական Ընդգրկուն Համագործակցութիւն»

Յաջորդը

Մենենտես Պահանջած Է, Որ Թուրքիոյ Կողմէ «Էս-400»-ներու Գնումը Չնկատուի ՕԹԱՆ-ի Ծիրին Մէջ Անոր Պաշտպանական Ծախսերու Կատարում

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.