Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Լիբանանն Ու Համատեղուած Տօները

March 11, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանեան քաղաքական եւ յատկապէս ֆինանսական ու տնտեսական պայմանները կարելի է ըսել խոչընդոտեցին թէ՛ Կիներու միջազգային օրուան եւ թէ՛ Ուսուցիչներու տօնին արժանավայել նշումները:

Կիներու միջազգային օրուան խորհուրդը ապրած էր հոլովոյթ. իրաւազրկումէն, կիներու իրաւանց պաշտպանութենէն հետզհետէ անցում կատարուած է սեռային իրաւահաւասարութեան սկզբունքի պաշտպանութեան, մինչ Ուսուցչաց օրը աշակերտ-ուսուցիչ դպրոցական տարիներու ժամանակով չսահմանափակուող տօնի վերածուած էր վաղուց` սորվելու եւ ուսանելու գործընթացին հետ երախտագիտութեան յաւերժացման միտումներով:

Խնդիրը այն է, որ Լիբանանի մէջ քաղաքացիներու իրաւազրկումը, աւելի ճիշդը` ամբողջ հասարակութեան մը իրաւազրկումը չի թոյլատրեր կարծէք, որ առանձնացուի կիներու իրաւունքներու պաշտպանութեան կամ սեռային իրաւահաւասարութեան ընկերաբանական սկզբունքներու արծարծումը:

Իրաւազրկումը համատարած է այստեղ, շահագործումը ամէնէն լայն ծաւալներով տարածական. իսկ շահագործման երեւոյթներու դէմ բողոքի դրսեւորումները ոչ թէ քաղաքացիական շարժումի, անհնազանդութեան, շատ պարագաներու այլ նոյնիսկ վայրագութեան տեսքով կ՛առարկայանայ այս երկրին մէջ: Իսկ այստեղ շահագործուած են, իրաւունքներ կորսնցուցած բոլորը` կիներ, տղամարդիկ, տարեցներ, երիտասարդներ, պատանիներ, երեխաներ…:

Գործազուրկները, աշխատավարձերը լրիւ չստացողները, դրամատան իրենց հաշիւներէն չկարենալ օգտուողները, կարիքաւորներէն մինչեւ գումարային թէ կալուածային ունեցուածքներով ուշադրութիւն գրաւողները իրաւազրկուած են այսօր: Լիբանանի դէմ կիրարկուող տնտեսական պաշարումը հաւասարապէս իրաւազրկած է բոլորը:

Այս պայմաններուն մէջ է, որ ընկերային յատուկ դասակարգումի պատկանող որեւէ խաւի իւրայատուկ իրաւազրկումը իր տեղը կը զիջի ընդհանուրին` այս պարագային ամբողջ քաղաքացիական հասարակութեան:

Այս պայմաններուն մէջ ուրեմն մարտ 8-ի ընկալումը այլ առաջադրանքներ կը շեշտէ: Կիները լիարժէք օգտագործելի մարդուժ են ճգնաժամի յաղթահարման տարբեր ծրագիրներու մշակման եւ գործադրութեան մէջ: Կիներուն ներկայացուածութիւնը գործող կառավարութեան մէջ աննախադէպ է: Նոյն մօտեցումով, պէտք է հետեւին հակաճգնաժամային ծրագիրներու մշակման եւ գործողութիւններու կիրարկման մէջ կիներու ներգրաւուածութեան քայլերը յատկապէս մասնագիտական առումներով:

Հակափտածութեան պայքարի, վարչակառավարման նոր դրութիւններու հաստատման, թափանցիկ եւ հաշուետու գործունէութեան մեքենականութեան ճշդումի, բայց նաեւ` քաղաքացիական շարժումի  առաջադրած պահանջներու բարձրաձայնման, իշխանութեան հետ բանակցելու, պահանջներու ամբողջութիւն եւ կիրարկելիութեան ժամանակացոյց ներկայացնելու աշխատանքներուն մէջ կիներու երեւումը, աշխուժութիւնը անպայման օգտակար կ՛ըլլան նուազող, սակայն տակաւին յամեցող կարծրատիպերու չէզոքացման համար:

Սեռային իրաւահաւասարութեան կայացումը անդարձ ուղի է: Այս պարագային եւ այս պայմաններուն մէջ երկկողմ` թէ՛ գործադիր իշխանութեան եւ թէ՛ քաղաքացիական շարժումի հարթութիւններուն վրայ որքա՛ն տեսանելի դառնայ կիներուն ներկայութիւնը, այնքան կ՛արդիւնաւորուին ընդհանրապէս իրաւազրկումի դէմ տարուող աշխատանքները:

Այս առաջադրանքները քաղաքացիական կրթութիւն կ՛ենթադրեն: Իսկ կրթութիւնը նախ եւ առաջ ծրագիր է, կրթակարգ է, բովանդակութիւն է եւ մանաւանդ մատուցում. արդի մեթոտաբանութեամբ մատուցում: Արդէն շեշտը կը դրուի այս պայմաններուն մէջ ուսուցիչի դերին վերաիմաստաւորման վրայ: Կաշառազերծ (կաշառակերի եւ կաշառատուի իմաստով) քաղաքացիի կրթութիւնը մեծաւ մասամբ կախեալ է ուսուցիչէն, պետական շահի գերադասման սկզբունքի իրագործման գործընթացը` նոյնպէս: Համալիբանանեան մտածողութեան ձեւաւորումը` անպայման: Գերիշխանութեան պահպանման համար անտեղիտալիութեան ամրագրումը` դարձեալ: Սեփական միացեալ պատմութեան դաւանումն ու կարեւորագոյն ժամանակահատուածներու իրազեկումը` բացարձակապէս:

Լիբանանը ունի հակաճգնաժամային ծրագիրներ մշակելու եւ գործադրելու հրամայական. կարճաժամկէտ եւ երկարաժամկէտ դրուածքներով: Համատեղ տօներու իմաստաւորման խորհուրդով` կիներ եւ ուսուցիչներ հիմնական դերակատար են այդ առաջադրանքներու առարկայացման գործընթացին մէջ:

Նախորդը

Վարչապետ Փաշինեան Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն Մը Ունեցաւ Ռուսիոյ Վարչապետին Հետ

Յաջորդը

Սուրիական Ընդդիմութեան Աջակցելու Ուաշինկթըն-Ռիատ Փոխհասկացողութիւն

RelatedPosts

Ակնարկ.  Վենեզուելան Ռազմահարթակ` Միացեալ  Նահանգներու Եւ Չինաստանի Միջեւ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Վենեզուելան Ռազմահարթակ` Միացեալ Նահանգներու Եւ Չինաստանի Միջեւ

January 9, 2026
Բուռն Բախումներ Հալէպի Կարգ Մը  Թաղամասերու Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Բուռն Բախումներ Հալէպի Կարգ Մը Թաղամասերու Մէջ

January 9, 2026
Սուրիա – Իսրայէլ Համաձայնութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Սուրիա – Իսրայէլ Համաձայնութիւն

January 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.