Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 10 մարտին Հատրութ քաղաքին մէջ գլխաւորեց աշխատանքային խորհրդակցութիւն` շրջանի վարչակազմի պատասխանատուներուն եւ համայնքներու ղեկավարներուն մասնակցութեամբ: Լուրը հաղորդեց Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութիւնը:
Քննարկուեցան շրջանի ընկերային-տնտեսական զարգացման առնչուող հարցեր:
Խորհրդակցութեան ներկայ էին պետական նախարար Գրիգորի Մարտիրոսեան, պաշտօնատար այլ անձեր: