Հարաւարեւմտեան հատուածին մէջ տեղակայուած պաշտպանութեան նախարարութեան N զօրամասի պահպանութեան շրջանի մարտական դիրքին ուղղութեամբ 10 մարտին շուրջ ժամը 15:30-ին թշնամիին կողմէ արձակուած կրակոցներէն մահացու հրազէնային վնասուածք ստացած է պայմանագրային զինուորական ծառայող, շարքային Զոհրապ Գրիգորիի Սիանոսեան (1984-ի ծնունդ, Արարատի զ/կ):
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն յայտնեցին, որ դէպքին հանգամանքները պարզելու նպատակով կը կատարուի քննութիւն: